Հայաստանի ճատրակի տղոց խումբի անդամ Հայկ Մարտիրոսեան ռափիտ ճատրակի Եւրոպայի ախոյեանութեան փոխախոյեան հռչակուեցաւ:
Զաղրեպի մէջ (Խրուաթիա) տեղի ունեցած այս մրցաշարքին, Հայկ Մարտիրոսեան առանց պարտութիւն կրելու, 11 կարելի կէտերէն 9 կէտ հաւաքեց` կէս կէտով ետ մնալով 23 տարեկան ծնունդով ռուս, այժմ սերպ կրանտ մասթըր Ալեքսի Սարանայէն, որ գրաւեց առաջին դիրքը:


