Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոզեֆ Գալուստեանի Յիշատակին (Սրտի Հարազատ Ու Ճշմարիտ Խօսք` Փոխան Ծաղկեփունջի, Խունկի Ու Մոմի)

December 2, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՃՈՐՃԻԿ ՌԱՍՏԿԵԼԷՆԵԱՆ

Անխոնջ, անմոռաց, անբասիր, կոչումի տէր, մարդկային ու ազգային բարոյական սկզբունքներու եւ արժէքներու հանդէպ կուռ հաւատք եւ համոզում ունեցող ըսթեզ Ժոզեֆ Գալուստեանին մահուան գոյժը քառասուն օրեր առաջ խոր ցաւ, յուզում եւ ափսոսանք պատճառեց բոլորիս:

Կարելի չէ մոռնալ, չարժեւորել պարոն Գալուստեանին երկարամեայ` շուրջ կէս դարու օգտակար ծառայութիւնը, ներդրումը  եւ արդիւնաւոր վաստակը հայ սերունդներու մտային եւ հոգեկան առողջ կազմաւորման վեհ ու ազնիւ գործին: Ուսում եւ գիտութիւն ջամբելու զուգահեռ, պարոն Գալուստեան տասնամեակներ շարունակ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի եւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի մէջ իր ամէնօրեայ մտահոգութեան առանցքը դարձուց հայ դպրոցը եւ հայ աշակերտը` պատրաստելու համար գիտակից, ջանասէր, յաջող եւ յանձնառու հայ մարդը:

Անձնուրաց, դրական, շինիչ աշխատանքով ու ծառայութեամբ, մարդավայել ու հայավայել բարձր գիտակցութեամբ, անսակարկ նուիրումով, հաստատ հաւատքով, աննկուն կամքով, շարունակական ճիգով ու հեւքով, ազնիւ պատրաստակամութեամբ պարոն Գալուստեան իր ներդրումը բերաւ իրեն այնքան սիրելի հայ դպրոցին եւ նորահաս սերունդներու առողջ կազմաւորման սրբազան գործին եւ արժանացաւ բոլորին ջերմ սիրոյն, յարգանքին, երախտագիտութեան եւ բարձր գնահատանքին:

Դէմքին վրայի մնայուն թեթեւ ժպիտը, իր հանդարտ վիճակն ու հաւասարակշռութիւնը յոյս եւ լաւատեսութիւն կը ներշնչէին եւ իր գեղեցիկ, ազնիւ եւ բարի հոգիին խորքը կը ցոլացնէին:

Ժոզեֆ Գալուստեան հայ դաստիարակի մը վայել, բծախնդիր կարգապահութեամբ, ճշդապահութեամբ, արդար քրտինքով եւ խոր հաւատքով ջանաց առաւելագոյն չափով սատարել հայ դպրոցին ու հայ ուսանողին եւ արդարօրէն ու մեծ գնահատանքով յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ:

Գիրքն ու գրադարանը եղան իր մնայուն հաւատարիմ ընկերները: Իր ազատ ժամերուն եւ արձակուրդներուն մեծ մասը ան կ՛անցընէր գիրքի նշանաւոր վաճառատուներուն մէջ: Կը պրպտէր, կը զննէր, կ՛ուսումնասիրէր, որպէսզի լաւագոյնը, օգտակարը ընտրէր ու իր գրադարանը  հարստացնէր, ճոխացնէր եւ ուսանողներուն օգտակար ու շահեկան  գիտելիքներ ապահովէր, անոնց ընդհանուր զարգացման նպաստող նիւթեր հրամցնէր: Պարոն Գալուստեան կը տիրապետէր եօթը լեզուներու, ինչ որ իրեն դիւրութիւն կու տար թարգմանական աշխատանքներ կատարելու: Մեծ է իր նպաստը Հայ դատի հրատարակութիւններու թարգմանութեան մէջ: Ան կ՛աշխատէր լուռ ու մունջ` իր լուման բերելով արժէքաւոր հրատարակութիւններ օտարներու ներկայացնելու կարեւոր աշխատանքին:

Կրթական 1966-1967 տարեշրջանին բախտը եւ պատիւը ունեցայ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի յարկին տակ պարոն Գալուստեանին ծանօթանալու եւ հետը պաշտօնակից ըլլալու: Մեր ունեցած եղբայրական յարաբերութիւնը հետզհետէ զարգացաւ եւ ընտանեկանի վերածուեցաւ, մանաւանդ որ իր կինը, իր կարգին` կրթութեան նուիրեալ մը, հետագային մեր պաշտօնակիցը եղաւ Ազգային Կիլիկեան վարժարանին մէջ:

Պարոն Ժոզեֆ Գալուստեանին հետ մեր մտերիմ կապերը շարունակուեցան ու անքակտելի մնացին հակառակ այն իրողութեան, որ երբ երկուքս հանգստեան կոչուեցանք, ինք Ֆիլիփփին, իսկ ես Միացեալ Նահանգներ հաստատուեցանք: Մեր մէջ ստեղծուած եղբայրական կապերը, սակայն, մնացին սերտ,  եւ մենք յաճախ իրարու հետ հաղորդակցութեան մէջ էինք հեռաձայնի կամ Դիմատետրի ճամբով: Իր օգտակար, դաստիարակիչ ու շինիչ յօդուածները գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ լոյս կը տեսնէին Դիմատետրի էջերուն վրայ, եւ ես ուրախութեամբ կը կարդայի զանոնք: Իր կարգին, ան բարձր գնահատանքով կ՛արժեւորէր մարզական անմոռանալի անցեալի գրութիւններս, որոնք լոյս կը տեսնէին Դիմատետրի էջիս վրայ:

Եղբայրական, ջինջ, մաքրամաքուր վերջին մաղթանքները Դիմատետրի էջիս վրայ տարեդարձիս 80-ամեակին առիթով էին, սակայն հազիւ երկու օր ետք իմացայ իր մահուան ցաւալի գոյժը, ինչ որ մեծ ցաւ ու վիշտ պատճառեց ինծի եւ ընտանեկան պարագաներուս:

Վա՛րձքդ կատար, սիրելի, օրինակելի անզուգական եղբայր Ժոզեֆ: Ամենայն հաւատքով ու երկիւղածութեամբ կ՛աղօթեմ եւ կը խնդրեմ Տիրոջմէ, որպէսզի հոգիդ երկինքի դրախտային անդաստանին արժանացնէ եւ հոն հանգիստ ու խաղաղ ննջես արժանաւորներու կողքին:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, յիշատակդ անթառամ, անմոռանալի քաղցրահա՛մ ընկեր:

 

 

Նախորդը

Լեւոն Յակոբի Թորոսեան. Երախտաւոր Ու Բազմաշնորհ Արուեստա-Մտաւորականին Հետքերով

Յաջորդը

Շանթը (Շանթ Եագուպեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.