Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Բանակի Հրամանատարութեան Ճակատագիրը Կը Մնայ Անորոշ, Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները Կը Շարունակուին

November 18, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ բանակի հրամանատարութեան պաշտօնին համար նոր նշանակում կատարելու կամ 10 յունուար 2024-ին հանգստեան կոչուող բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարելիութիւնները կը շարունակեն մնալ խորհրդակցութեան առարկայ նիւթեր, հարաւային Լիբանանի մէջ բախումները կը շարունակուին Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ:

Բայց եւ այնպէս արտաքին առումով` հարաւային սահմանագիծին վրայ նոյն թափն ու կշռոյթը ունեցող բախումները, տարբեր են  ներքին լիբանանեան իմաստով արձանագրուած զարգացումներէն:

Ներքին լիբանանեան իմաստով, երէկ յետմիջօրէին Պետական շուրան, գլխաւորութեամբ` դատաւոր Ֆատի Էլիասի, չեղեալ նկատեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի այն որոշումը, թէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով քաղաքական անձնաւորութիւնները հարցաքննութեան նիստերուն մասին տեղեակ պէտք չէ պահուին:

Միւս կողմէ, նախանցեալ գիշեր իսրայէլեան հրետանին գնդակոծած էր Համամեսը, Խիամը, Մուզլեմ հովիտը` Ռամիայի եւ Պէյթ Լիֆի միջեւ: Իսկ Հըզպալլայի մարտիկները հակահրետանային հրթիռներով թիրախ դարձուցին «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը` իսրայէլեան Պրանեթ զինուորական դիրքին մէջ:

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Մաժիտիէն, Հըլթան, Սալամիէն, Քֆարշուպան, Քֆարհամամը, Մազարեհ Շեպաան, Արքուպը եւ Հասպայան: Միաժամանակ իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց Արեւմտեան Պեքաայի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի, յատկապէս Արամթայի, Մահմուտիէի, Համամեսի բարձունքներուն, Մերժահիունի եւ Խիամի վերեւ:

Դիմադրութեան զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, թէ ժամը 10:30-ին Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծած են Թայհաթի մօտակայքը` իսրայէլեան Մարժ զինուորական դիրքին վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը եւ հարուածած ուղղակի թիրախներ:

Հըզպալլայի մարտիկները ժամ մը ետք` 11:30-ին, համապատասխան հրթիռներով թիրախ դարձուցին Մալիքիէ իսրայէլեան զինուորական դիրքը:

Կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին Դիմադրութեան մարտիկները հրետակոծեցին իսրայէլեան բանակի համախմբումները` Երվոնի եւ Տհայրայի դիրքերուն վրայ:

Յետմիջօրէի ժամը 15:40-ին Հըզպալլա թիրախահար հրթիռներ արձակեց իսրայէլեան Ասի զինուորական դիրքին ուղղութեամբ:

Ժամը 16:25-ին իսրայէլեան Պըրքեթ Ռիշա զինուորական դիրքը դարձաւ թիրախ` Դիմադրութեան մարտիկներու հրթիռներուն, իսկ Ռահեպ զինուորական դիրքին վրայ իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը ուղղակի ռմբակոծուեցաւ:

Իսրայէլեան ուժեր առաւօտեան ժամը 9:30-ին հրետակոծեց Եարինը, Ժըպպինը եւ Մուզլեմ հովիտը:

Երկու ժամ ետք իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Այթարունը, Պլիտան եւ Հուլան:

Յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց Զըպքինը:

Նախորդը

Պըրրի Խստիւ Մերժեց Ռայի Պատրիարքին Դէմ Ցեխարձակումները

Յաջորդը

Ֆրանսան Խոր Մտահոգութեամբ Կը Հետեւի Երուսաղէմի Հին Քաղաքի Հայկական Թաղամասին Մէջ Տիրող Լարուածութեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.