Մինչ Իսրայէլ կը շարունակէ ռմբակոծել հարաւային Լիբանանը եւ սպառնալ Պէյրութը Կազայի վերածել, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա ուրբաթ, 15 դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան պիտի հասնի Լիբանան:
Կը նախատեսուի, որ շաբաթ, 16 դեկտեմբերին ան այցելէ հարաւային Լիբանան` ստուգելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական ուժերու զօրամասը:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի Լիբանան կատարելիք երկօրեայ այցելութիւնը սկզբունքով նախատեսուած է 21 դեկտեմբեր 2023-ին:
Իսրայէլեան ուժերը նախորդ երկու օրերուն ընթացքին ռմբակոծեցին Նաքուրան, Զըպքինը, Եարինը, Մըրուահինը, Ժըպպինը, Շիհինը, Ֆարտիսը, Ռաշայա Ֆըխխարը, Հապպարիէն, Խիամը եւ Պլիտան:
Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր ռմբակոծեցին Պէյթ Լիֆ եւ Ռամիա շրջաններուն մէջ գտնուող բացատներ:
Իսրայէլեան բանակը թիրախ դարձուց նաեւ Թիպէի մէջ բնակարան մը, որ պարզուեցաւ, թէ Թիպէի թաղապետ Հաժ Հիւսէյնի բնակարանն է: Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, թէ թաղապետ Հաժ Հիւսէյն զոհուած է` իր բնակարանին դէմ գործուած ռմբակոծումին պատճառով:
Իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց Հասպայայի, Մազարեհ Շեպաայի, Իքլիմ Թուֆֆահի, Քեսրուանի եւ Լեռնալիբանանի վերեւ:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակիրի յայտնեց, որ եթէ Հըզպալլա որոշէ Իսրայէլի դէմ պատերազմ սանձազերծել, Պէյրութը պիտի ենթարկուի Կազայի ճակատագիրին:
Ամերիկեան «Ուաշինկթըն փոսթ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլ օգտագործած է Ուաշինկթընէն ստացած ֆոսֆորային ռումբերը` հարաւային Լիբանանի Տհայրա գիւղաքաղաքին դէմ գործած յարձակումին ընթացքին:
Դիմադրութիւնը իր կարգին շարունակեց զինուորական իր գործողութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ ռմբակոծումի ենթարկուեցան Ռամթայի եւ Սըմմեքքայի իսրայէլեան զինուորական դիրքերը:
Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին Սըմմեքայի դիրքին վրայ իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը եւ արձանագրեցին ուղղակի հարուածներ:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Մերժահիունի սերային մօտակայքը ջախջախուեցաւ` թեքնիք խանգարումի պատճառով:
Հըզպալլա «Պուրքան» տիպի հրթիռներով թիրախ դարձուց իսրայէլեան Ռահեպ եւ Պրանեթ դիրքերը` պատճառելով բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ:
Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Հատպ Պուսթան դիրքը:
Դիմադրութեան մարտիկները թիրախ դարձուցին Պաղտատի իսրայէլեան դիրքը` քանդելով իսրայէլեան զրահապատներ եւ հրասայլեր:
Հըզպալլա ռմբակոծումի թիրախ դարձուց Շթուլա դիրքին վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը:
Դիմադրութեան մարտիկները թիրախաւորեցին իսրայէլեան Մալիքիէ, Խըրպեթ Մայեր, Հատըպ Եարուն եւ Ժալ Օլամ զինուորական դիրքերը:
Երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծած են իսրայէլեան Պայատ Պլիտա եւ Ասի դիրքերը` համապատասխան զէնքերով ու հրթիռներով:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Լութֆի Ֆարրան եւ Ապպաս Հասան Արզունի միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:


