Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փալոն. «Միացեալ Նահանգներու Աջակցութիւնը Չափազանց Կարեւոր Է Ազրպէյճանի Հետագայ Յարձակումը Զսպելու Եւ Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը Ապահովելու Համար»

December 7, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը չափազանց կարեւոր է Ազրպէյճանի հետագայ յարձակումը զսպելու եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը ապահովելու համար: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրենք Փալոն:

Ան աւելցուցած է, որ ստորագրած է երկկուսակցական երկպալատ նամակը, ուղղուած` Քոնկրեսի ղեկավարներուն` անոնց կոչ ուղղելով Հայաստանին ուղղուած անվտանգութեան աջակցութիւնը ներառել յառաջիկայ լրացուցիչ ֆինանսաւորման օրինագիծին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու վերին ու ստորին պալատներու 60 անդամներ Քոնկրեսի ղեկավարներուն կոչ ուղղած են անվտանգութեան աջակցութիւն ուղարկելու Հայաստան եւ լրացուցիչ օգնութիւն տրամադրելու Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն:

Այս մասին կը նշուի ծերակուտական Ալեքս Փատիլլայի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Աննա Էշուի հեղինակած նամակին մէջ:

Քոնկրեսի երկու պալատներու անդամները կոչ կ՛ուղղեն` 10 միլիոն տոլար յատկացնելու Հայաստանի պաշտպանութեան ոլորտի ֆինանսաւորման համար, ինչպէս նաեւ լրացուցիչ օգնութեան օրինագիծով նախատեսուած մարդասիրական օգնութեան մէկ մասը հասանելի դարձնելու Հայաստանի համար` բաւարարելու կարիքները 120.000 հայերու, որոնք սեպտեմբերին Ազրպէյճանի յարձակումէն եւ ցեղային զտումներէն ետք բռնի տեղահանուած են Լեռնային Ղարաբաղէն:

«Այժմ, երբ Ազրպէյճանի բռնակալ Իլհամ Ալիեւը վերափոխած է շրջանը` օգտագործելով զինուորական ուժ, մենք մտավախութիւն ունինք, որ ան համարձակութիւն ձեռք բերած է` դարձեալ նման ձեւով վարուելու: Մենք յատկապէս մտահոգուած ենք, որ Ազրպէյճանը պիտի շարունակէ իր յարձակումը` գրաւելով Հայաստանի գերիշխան տարածքը», նշուած է նամակին մէջ:

Քոնկրեսականները կը նշեն նաեւ, որ Հայաստանը յատկապէս խոցելի դարձած է, որովհետեւ «հեռացած է իր անվտանգութեան աւանդական երաշխաւոր Ռուսիայէն` աւելի սերտ կապեր հետապնդելով արեւմտեան ժողովրդավարութիւններուն հետ»:

Ըստ քոնկրեսականներու, Կովկասի մէջ ամերիկեան ղեկավարութիւնը անհրաժեշտ է` զսպելու համար Ազրպէյճանի հերթական յարձակումը եւ հայերուն թոյլ տալու պաշտպանելու իրենց ժողովրդավարութիւնը:

 

Նախորդը

Մինչ Իսրայէլ Կը Շարունակէ Ռմբակոծել Հարաւային Լիբանանի Սահմանամերձ Շրջանները, Ռայի Պատրիարքը Այսօր Կ՛այցելէ Հարաւ

Յաջորդը

Հայաստանն Ու Իրանը Կ՛աշխատին Արաքսի Վրայ Նոր Կամուրջի Նախագիծի Վրայ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Պէտք Է Ամուր Կանգնիլ Եւ «Ո՛չ» Ըսել Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Համատեղ Փաթեթին»

November 3, 2026
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

November 3, 2026
«Թեհրան «Թրամփի Ուղի»-ին Շուրջ Լուրջ Մտահոգութիւններ Ունի,  Սակայն Կը Վստահի Երեւանին»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Թեհրան «Թրամփի Ուղի»-ին Շուրջ Լուրջ Մտահոգութիւններ Ունի, Սակայն Կը Վստահի Երեւանին» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.