Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Կը Զգուշացնէ Ֆինլանտան

December 18, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին զգուշացուցած է Ֆինլանտան «խնդիրներէ», որոնք չէ յստակացուցած, եւ յայտնած է, որ հրահանգած է նոր ռազմական շրջան ստեղծել հիւսիսային այդ երկրի սահմանակից շրջաններուն մէջ:

Փութին «Ռոսիա-1» պատկերասփիւռի կայանի «Մոսկուա. Քրեմլին. Փութին» հաղորդման ժամանակ լրագրող Փաւել Զարուպինի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Ֆինլանտան ներքաշեցին ՕԹԱՆ-ի մէջ: Ինչ է, մենք Ֆինլանտայի հետ վէճե՞ր ունեցած ենք: Բոլոր վէճերը, ներառեալ տարածքային բնոյթի, 20-րդ դարու կէսերուն շատոնց լուծուած են»:

«Խնդիրներ չեն եղած: Հիմա պիտի ըլլան: Որովհետեւ մենք հիմա պիտի ստեղծենք Լենինկրատի զինուորական շրջան եւ այնտեղ պիտի կեդրոնացնենք որոշակի զինուորական ստորաբաժանումներ: Ատիկա անոնց ինչի՞ն պէտք է, պարզապէս անհեթեթութիւն մը», աւելցուցած է ան:

Ֆինլանտան վերջերս ամբողջութեամբ փակեց Ռուսիոյ հետ իր սահմանները: Հելսինքի կը պնդէ, որ Մոսկուան դիտումնաւոր կերպով կը քաջալերէ ապօրինի գաղթականները, գլխաւորաբար` Միջին Արեւելքի երկիրներէն, զանգուածաբար անցնելու սահմանը եւ Ֆինլանտայի մէջ ապաստան հայցելու:

Ֆինլանտան այս տարի դարձաւ ՕԹԱՆ-ի 31-րդ անդամը:

Փութին նաեւ «լիակատար անհեթեթութիւն» կոչած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի այն յայտարարութիւնը, թէ ռուսական զօրքերը կրնան ՕԹԱՆ-ի դէմ յարձակիլ:

Անոր կարծիքով` Պայտընի ըսածը ընդամէնը պատկերաւոր խօսք է` արդարացնելու Ռուսիոյ նկատմամբ սխալ քաղաքականութիւնը: Փութին ըսած է, որ Ռուսիան շահագրգռուած չէ կռուիլ ՕԹԱՆ-ի երկիրներուն հետ:

«Որեւէ մեծ երկրի նախագահ, ՕԹԱՆ-ի երկրի նախագահ եւ առաւել եւս` ՕԹԱՆ-ի միակ սեփականատէրը, իսկ Միացեալ Նահանգները ՕԹԱՆ-ի տէրն են, ատիկա իրենց յետնաբակն է, ՕԹԱՆ-ի ամբողջ կազմակերպութիւնը, չի կրնար չհասկնալ, որ Ռուսիան նման նպատակ չունի: Ո՛չ աշխարհաքաղաքական, ո՛չ տնտեսական, ո՛չ ռազմական շահագրգռուածութիւն կայ` ՕԹԱՆ-ի երկիրներուն հետ կռուելու, մենք անոնց նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունինք, ցանկութիւն չկայ փճացնելու անոնց հետ յարաբերութիւնները», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

Ընդհակառակը, անոր խօսքով, Ռուսիան շահագրգռուած է այդ երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումով:

Պայտըն վերջերս յայտարարած էր, որ Ուքրանիոյ մէջ իր նահատակներուն հասնելէ ետք Ռուսիան Փութինի որոշումով կրնայ յարձակիլ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու վրայ: Ան այս մասին ըսած էր Քոնկրեսի մէջ:

«Եթէ Փութին վերցնէ Ուքրանիան, ան կանգ պիտի չառնէ…, ան պիտի շարունակէ շարժիլ եւ յարձակիլ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներու վրայ», ըսած էր ան Քոնկրեսին:

Նախորդը

«3+3» Ձեւաչափի Դռները Տակաւին Բաց Են Վրաստանի Առջեւ

Յաջորդը

Սպիտակ Տուն. «Հիւսիսային Քորէայի Կողմէ Միացեալ Նահանգներու Վրայ Հիւլէական Որեւէ Յարձակում Քիմի Վարչակարգին Վախճանին Պիտի Յանգեցնէ»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.