Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Քանաանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

November 17, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց Կազայի իրադարձութիւնները, որոնք ցեղասպանական արարքներ են, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները, որոնք դարձեալ ռմբակոծումի թիրախ կը դարձնեն քաղաքայինները, երեխաներն ու լրագրողները:

Հանդիպումէն ետք Քանաան հարց տուաւ. «Ո՞ւր է միջազգային հասարակութիւնը շրջանին մէջ այս զարգացումներուն մէջ»:

Ան աւելցուց, որ պէտք է աղէտն ու քանդումը վերջ գտնեն, եւ միջազգային օրէնքով հաստատուին զոյգ պետութիւններ` լուծելու համար արաբեւիսրայէլեան այս տագնապը:

Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ոչ ոք կը փափաքի պատերազմի մէջ ներքաշուիլ` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած մագլցումները ազգային միասնականութիւն կ՛ենթադրեն, ինչպէս նաեւ աւելի անհրաժեշտ կը դարձնեն նախագահական ընտրութիւնը, որովհետեւ Լիբանանը իր բոլոր հաստատութիւններով անդամալուծուած է, «եւ յաւելեալ ոչինչ կրնայ հանդուրժել», շեշտեց ան:

Քանաան հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքը հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահական ընտրաշրջանը աւարտելէն առաջ յայտնած էր, թէ Լիբանանի տագնապին լուծումը կը սկսի հանրապետութեան նոր նախագահին ընտրութեամբ:

Քանաան յայտնեց նաեւ, որ Ռայի պատրիարքին ներկայացուցած է 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծի քննարկումներուն վերաբերող մանրամասնութիւնները` շեշտելով, որ յանձնախումբը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ 2024-ի պետական ամավարկը կառավարական շրջաբերականով մը չհրապարակուի, որովհետեւ իր բովանդակած տուրքերով ժողովուրդը կրնայ մղել դէպի տնտեսական զերոյէն վար պայմաններ:

Ռայի պատրիարքին դէմ ցեխարձակումներու արշաւին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Քանաան նշեց. «Պքերքէ զինք պաշտպանողի կարիք չունի. անոր պատմութիւնը յստակ է եւ բոլորին ծանօթ: Ռայի պատրիարքին կեցուածքը յստակ է, ան բոլոր լիբանանցիներուն բարօրութեան մասին եւ զանոնք իրենց հողին վրայ պահելու մասին կը մտածէ: Իսկ անոր վերջին քարոզին մէջ ան զօրակցութիւն յայտնեց բոլորին` մեր մշակոյթին եւ կրօնին համաձայն, հետեւաբար այս իրականութենէն բացի որեւէ այլ մեկնաբանութիւն կը հակադրուի պատրիարքին բառարանին», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, նշենք, որ կաթողիկէ համայնքի տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէն գերապայծառ Ապտօ Ապու Քասմ խստիւ մերժեց Ռայի պատրիարքին դէմ հնչող ցեխարձակումները` հաստատելով, որ նման արտայայտութիւններ ցոյց կու տան թաքուն ատելութիւն մը, որ ազգային միասնականութեան չի ծառայեր:

«Ռայի պատրիարքին դէմ ցեխարձակումներ կատարողները պէտք է լաւ իմանան, որ իրենց արտայայտութիւններով պատրիարքին արժանապատուութիւնը, վարքն ու բարքը, ինչպէս նաեւ աշխատելու կորովը չեն ոչնչանար», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրած իր մէկ գրառումին ընդմէջէն յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հասցէին հնչած ներքին լիբանանեան որեւէ վարկաբեկում դատապարտելի է, յատկապէս` Լիբանանի եւ շրջանին դիմագրաւած այս արտակարգ եւ գերզգայուն փուլին ընթացքին:

 

 

Նախորդը

Կառավարութեան Նիստ. «Բանակի Հրամանատարութեան Թղթածրարը Կարիքը Ունի Յաւելեալ Խորհրդակցութեան» Շեշտեց Հալապի

Յաջորդը

Դիմադրութիւնը Կազմ Ու Պատրաստ Կը Յայտարարէ Ինքզինք` Դիմակայելու Իսրայէլեան Որեւէ Յարձակում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.