Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ Զգուշացուց Յառաջիկայ Շատ Դժուար Օրերէն` Հաստատելով, Որ Լիբանան Պատերազմի Մէջ Պէտք Չէ Ներքաշուի

November 20, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի եւ տիւրզի համայնքի դատաւոր շէյխ Կանտի Մաքարեմի, երէկ այցելութիւններ կատարեց Շուիթ, Պաալշմէյ եւ Ապատիէ գիւղաքաղաքները:

Հանդիպումներուն ընթացքին Ուալիտ Ժոմպլաթ անդրադարձաւ Կազայի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդին դիմադրութեան` մտավախութիւն յայտնելով, որ Կազայի պատերազմին շրջագիծը կրնայ ընդարձակուիլ:

Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց լիբանանեան համագործակցութեան եւ միացեալ կեցուածքի որդեգրումին, յատկապէս` երկրին դիմագրաւած ներկայ դժուար պայմաններուն ընթացքին:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան պատերազմի մէջ պէտք չէ ներքաշուի, եւ զգուշացուց յառաջիկայ շատ դժուար օրերէն` աւելցնելով, որ ըստ երեւոյթին որոշումը այն է, որ Կազայի շրջափակումն ու քանդումը շարունակուին` Աստուծոյ վստահելով Կազայի եւ Այսրյորդանանի պաղեստինցիներուն ճակատագիրը:

«Կացութիւնը կրնայ շատ աւելի վատ ըլլալ, քան ինչ որ էր Պէյրութի շրջափակման եւ ներխուժումի օրերուն, հետեւաբար լիբանանցիները պէտք է համագործակցին եւ միացեալ կեցուածքով ներկայանան», շեշտեց ան:

Նախորդը

Ֆատի Մասրի Ընտրուեցաւ Պէյրութի Իրաւաբաններու Սենտիքայի Նախագահ

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծին Վրայ Փոխադարձ Ռմբակոծումները Աւելի Սաստիկ Թափով Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.