Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ կացութիւնը կը մնայ լարուած` Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ:
Իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծեցին Թիպէ գիւղաքաղաքը: Ռմբակոծումին պատճառով վնասուեցաւ ելեկտրականութեան բարձր լարման ցանցը` պատճառ դառնալով, որ ելեկտրական հոսանքը անջատուի:
Թշնամի Իսրայէլի բանակը գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին ռմբակոծեց Թէյր Հարֆա, Մէյս Էլ Ժապալ, Հուլա, Խիամ, Պլիտա, Լապպունէ, Նաքուրա, Ժապալ Պաթ, Այթարուն, Մարուն Ռաս, Շիհին, Մըրուահին, Այթա Շաապ, Ալմա Շաապ, Մհայպիպ, Քաունին, Ռըմէյշ եւ Եարուն շրջանները:
Իսրայէլեան բանակը կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին անօդաչու թռչող սարքով մը ռմբակոծեց Ժըպպայնի մզկիթը` պատճառելով նիւթական մեծ վնասներ:
Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ յետմիջօրէին թռիչքներ գործեց լիբանանեան տարբեր շրջաններուն վերեւ:
Դիմադրութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Շումերա զօրանոցը` պատճառելով հսկայական վնասներ:
Աւելի ուշ, Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաստատեց, որ իր մարտիկները կէսօրէ ետք ժամը 2:20-ին ռմբակոծած են Եաֆթահի զօրանոցը, ուր համախմբուած էին մեծ թիւով իսրայէլացի զինուորներ:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Հաունին դիրքին վրայ գտնուող զինուորներու համախմբում մը:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Ալի Մուսա Պարաքաթ, Մուսթաֆա Մուսթաֆա եւ Ահմետ Հասան Մքահհալ միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:


