Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչ Եւ Թէյթըմ Կը Շարունակեն

December 16, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճէյմս Հարտըն

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, մինչ յայտարարուեցաւ 73-րդ «Օլ Սթար»-ի մրցումի քուէարկութեան ժամանակաշրջանին մասին, ինչպէս նաեւ ճշդուեցաւ թուականը: Քուէարկութիւնը կը սկսի երեքշաբթի, 19 դեկտեմբերին եւ կ՛երկարի մինչեւ 20 յունուար 2024, առիթ տալով համակիրներուն, որ ընտրեն իրենց լաւագոյն 5 մարզիկները, 3 յարձակողական եւ 2 կարտեր զոյգ` արեւելեան թէ արեւմտեան շրջաններուն համար: Նշենք, որ համակիրներու քուէները կը ներկայացնեն 50 տոկոսը` ընդհանուր արդիւնքին, մինչ լրատուական միջոցները եւ այժմու մարզիկները 25-ական տոկոսը: 2024-ի «Օլ Սթար» մրցումը տեղի պիտի ունենայ 18 փետրուարին, Ինտիանափոլիսի մէջ:

Վերադառնալով երէկուան մրցումներուն, Տենվըր Նակեթց 124-101 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրուքլին Նեթցը: Նիքոլա Եոքիչ թրիփըլ տապըլ (տարեշրջանի 10-րդը) ձեռք ձգեց 26 կէտ, 15 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ կատարելով: Սփենսըր Տինուիտի 17 կէտ ձեռք ձգեց եւ 8 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Նեթցի, որ 11-րդ պարտութիւնը կրեց 24 մրցումներու ընթացքին:

Պոսթըն Սելթիքս մրցումի սկիզբէն մինչեւ աւարտ առիթ չտուաւ Քլիվլենտ Քեւելիրզին եւ 116-107 արդիւնքով յաղթեց: 12-րդ անգամ ըլլալով, Պոսթըն իր դաշտին վրայ պարտութիւն չէ կրած: Ճէյսըն Թէյթըմ 27 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ճէյլըն Պրաուն աւելցուց 22 կէտ ի նպաստ Սելթիքսի: Տոնըվըն Միչել 31 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Քլիվլենտի, որ 12-րդ պարտութիւնը կրեց 25 մրցումներու ընթացքին:

Հետաքրքրական մրցումի մը, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ իր յաջորդական 6-րդ մրցումին յաղթեց 121-113 արդիւնքով` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ յաղթանակէն ետք:

Տրէյմընտ Կրին, որ վերջին մրցումին վտարուելէ ետք (Ֆէօնիքսի դէմ այս տարեշրջանին 3-րդ վտարումը), երկար ժամանակով պիտի պատժուի: Առանց Կրինի Կոլտըն Սթէյթ բաւական պաշտպանողական հարցեր պիտի ունենայ, ինչպէս պատահեցաւ երէկ, երբ Ճէյմս Հարտըն 28 կէտ եւ 15 էսիսթ կատարեց: Հարտըն 6-էն 5 երեք կէտնոց կողովները նշանակեց եւ իր կէտերու ընդհանուր հաշիւը հասցուց 25 հազար` մտնելով «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն 24-ին շարքին (կէտ նշանակելու առումով):

Քուսայ Լենըրտ 27 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց. նոյնիսկ Փոլ Ճորճի բացակայութեան Քլիփըրզ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ:

Կոլտըն Սթէյթի կողմէ Սթեֆ Քըրի 13-էն 3-ը կրցաւ նշանակել 3 կէտնոց կողովներու առումով` նշանակելով ընդամէնը 17 կէտեր: Քլէյ Թոմսըն, որ երկար ժամանակէ ի վեր լաւ օրերու մէջ չէր, 12 փորձերէն 8-ն նշանակեց` ընդամէնը 30 կէտ նշանակելով:

Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները.

Մայեմի Հիթ – Շիքակօ Պուլզ116-124
Պոսթըն Սելթիքս – Քլիվլենտ Քեւելիրզ116-107
Տալաս Մեւրիքս – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ101-119
Տենվըր Նակեթց – Պրուքլին Նեթց124-101
Սաքրամենթօ Քինկզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր128-123
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Եութա Ճեզ114-122
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ121-113
Նախորդը

Հայ Դատի Մարտավարական Վերանայումների Վերաբերեալ

Յաջորդը

Ֆութսալ. Հայաստան – Վրաստան` 3-1

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.