
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը եւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ ապահովական գործակցութեան վերաբերող համաձայնագիրները:
Հանդիպումին ընթացքին այդ համաձայնագիրներուն շուրջ արձանագրուեցան որոշ նկատողութիւններ:
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, վարչապետ Միքաթի Թուրքիոյ փոխադրութեան հարցերու նախարար Պինալի Եըլտըրըմի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին
քննարկած է փոխադրութեան մարզին վերաբերող երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
Այս քննարկումներուն շրջագիծին մէջ նշուած է, որ Լիբանանի հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնը կը միտի Թուրքիայէն գնել 250 նոր պաս` զանոնք հանրային փոխադրութեան մարզին տրամադրելու համար:
Նոյն լրատու գործակալութիւնը հաստատեց նաեւ, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յառաջիկայ մէկ կամ երկու ամսուան ընթացքին պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Թուրքիա, ուր պիտի վերջնականանան պասերու գնման համաձայնութիւնները:
«Անատոլու» նշեց նաեւ, որ Եըլտըրըմ հանդիպում մը ունեցած է լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ղազի Արիտիի հետ:


