Մալակայի (Սպանիա) մէջ տեղի ունեցաւ թենիսի «Տէյվիս» բաժակը, որ ազգային խումբերը կը ներկայացնեն աշխարհի լաւագոյն մարզիկները:
1976-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Իտալիա, որ հրաւէրով հասած էր քառորդ աւարտականի, աւարտականին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աւստրալիան:
Առաջին մրցումին, Մաթէօ Առնալտի (Իտալիա), որ աշխարհի թիւ 41 թենիսմենն է, կրցաւ 7-5, 2-6 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնել աւստրալիացի Ալեքսի Փոփիրինը (թիւ 39):
Երկրորդ մրցումին, աշխարհի թիւ 4 Եանիք Սինըր 6-3 արդիւնքով յաղթեց աւստրալիացի Ալեքս Տը Մինորի եւ հաստատեց Իտալիոյ յաղթանակը` առանց զոյգի մրցումներ խաղալու:
Պէտք է ըսել, որ Սինըր Իտալիոյ լաւագոյն մարզիկն էր, եւ կիսաւարտականին ալ Սերպիոյ դէմ կրցաւ պարտութեան մատնել աշխարհի թիւ 1 Ճոքովիչը 6-2, 2-6 եւ 7-5 արդիւնքով եւ առաջին պարտութենէն ետք 1-1 արդիւնքով հասած էր Սերպիոյ հետ, եւ վճռական զոյգերու մրցումին Սինթըր/Սոնեկօ զոյգը 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Ճոքովիչ/Քեսմանովիչ զոյգին: Աւստրալիա կիսաւարտականին դուրս ձգած էր Ֆինլանտան` 2-0 արդիւնքով:


