Մինչեւ 23 նոյեմբերին Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն չի նախատեսուիր:
Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` պատասխանելով լրագրողներու համապատասխան հարցումին:
«Առայժմ ոչ: Սակայն բուն վեհաժողովը եւս տակաւին տեղի չէ ունեցած: Որքան գիտեմ, Փաշինեանը Մինսք պիտի չգայ», շեշտած է Քրեմլինի բանբերը:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Փեսքով նաեւ յայտարարած է, որ Քրեմլինի մէջ տակաւին չեն գիտեր` Փաշինեանը արդեօք կը պատրաստուի՞ ներկայ գտնուելու տարեվերջին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած ԵԱՏՄ եւ ԱՊՀ վեհաժողովներուն, թէ՞ ոչ, սակայն բոլորը հրաւիրուած են:
«Առայժմ չենք գիտեր, բոլորը հրաւիրուած են: Հայկական կողմը շատ լաւ գիտէ, որ բոլորը հրաւիրուած են», ըսած է Փեսքով` պատասխանելով լրագրողներու համապատասխան հարցումին:


