Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղենք` Եւրուսաղէմի Հին Քաղաքին Մէջ Գտնուող «Հայկական Պարտէզներու» Խնդիրին Արդար Լուծում Ապահովելու»

December 1, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան չափազանց մտահոգուած է այն տեղեկութեան նկատմամբ, որ Երուսաղէմի մէջ յաճախակի դարձած են քրիստոնեայ համայնքի ներկայացուցիչներուն նկատմամբ սադրանքները: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Մասնաւորաբար ուշադրութիւն դարձուցած ենք հակամարտային կացութեան, որ ստեղծուած է Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ գտնուող «Հայկական պարտէզներու» («Կովերու Պարտէզ», «Ա.») շուրջ: Անիկա դատական գործի առարկայ դարձած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի եւ իսրայէլեան կազմակերպութիւններէն մէկուն միջեւ:

«Չսպասելով դատարանի վճիռին` կազմակերպութեան ներկայացուցիչները սկսած են վիճելի տարածքին մէջ պանդոկային համալիրի կառուցման նախապատրաստական աշխատանքներուն, ինչ որ բախումներու յանգեցուցած է տեղւոյն հայերու եւ հրեայ արմատականներու միջեւ: Իսրայէլի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք քայլերու ձեռնարկելու` օրէնքի ծիրին մէջ ապահովելու այս զգայուն հարցին արդար լուծումը:

«Կը կարծենք` երկրի բոլոր կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներու իրաւունքները պէտք է հաւասարապէս պաշտպանուած ըլլան: Դէմ ենք որեւէ ապօրինի գործողութեան` ուղղուած Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ պատմականօրէն ստեղծուած ազգային-կրօնական հաւասարակշռութեան փոփոխման, ներառեալ ոտնձգութիւններուն դարեր շարունակ այնտեղ բնակող քրիստոնեաներու, անոնց սրբավայրերու եւ սեփականութեան նկատմամբ», ըսած է Զախարովա:

 

 

Նախորդը

Լը Տըրիան Շարունակեց Քաղաքական Տարբեր Ուժերու Ղեկավարներուն Հետ Իր Ունեցած Հանդիպումները

Յաջորդը

Խօսելով Հայաստան – Բրիտանիա Զինուորական Համագործակցութեան Մասին` «Հայաստանը Գերիշխան Երկիր Է, Յարաբերութիւններ Կը Զարգացնէ Որուն Հետ, Որ Յարմար Կը Նկատէ» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.