Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ Պարանձգութիւն` ՄԱԿ-ի 2 Խաղադաշտերու Վրայ

December 15, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ը հերթական անգամ Համաս-Իսրայէլ պատերազմի հրադադարի  բանաձեւ կ՛որդեգրէ պահանջելով անմիջապէս եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել բոլոր գերիները եւ կռուող երկու կողմերու յարգումը միջազգային օրէնքին, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի քաղաքայիններու պաշտպանութեան:

Բանաձեւը հաւասար հեռաւորութիւն կը պահէ եւ ատով իսկ կը հակադրուի Իսրայէլի մօտեցումին, յատկապէս զինադուլ հաստատելու նախապայմանային դիրքորոշումին: Ուշագրաւ է Պաղեստինեան իշխանութիւններու ողջունումը բանաձեւի որդեգրումին առիթով, ինչ որ կը նշանակէ, որ հաւասար հեռաւորութեան կանոնէն դժգոհ չէ Ռամալլան: Քուէարկութեան պատկերը` 153 թեր, 9 դէմ եւ 23 ձեռնպահ, կը խօսի միջազգային ճնշումի մասին, զինադուլ հաստատելու առումով: Միաժամանակ` Իսրայէլի դիրքորոշումը չբաժնելու:

Նոյն պատկերը չէ անշուշտ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը  շաբաթ մը առաջ  2-րդ անգամ ըլլալով ձախողեցաւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատում պահանջող նախագիծ որդեգրել: Միացեալ Նահանգներ այդ որոշումին դէմ օգտագործեցին իրենց վեթոյի իրաւունքը, իսկ Բրիտանիա մնաց ձեռնպահ, մինչ մնացեալ բոլոր անդամները թեր քուէարկեցին:

Բրիտանիան առաջին անգամը չէ, որ ձեռնպահ կը մնայ: Պարզ է նաեւ, որ նման ռազմաքաղաքական տարողունակ խնդիրի մը դիմաց միջազգային ատեաններու մէջ դիրքորոշումներու համակարգում տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ միջեւ: Ձեռնպահութիւնը այս պարագային Իսրայէլին ուղերձ է եւ ազդակ, որ Իսրայէլի դաշնակից նկատուող պետութիւնները անպայման չեն բաժներ Կազայի մէջ Իսրայէլի մղած յարձակումները:

Խնդիրը անշուշտ միայն Կազայով չի բացատրուիր. ընդհանրապէս Իսրայէլի դերի իմաստաւորում է, որ տեղի կ՛ունենայ տարածաշրջանին մէջ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը յայտարարէր, որ Իսրայէլ սկսած է կորսնցնել միջազգային ընտանիքին աջակցութիւնը իր անկանոն ռմբակոծումներուն պատճառով, որոնց պատճառով հազարաւոր պաղեստինցիներ կը զոհուին:

Հակառակ աղէտին, Իսրայէլի անկանոն, կոյր եւ զանգուածներու մահուան պատճառ դարձող յարձակումներուն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովներու քուէարկութեան պատկերը այլ բան կրնար ըլլալ, եթէ Միացեալ Նահանգներուն կամ Բրիտանիոյ նման Իսրայէլի ազդեցիկ դաշնակիցները ուզէին արդարացնել Իսրայէլը եւ ընդունիլ Թել Աւիւի առաջ քշած նախապայմանները հրադադար հաստատելու:

Խաղը առայժմ երկու դաշտերուն վրայ տարբեր կանոններով կ՛ընթանայ: ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը կոչերով եւ բանաձեւերով միջազգային ճնշում կը բանեցնէ, մինչ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ուաշինկթըն վեթոյով կը կասեցնէ Թել Աւիւի պայմանները շրջանցող որոշումները:

Այս երկու խաղատախտակներուն վրայ հիմնականին մէջ Ուաշինկթընն է կանոն թելադրողը: Մինչ ամերիկեան եւ իսրայէլեան մամուլը համաժամանակեայ շրջանառութեան մէջ մտած վերլուծականներով կը շեշտեն, որ Իսրայէլ- Միացեալ Նահանգներ պարանաձգութիւնը ըստ էութեան Պայտընի եւ Նեթանիահուի միջվարչակազմային պայքար է եւ չի հպիր երկու պետութիւններուն ռազմավարական գործընկերութեան:

Ուշագրաւ է, որ Իսրայէլեան տարբեր քաղաքներու մէջ նկատառելի կը դառնան հակավարչակազմ բողոքներն ու ցոյցերը, մինչ Ուաշինկթընի մէջ ծայր կ՛առնէ նախագահ Պայտընի նկատմամբ պաշտօնազրկման ընթացակարգ մը, բոլորովին այլ հանգամանքներու հետ կապուած, որոնք կապ չունին Կազայի պատերազմին հետ: Ինքը, ընթացակարգի մեկնարկը կրնայ կապ ունենալ ամերիկեան վարչակազմի յայտարարութիւններուն հետ: Նոյն տրամաբանութեամբ նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ ամերիկեան վեթոն` պաշտօնազրկման ընթացակարգը կասեցնելուն հետ:

«Ա.»

Նախորդը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարար Սուրէն Պապիկեան Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ Յունաստան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (15 Դեկտեմբեր 2023)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.