Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ընթացիկ Անկախութիւն Եւ Ինքնահոս Հասարակարգ (Լիբանանի Անկախութեան 80-Ամեակին Առիթով)

November 22, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի անկախութեան նշումը ներկայ պայմաններուն մէջ հեռու է տօնական ըլլալէ: Անկախութեան տօնի նշումին պետական աւագանիի համախմբումը, եռանախագահութեան մէկտեղումով փոխանցուած միջհամայնքային համակեցութեան խորհուրդը եւ անոնց դիմաց զինեալ ուժերու շքերթը արդէն յուշ են լիբանանցի ժողովուրդին համար: Չունինք հանրապետութեան նախագահ, չունինք ամբողջական լիազօրութիւններով գործող վարչապետ. կը շարունակէ պաշտօնավարել խորհրդարանի նախագահը, որուն վերապահուած հիմնական առաքելութիւնը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը յաջողցնող խորհրդարանի նիստի կայացումն է:

Այս համապատկերին մէջ լիբանանցի ժողովուրդը կը նշէ Անկախութեան օրը, գուցէ նաեւ առանց առաջադրելու պետական հաստատութիւններու լիիրաւ վերագործարկումը` սկսելով նախագահի ընտրութենէն: Իրադրութիւնը այնպէս է, որ թէ՛ քաղաքական դաշտը եւ թէ՛ հասարակարգը ընդհանրապէս կը սպասեն նոր ելակէտի մը, բանակցային գործընթացի  նոր մեկնարկի մը, որուն կայացման որոշումը յայտնաբար լիբանանցիներուն չի պատկանիր: Կը թուի, որ կայ լուռ հաւաքական ենթագիտակցութիւն, որ նախագահի ընտրութեան, վարչապետի նշանակման, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի թեկնածուի անունին շուրջ համաձայնութեան, բանակի հրամանատարի պաշտօնավարման երկարաձգման կամ ընդհանրապէս պետական հաստատութիւններու վերագործարկման որոշումները լիբանանցիներուն չեն պատկանիր: Պիտի հասուննայ տակաւին ելակէտային ժամը, որմէ ետք իրերայաջորդ կշռոյթներով բնականոն հուն դառնայ պետութիւնը:

Անկախութիւնը  ամէն բանէ առաջ պետութիւն կ՛ենթադրէ. իսկ պետութիւնը իր գործառոյթներու իրականացման համար ամբողջական լիազօրութիւններ ունեցող պաշտօններ: Չկան պաշտօններ զբաղեցնողները, կան մասնակի, ընթացիկ աշխատանքներ վարողներ. կայ ուրեմն ընթացիկ պետութիւն եւ ժողովուրդ, որ կը համակերպի այդ ընթացիկութեան:

Այս ընթացիկութիւնը ինքնահոսութեան առաջնորդած է ամբողջ երկիրը: Ինքնահոս ձեւով կը ղեկավարուին թէ՛ պետութիւնը, թէ՛ տնտեսութիւնը, եւ թէ ընդհանրապէս հասարակարգը: Ընթացիկ պետութիւն, ընթացիկ հասարակարգ: Ահա՛ լիբանանեան բանաձեւը:

Ինքնահոս դրութեամբ շուկան կ՛ընթանայ, նոյն եղանակով դրամանիշը անբացատրելիօրէն կը կայունանայ, նոյն եղանակով ֆինանսական շրջանառութիւններ տեղի կ՛ունենան ներքին եւ արտաքին` դրամատնային անդամալոյծ վիճակով, կալուածային, բեռնափոխադրութեան եւ ինքնաշարժներու պետական արձանագրութիւններու բաժիններ կ՛առկախուին, յետոյ կը վերագործարկուին ընթացիկ աշխատելաձեւերով, դեղորայքը կը բացակայի, յետոյ կը ներածուի նոյն տրամաբանութեամբ, հիւանդանոցային ծառայութիւնները կը գործեն առանց պետական նեցուկի, եւ կեանքը կ՛ընթանայ լիբանանեան հունով: Ընթացիկ կարգով:

Վերջին երեւոյթը, սահմանային պատերազմը: Կարծէք այլ երկիր մըն է պատերազմի մէջ յայտնուածը սահմանային գօտիի գիծերը չհատող պատերազմ մը, որ լիբանանեան ընթացիկութեան տրամաբանութեամբ կ՛ընթանայ:

Այս բոլորին սովորականացումն է, որ պարուրած է ամբողջ Լիբանանը` պետականութեամբ եւ հասարակարգով: Ընթացիկ են բարձրագոյն թափուր պաշտօնները, սղաճը, պետական զանազան տեսակի ծառայութիւններու ի սպառ բացակայումը, եւ ինքնահոսի ձգուած են քաղաքացիներու կեանքը, ապրուստը, հարցերը ինքնուրոյն լուծելը, մինչեւ հոսանքի, ջուրի եւ կենսական տարրական կարիքներու ինքնամատակարարումը:

Անկախութիւնը  ամէն բանէ առաջ ազգային գիտակցութիւն է: Այս պարագային մերժելու այս ընթացիկութիւնը եւ շրջելու ինքնահոսութեան միտումը: Վերակերտելու համար`

– Պետութենէն քաղաքացիական իրաւունքներ պահանջող եւ միաժամանակ պետութեան հանդէպ իր բոլոր պարտաւորութիւնները կատարող հասարակարգ,

– Հատուածականութենէ դուրս, հեռակառավարում մերժող եւ բացառապէս համալիբանանեան շահերու վրայ կառուցուած պետութիւն:

Որպէսզի ամբողջ երկիրը դուրս գայ պարտադրուած ընթացիկութենէն եւ ինքնահոսութենէն:

Նախորդը

Մուրատ Փափազեան. «Պիտի Պայքարիմ՝ Վերականգնելու Համար Հայաստան Վերադառնալու Իմ Իրաւունքս»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (21 Նոյեմբեր 2023)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.