Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնց մասին Ապտոլլահեան ըսաւ, որ լիբանանեան-իրանեան հետեւողական խորհրդակցութիւնները` գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ, ըլլան անոնք երկկողմանի թէ շրջանային, շինիչ են:
Ապտոլլահեան ընդգծեց, որ Լիբանան եւ Իրան մէկ ամրոցի մէջ կը գտնուին` աւելցնելով, որ Իրան միշտ ալ լաւը կը ցանկայ Լիբանանի կառավարութեան եւ Դիմադրութեան:
Ապտոլլահեան հաստատեց, որ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը բարդ է` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է վերջ տան սիոնական գոյացութեան եւ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ անոր գործած պատերազմական ոճիրներուն հանդէպ իրենց ցուցաբերած անսահման զօրակցութեան:
Ան շեշտեց, որ սիոնական վարչակազմին եւ Ուաշինկթընի հաշիւները սխալ դուրս պիտի գան` աւելցնելով, որ այնպէս, ինչպէս Միացեալ Նահանգներուն հաշիւները սխալ դուրս եկան Հըզպալլայի դէմ պատերազմին ընթացքին, նոյնպէս հիմա սխալ դուրս պիտի գան` պաղեստինցիներուն դէմ շղթայազերծուած պատերազմին ընթացքին:
Իր կարգին, Պու Հապիպ շեշտեց, որ հանգիստ դուրս եկած է Ապտոլլահեանի հետ ունեցած հանդիպումէն` աւելցնելով, որ երկկողմանի խորհրդակցութիւնները միշտ ալ եղած են շինիչ եւ օգտակար:


