Լիբանանի Դ. դասակարգի Լեռնալիբանանի ախոյեանութիւնը սկսաւ շաբաթավերջին: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի խումբը, որ շատ լաւ ձեւով կը պատրաստուէր ամիսներէ ի վեր, շաբաթ երեկոյեան կատարեց իր առաջին մրցումը եւ 8-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց Ռիատի Պարժայի վրայ, նոյնիսկ առանց իր խմբապետ Յակոբ Նաճարեանի եւ Տիգրան Վարդանի, որ հիւանդ էր:
Արդարեւ, մարզիչ Յակոբ Տեմիրճեան շատ լաւ ձեւով պատրաստած կ՛երեւի խումբը, որ 4-ական կոլեր նշանակեց երկու կիսախաղերուն: ՀՄԸՄ Պէյրութի նախկին մարզիկներ Ալեք Ալճեան, Էլի Փիլաւճեան, Աւիկ Յարութիւնեան, Սերժ Օսքեան, Յովիկ Տիշչեքենեան, Փոլ Քաճոյեան, ինչպէս նաեւ բերդապահ Ահմետ Նասեր (անշուշտ Նաճարեանի եւ Տիգրան («Տիգօ») Վարդանի կողքին) միանալով ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտին, առաւել այլ տեղացի մարզիկներ եւ պաղեստինցի պաշտպան Ապըտ Սոնտոս, շատ լաւ մակարդակ ցուցաբերեցին:
8 կոլերը նշանակեցին Սերժ Օսքեան, Եուսեֆ Համատէ (2), Ապըտ Սոնտոս, Էլի Փիլաւճեան, Ֆատըլ Ռիտա, Ալի Ֆահս եւ Ժան-Փիեռ Սէուտ:
Կը գնահատենք Երջանիկ Մաքասճեանի աշխատանքը, որ յանձնախումբին հետ միասին ճիգ չի խնայեր խումբին բոլոր պէտքերուն հասնելու, որպէսզի մարզիչ Յակոբ Նաճարեանն ու իր օգնական Գէորգ Բարսեղեանը կրեց առաւելագոյնը տան խումբի պատրաստութիւններուն, որպէսզի մարզիկներն ալ ամէն գնով յաղթանակի ձգտին` բարձրանալով Գ. դասակարգ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Շարք խումբը: Նշենք, որ օր մը առաջ, 15 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի պատանիները 7-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էին Շարքի պատանիները: Քրիս Ժամալ (3), Վահագն Զարմէնեան (2) եւ Ժոզեֆ Հիժօ նշանակած էին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի պատանիներու կոլերը: Մրցումը տեղի ունեցած էր Շարքի դաշտին վրայ, ուր տեղի պիտի ունենայ նաեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի եւ Շարքի մեծերու ճակատումը: