Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու Ապառազմականացուած, Ահաբեկչական Տարրերէ Մաքրուած Եւ Վերակառուցուած Կազա Մը Կ՛ուզէ

November 11, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը «լաւ եւ արտակարգ» կերպով կ՛իրականացնէ Կազայի դէմ իր յարձակումը, որ «պիտի շարունակուի մինչեւ Համասէն ձերբազատումը, եւ ոչինչ պիտի կասեցնէ մեզ»:

«Նպատակներ ճշդեցի, սակայն ոչ ժամանակացոյց, որովհետեւ հարցը կրնայ երկար ժամանակ պահանջել», ըսաւ ան:

«Քայլ առ քայլ յառաջ կ՛ընթանանք նուազեցնելով մեր կորուստները, մինչ կը փորձենք նուազեցնել ու մեղմացնել քաղաքային կորուստները եւ առաւելագոյնս աւելցնել ահաբեկչական Համասի կորուստները, եւ մինչեւ հիմա կը կարծեմ ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ», յայտնեց Նեթանիահու` շեշտելով. «Մենք Կազային իշխելու չենք ձգտիր, զայն բռնագրաւելու չենք ձգտիր, սակայն կը ջանանք անոր եւ մեզի աւելի լաւ ապագայ պարգեւել: Բայց եւ այնպէս, որոշ ժամանակ Իսրայէլին անհրաժեշտ պիտի ըլլայ յուսալի ուժ, որ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի մտնէ Կազա եւ պիտի վերացնէ մարդասպանները` կանխարգիլելու համար Համասի վերածնունդը»:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ իր քննարկումներուն` Նեթանիահու յայտնեց. «Կայ բան մը, որ չընդունեցինք, ատիկա զինադադարն է: Համասի հետ զինադադարի հաստատումը անձնատուութիւն կը նշանակէ, եւ առանց գերիներու ազատ արձակման զինադադար պիտի չըլլայ»: «Համաձայնեցանք (քաղաքայիններու Կազայի հիւսիսէն հարաւ անցնելու համար) անվտանգ միջանցքներ ստեղծելու շուրջ», աւելցուց ան:

Ինչ կը վերաբերի Կազայի ապագային վերաբերեալ իր ծրագիրներուն, Իսրայէլի վարչապետը յայտնեց. «Ինծի համար յստակ է, թէ ինչպիսի՛ն պէտք է ըլլայ Կազայի ապագան: Այս ճակատամարտի աւարտին Համասը պիտի վերանայ, մենք պիտի կործանենք Համասը ոչ միայն մեզի համար, այլ նաեւ յանուն քաղաքակրթութեան, յանուն պաղեստինցիներու եւ իսրայէլացիներու: Մենք Կազան կ՛ուզենք տեսնել ապառազմականացուած, արմատական տարրերէ մաքրուած եւ վերակառուցուած»:

«Իմ ակնկալիքներս այն են, որ Կազան վերակառուցուի Կազայի ժողովուրդին համար», եզրափակեց Նեթանիահու:

Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ կը ձգտի Կազայի մէջ պատերազմը 3 օր կամ աւելի երկար ժամանակ դադրեցնել, որպէսզի կարելի ըլլայ Համասի մօտ գտնուող գերիները դուրս բերել:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Նիւ Տելհի այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ Կազայի մէջ պաղեստինցի քաղաքայինները պաշտպանելու եւ անոնց մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու համար «յաւելեալ ջանք թափելու կարիքը կայ»: Ան միեւնոյն ժամանակ ողջունեց Կազայի հիւսիսէն բնակչութեան տարհանման համար օրական «զինադադարներ» հաստատելու Իսրայէլի համամտութիւնը:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնած են. «Իսրայէլեան բանակը Կազայի մէջ իր գործողութիւնը գործադրելու սահմանափակ ժամանակ ունի, եւ Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակին առջեւ ժամանակը սահմանափակ է, նախքան շրջանին մէջ զայրոյթի եւ Ուաշինկթընի մէջ հիասթափութեան ալիքի բարձրացումը, որոնք պիտի խոչընդոտեն Համասը կործանելու Իսրայէլի նպատակը»:

