Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 2, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր` օրակարգի վրայ ունենալով 62 կէտեր, որոնց մէկ մասը կը վերաբերի պետական նշանակումներուն:

«ՆԱՇՐԱ» կայքէջի խմբագիր Ժոզեֆ Սըմաան մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ տագնապը լիբանանեան դարձնելու առումով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես յայտնեց, որ քարիւղի հարստութեան առումով լիբանանցի ժողովուրդը կը զօրակցի լիբանանեան պետութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պատըր Ուաննուս կոչ ուղղեց օգտագործելու Լիբանանի քարիւղի հարստութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւրներ յայտնեցին, որ ռուսական նաւեր կը հսկեն լիբանանեան ծովային շրջաններուն, յատկապէս կը  հետապնդեն Լիբանան ժամանող այն նաւերը, որոնք եւրոպական երկիրներէ կու գան եւ սուրիական ընդդիմութեան զէնք կը բերեն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապը իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ յառաջիկայ տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք Լիբանանի երեսփոխանական  ընտրութիւններուն վրայ:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ ներկայ կառավարութիւնը Լիբանանի ներքին կայունութեան եւ երկրին փոխանցելիք քաղաքական պատգամին համար անհրաժեշտութիւն մըն է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կը պատրաստուի մօտիկ ապագային կատարելու արաբական եւ շրջանային շրջապտոյտ մը, որ պիտի ընդգրկէ Միացեալ Նահանգները, Բրիտանիան, Թուրքիան եւ Քաթարը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ ելեկտրական հոսանք արտադրող նաւերու ծրագիրին վաւերացումով յաղթանակ արձանագրուեցաւ եւ այդ յաղթանակը կը ծառայէ բոլորին շահերուն, որովհետեւ ան բոլոր լիբանանցիներուն համար ելեկտրական հոսանք պիտի ապահովէ:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Մոհամետ Քապպարա շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը աշխատանքի իր կարողութիւնը կորսնցուցած է:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը փտած չէ` աւելցնելով, որ լիբանանեան ընդդիմութիւնը ճիգ չի խնայեր լիբանանցի քաղաքացիներուն մտքերուն մէջ կասկած արթնցնելու կառավարութեան գործունէութեան մասին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իր հովանաւորութեան տակ առած է փտածութիւնը` աւելցնելով, որ ներկայ կառավարութեան անդամ կարգ մը նախարարներ փտածութեան շրջագիծին մէջ մրցանիշներ արձանագրած են:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընդգծեց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն միջեւ դաշինքի գոյացման անհաւանականութեան վրայ պէտք չէ գրաւ դնել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ սուրիական վարչակազմին շահերուն կը ծառայէ Լիբանանի կառավարութիւնը պահել, որովհետեւ ան տակաւին անկարող է զայն այլ կառավարութեամբ մը փոխարինելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն ընդգծեց, որ ելեկտրական հոսանքի տագնապին լուծման նպատակով արդէն իսկ ծրագիր մը մշակուած է եւ ելեկտրականութիւն արտադրող նաւեր վարձելու նախաձեռնութիւնը անոր մաս կը կազմէ, հետեւաբար նման երկար քննարկումներ կատարելու կարիքը չկար:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ամմար Հուրի յայտնեց, որ կառավարութեան տարակարծութիւնները որքան ալ հսկայ ըլլան, Հըզպալլա կարողութիւն ունի հարցերը իր հակակշիռին տակ պահելու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ: Ան կոչ ուղղեց այդ մասին չմտահոգուելու` ընդգծելով, որ ներքին առումով կառավարութիւնը լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ հարցերու քաղաքական վերլուծաբան Աքրամ Աթալլա շեշտեց, որ Իսրայէլ հազար անգամ վերատեսութեան կ՛ենթարկէ իր հաշիւները, երբ հարցը կը վերաբերի Հըզպալլայի: Ան աւելցուց, որ Երուսաղէմի օրուան առիթով տեղի ունենալիք տողանցքը Իսրայէլի համար մղձաւանջ է:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ դատապարտեց 17 յանցագործներ, որոնցմէ չորսը ամբաստանուած են դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգում կատարելու յանցանքով:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի կոչ ուղղեց արագացնելու Ռումիէի արգելափակեալներուն դատավարութիւնները:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ողջունեց Հայ Մանուկները Ծաղկազարդուած Անթիլիասի Մայրավանքէն

Յաջորդը

Ռաատ. «Այս Հանգրուանը Երկարատեւ Չէ, Եւ Շուտով Պիտի Սկսինք Աւելի Լաւ Հանգրուանի Մը»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.