Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բժանիա. «Փաշինեանի Քաղաքականութեան Պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի Հայերը Կորսնցուցին Պետականութիւնը, Խախտուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային Ամբողջականութիւնը»

November 28, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աբխազիոյ նախագահ Ասլան Բժանիան Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը Աբխազիոյ գերիշխանութեան հակասող փաստ նկատած է եւ կոչ ուղղած հրաժարելու վրացամէտ հռետորաբանութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Աբխազիա»-ն:

«Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ ղեկավարութիւնը, Արեւմուտքի ազդեցութեան տակ, կ՛ընէ յայտարարութիւններ, որոնք կը հակասեն Աբխազիոյ Հանրապետութեան ընտրած ուղիին:

«Հայաստանի վարչապետը իր վերջին յայտարարութեան մէջ պաշտպանած է «Վրաստանի միասնականութիւնը, գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, անկախութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը», ինչ որ էապէս կը հակասէ Աբխազիոյ Հանրապետութեան գերիշխանութեան փաստին:

«Աբխազիոյ հայերը ունին այն ամէնը, ինչ որ Նիկոլ Փաշինեանը չկրցաւ երաշխաւորել ղարաբաղցի հայերուն, որոնք իր վարած քաղաքականութեան պատճառով բախեցան պետականութեան փլուզման եւ հայրենի հողէն զանգուածային արտահոսքի ողբերգութեան:

«Աւելի՛ն, Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքականութեան հետեւանքը եղած է ինքնին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան խախտումը:

«Հիմնուելով իրերու փաստացի վիճակին վրայ` «միասնութիւնը, գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը» յարմարագոյն բնութագիրներն են Աբխազիոյ Հանրապետութեան, ժողովրդավարական պետութեան, որ կը վերահսկէ իր ամբողջ տարածքը, որուն անկախութիւնը ճանչցուած է Ռուսիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու կողմէ:

«Մենք Հայաստանի ղեկավարութեան կոչ կ՛ուղղենք արտաքին քաղաքականութիւնը վարելու ընթացքին հաշուի նստելու փաստացի կացութեան հետ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Նախորդը

Լը Տըրիանի Լիբանան Կատարելիք Այցելութեան Առընթեր` Կառավարութիւնը Կը Գումարէ Իր Նիստը

Յաջորդը

«Հայաստանը Եղած Է Եւ Կը Մնայ ՀԱՊԿ-ի Դաշնակիցը. Կտրուկ Եզրակացութիւնները Ընելը Անիմաստ Է» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.