Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գերիներու փոխանակումը եւ կը հաւատան, որ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւնը շատ հաւանական է:
Այս մասին լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Մեթիու Միլլըր:
«Մենք կ՛ողջունենք հայ եւ ազրպէյճանցի գերիներու փոխանակումը, որ տեղի ունեցած է այսօր, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւնները այն մասին, որ կը քննարկուին վստահութեան ամրապնդման ուղղուած լրացուցիչ քայլեր:
«Մենք պիտի շարունակենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ աշխատիլ` այդ հոլովոյթը յառաջ տանելու համար: Մենք նախկինին պէս կը հաւատանք, որ խաղաղութիւնը կարելի է, եթէ երկու կողմերն ալ պատրաստ են անոր հասնելու», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:


