Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել խօսք արտասանած է Եւրոպական Միութիւն-Հասարակական կազմակերպութիւններ Մարդու իրաւունքներու 25-րդ համախմբումի ընթացքին եւ անդրադարձած նաեւ Արցախի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման: Այս մասին կը հաղորդէ «1լուրեր» կայքը:
«Աշխարհի վրայ այնքան շատ են տագնապները: Ժամանակի դժուարութիւնները, որոնց մէջ կ՛ապրինք, պէտք է միայն խրախուսեն մեզ շարունակելու պաշտպանել մարդու իրաւունքները ամբողջ աշխարհի վրայ:
«Որովհետեւ այն, ինչ որ մենք կը տեսնենք, դաժան ուժային քաղաքականութեան վերադարձն է: Հետզհետէ աւելի տագնապներ կը լուծուին ուժի կիրարկումով: Բան մը, որ պէտք է արգիլուէր:
«Տագնապները լուծելու համար պէտք չէ ուժ կիրարկել, սակայն ես կը տեսնեմ, որ հետզհետէ աւելի հարցեր կը լուծուին ինքնին ուժի միջոցով:
«Օրինակ` տեսէք, թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ: Շատոնց սառեցուած տագնապը, որ յանկարծակի, ես չէի ըսեր, որ լուծուեցաւ, սակայն վճռականօրէն որոշուեցաւ զինուորական միջամտութեամբ, եւ որ 150.000 մարդու ստիպեց մէկ շաբթուան ընթացքին տեղափոխուիլ:
«Մէկ շաբթուան մէջ 150 հազար մարդ ստիպուած եղաւ լքել իր տունը եւ փախչիլ: Միջազգային ընտանիքը զղջաց, մտահոգութիւն յայտնեց, մարդասիրական աջակցութիւն ուղարկեց, սակայն ուժ կիրարկուեցաւ, եւ բռնութիւնը կը շարունակէ աճիլ ամբողջ աշխարհի վրայ», ըսած է Ճոզեփ Պորել:


