Ուքրանիան Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները սկսելու համար «գրեթէ» բոլոր պահանջները կատարած է: Այս մասին «Փոլիթիքօ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն:
«Զիս կը տպաւորեն խոր եւ կառուցուածքային բարեփոխումները, որոնք կը կատարէ Ուքրանիան` գոյաբանական պատերազմ վարելով», ըսած է ան: «Անոնք կատարած են բոլոր անհրաժեշտ պահանջները` գրեթէ բոլոր կէտերուն վերաբերեալ»:
Կը սպասուի, որ Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ անդամակցութեան մասին բանակցութիւնները սկսելու վերաբերեալ յայտարարէ Պրիւքսելի մէջ, դեկտեմբերի կիսուն:
Նշենք, որ յունիսին Ուքրանիոյ տրամադրուած էր Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ:
Ֆոն տեր Լեյեն այս ամիս յայտնած էր, որ Ուքրանիան կատարած է Եւրոպական Միութեան սահմանած նախնական պայմաններու «աւելի քան 90 առ հարիւրը, որովհետեւ Եւրոպական յանձնաժողովը երաշխաւորած էր սկսիլ թէ՛ Ուքրանիոյ, թէ՛ ալ Մոլտովայի հետ բանակցութիւնները:
Սթոլթենպերկ. «Ուքրանիան Աւելի
Քան Երբեւէ Մօտ Է ՕԹԱՆ–ին»
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ երէկ ՕԹԱՆ-Ուքրանիա խորհուրդի նիստէն ետք յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Ուքրանիոյ` դաշինքին անդամակցելու ուղին եւ առաջարկներ ներկայացուցած Ուքրանիոյ առաջնահերթ բարեփոխումներուն վերաբերեալ, ներառեալ փտածութեան դէմ պայքարը, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդումը եւ մարդու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:
«Կարեւորագոյնը այն է, որ Ուքրանիան յաղթեց իբրեւ գերիշխան, անկախ, ժողովրդավարական պետութիւն: Ասիկա մեծ ձեռքբերում է` մեծ յաղթանակ», ըսած է Սթոլթենպերկ:
«Ուքրանիան աւելի քան երբեւէ մօտ է ՕԹԱՆ-ին», ընդգծած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը` աւելցնելով. «Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ Ուքրանիոյ անդամակցութեան ուղիին»:


