Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ընդունեց Թէյմուր Ժոմպլաթը Եւ Խորհրդարանի Դիւանը Հրաւիրեց Ժողովի

December 8, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթը, որուն ընկերակցեցաւ իր նախագահած Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի անդամ երեսփոխաններէն, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան պատասխանատուներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ Ամալ շարժումի պատասխանատուներ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները` Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքներուն լոյսին տակ:

Քննարկուեցան Ազատագրում եւ բարգաւաճում եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքներուն, ինչպէս նաեւ Ամալ շարժումին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ, որ յայտնեց, որ Պըրրի յանձնառու է եւ կ՛երաշխաւորէ երկրին կայունութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք իրենց կարգին կը ջանան գործել այնպիսի ձեւով, որ քաղաքական տարակարծութիւններն ու անձնական շահերը իրենց ազդեցութիւնը չունենան բանակին վրայ:

Շեհայէպ ընդգծեց, որ բանակն է երկրին ապահովական կայունութեան միակ երաշխիքը:

Շեհայէպ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ համաձայն գտնուած են, որ հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխուժացման ամէնէն կարճ ու երաշխաւորուած միջոցը երկխօսութիւնն է:

Նշենք, որ Պըրրիի այցելեց նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլան: Ան Պըրրիին յանձնեց հրաւէր մը` մասնակցելու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպած քաղաքապետութիւններու կլոր սեղանին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:

Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց ժողովի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին:

 

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Մտավախութիւն Ունինք, Որ Ա. Իշխանութեան Դատարկութեան Պատճառով Ոմանք Իւրացնեն Լիբանանի Պատերազմի Որոշումը»

Յաջորդը

Սուրի Մէջ. «Լիբանանը Փրկելու Համար Պէտք Է Ըլլանք Միասնական Եւ Զօրակցինք Իրարու» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.