Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Համաձայն Գտնուեցաւ Շարք Մը Օրէնքներու Եւ Յետաձգեց Քեփիթըլ Քոնթրոլի Օրինագիծին Վաւերացումը

December 15, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:20-ին նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որ սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով Լիբանանի եւ Պաղեստինի նահատակներուն յիշատակը:

Օրէնսդրական նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեց Հզօր Լիբանան համախմբումը:

Նշենք, որ փոփոխութեան եւ շարք մը այլ երեսփոխաններ իրենց կարգին չմասնակցեցան նիստին` զայն նկատելով հակասահմանադրական: Անոնք կոչ ուղղեցին, որ խորհրդարանը անմիջապէս ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահը:

Նիստին ընթացքին խորհրդարանը վաւերացուց վերանորոգուող ուժանիւթի արտադրութեան, Պաթրունի մէջ կոյուղիներու համակարգի վերակառուցման նպատակով Քուէյթի տնտեսական բարգաւաճման ազգային սնտուկին եւ Լիբանանի Հանրապետութեան միջեւ ստորագրուած վարկին, Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի եւ հանգստեան կոչուելու վերաբերող օրէնքին բարեփոխումներուն, կարիքաւորներու նիւթական օժանդակութեան «Աման» ծրագիրի ֆինանսաւորման նպատակով Միջազգային դրամատան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան միջեւ ստորագրուած վարկին, Լիբանանի ճամբաներու կառուցման ֆինանսաւորման նպատակով Եւրոպական դրամատան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան միջեւ ստորագրուած վարկին եւ Լիբանանի մէջ Միջազգային համադաշնակցութեան օրինական կացութիւնը բարելաւելու նպատակով Միջազգային Կարմիր խաչի, Կարմիր մահիկի եւ Լիբանանի կառավարութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին յատուկ օրինագիծերը:

Միւս կողմէ, դրամատնային փոխանցումներուն ու դրամատուներէն գումարներ ստանալու սահմանափակումներուն (քեփիթըլ քոնթրոլ) վերաբերող օրինագիծը վերադարձուեցաւ խորհրդարանի յանձնախումներուն, երբ Միքաթի խոստացաւ յառաջիկայ երկու ամսուան ընթացքին նոր օրինագիծ մը ներկայացնել:

Խորհրդարանը քննարկեց նաեւ Լիբանանեան գերիշխան սնտուկի վերաբերող օրինագիծը:

Խորհրդարանին մէջ գումարուած երկու ժամուան ժողովէն ետք, նիստին ներկայ երեսփոխաններուն թիւը նուազեցաւ` պատճառ դառնալով օրինաթիւի խախտումին:

Նկատի ունենալով այս իրողութիւնը` Պըրրի յայտարարեց նիստին աւարտը եւ խորհրդարանը վերստին նիստի հրաւիրեց երեկոյեան ժամը 6:00-ին:

Խորհրդարանի երեկոյեան նիստը սկսաւ ժամը 6:20-ին: Մէկ ժամ տեւած նիստին ընթացքին երեսփոխանները շարունակեցին գերիշխանական սնտուկի թղթածրարին քննարկումը եւ վաւերացուցին զայն որոշ բարեփոխումներով:

Նիստին աւարտէն ետք Պըրրի երեսփոխանները այլ նիստի մէջ հրաւիրեց այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:

Նախորդը

Իսրայէլ Կը Ռմբակոծէ Մզկիթ Մը, Իսկ Դիմադրութիւնը Թիրախ Կը Դարձնէ Թշնամիին Զինուորական Դիրքերը

Յաջորդը

Կիւլեր. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Տեւական Խաղաղութեան Համար Կարելիութիւններու Դուռ Բացուած Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.