Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ. «Անհրաժեշտ Է Արգիլել Լիբանանի Հաշուոյն Կատարուելիք Որեւէ Գործարք» Շեշտեց Ժեմայէլ

December 9, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ Միացեալ Նահանգներ կատարած իր շրջապտոյտին շրջագիծին մէջ, երէկ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Պարպրա Լիֆի հետ:

Երկարատեւ հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ շեշտեց Լիբանանը շրջանին մէջ մղուող պատերազմին հետեւանքներէն հեռու պահելու կարեւորութիւնը:

Ան ընդգծեց միջազգային բանաձեւերու գործադրութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս` թիւ 1559 եւ թիւ 1701 բանաձեւերը:

«Անհրաժեշտ է արգիլել Լիբանանի հաշուոյն կատարուելիք որեւէ գործարք», ըսաւ Ժեմայէլ` աւելցնելով, որ Հըզպալլան արգելակած է նախագահական ընտրութեան կայացումը:

Ան նշեց, որ Հըզպալլան իր անձնական շահերն ու իր հովանաւոր Իրանին ծրագիրը իրականացնելու համար Լիբանանը պատանդ վերցուցած է:

Ժեմայէլ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութեան համար` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակն է երկրին եւ լիբանանցիներուն ապահովութեան միակ երաշխիքը:

Ան զգուշացուց բանակին կայունութիւնը խախտելէ կամ անոր հրամանատարութեան մակարդակով դատարկութիւն ստեղծելէ:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի բացակայութեան` բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը առկայ սահմանադրական միակ լուծումն է:

Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանը հեռու պահելու շրջանային պատերազմէն, իրենց կարելին կը կատարեն օժանդակելու Լիբանանին` շրջանցելու իր դիմագրաւած տագնապները, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու իր ապահովական կայունութիւնը:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Ժեմայէլ նշեց, որ Ուաշինկթըն մտահոգ է հարաւային Լիբանանի բախումներուն ընդարձակման հաւանականութեամբ:

Ան աւելցուց նաեւ, որ ամերիկեան վարչակազմը մտահոգ է նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան պարագային ստեղծուելիք դատարկութենէն:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Վիգէն Էօլճեքեանի Մասին Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.