Պաշտօնատարները ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին յայտնեցին. «(Ամերիկացի) զինուորական ղեկավարները Իսրայէլի մէջ իրենց պաշտօնակիցները յորդորեցին փոխան 2000 թոն կշռող ռումբերու 250 թոն կշռող թիրախահար հրթիռներ օգտագործել, եւ Կազայի մէջ Իսրայէլի զինուորական գործողութիւնը որքան երկարի, այնքան կ՛աւելնան շրջանին մէջ պատերազմի շրջագիծի ընդլայնուելուն առիթները»:

«Իսրայէլի ցամաքային գործողութիւն շղթայազերծելու շտապ որոշումը քաղաքայիններու վրայ վտանգը նուազեցնելու առիթ չընծայեց», նշեցին պաշտօնատարները` աւելցնելով. «Ամերիկայի մէջ զինուորական ղեկավարներ առօրեայ դրութեամբ կը փորձեն Իսրայէլի մէջ իրենց պաշտօնակիցները մղել աւելի ճշգրիտ գործողութիւններ գործադրելու»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Իսրայէլի` Կազայի դէմ հիւլէական ռումբ օգտագործելու սպառնալիքը «անընդունելի է» եւ «սադրիչ է»:

«Ատիկա ցեղասպանութիւն գործելու սպառնալի՞ք է», հարց տուաւ ան եւ աւելցուց. «Այդպիսի յայտարարութիւններ արդարացում չեն կրնար ունենալ»:

Զախարովա նշեց, որ այդպիսի յայտարարութիւնները ոչ միայն կը հաստատեն Իսրայէլի հիւլէական զէնք ունենալը, այլ նաեւ ցոյց կու տան զայն ոչ պատշաճ բեմագրութիւններու մէջ օգտագործելու կարելիութեան մասին մտորելը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Կազայի մէջ հազարաւոր կիներ, երեխաներ ու նորածիններ սպաննողները հաշուետուութեան պիտի ենթարկուին»:

«Իսրայէլ քաղաքայիններու դէմ ջարդեր կը գործէ, եւ մենք մեր ամբողջ ուժով կը փորձենք զինադադարի եւ Կազայի վրայ յարձակումի աւարտին հասնիլ», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով. «Աշխարհի տարածքին շարք մը երկիրներ կ՛անտեսեն Կազայի մէջ Իսրայէլի ջարդերը»:

«Թուրքիան ջանքեր կը գործադրէ Կազայի մէջ արիւնահոսող այս վէրքը փակելու համար: Եթէ Միացեալ Նահանգներ կիսեն այս մօտեցումը, ապա Իսրայէլը կանգնեցնելը շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով. «Քանի Իսրայէլի հարցը տակաւին չէ լուծուած, տեւական խաղաղութիւն եւ ամբողջական միջազգային իրաւակարգ չի կրնար ըլլալ` ո՛չ մեր շրջանին մէջ, ո՛չ ալ ամբողջ աշխարհի վրայ»:

«Ինչ կը վերաբերի պատանդներու հարցին, Համաս շահագրգռուած չէ խաղաղ բնակիչները պատանդ պահելով: Ընդհակառակն, Իսրայէլի կողմէ պահուող պաղեստինցիներու ազատագրում պէտք է ըլլայ: Եթէ մենք` իբրեւ Թուրքիա, կը միջամտենք, ապա Իսրայէլը պէտք է անյապաղ ազատ արձակէ պաղեստինցիները, իսկ միւս կողմէ` Համասի մօտ պահուող իսրայէլացիները պէտք է ազատ արձակուին: Սակայն այստեղ երկու բան կայ: Կան զինուորներ: Կան խաղաղ բնակիչներ: Համասը խաղաղ բնակիչները չազատելու վճռականութիւն չունի, անոնք կ՛ըսեն. «Մենք պիտի ազատենք»: Ի հարկէ, այնտեղ զինուորներ կան: Այս զինուորներուն մէջ կան նաեւ բարձր աստիճաններ ունեցողներ: Սակայն ակնյայտ է նաեւ Իսրայէլի անսկզբունքայնութիւնը, որ պատանդ կը վերցնէ հինգ, տասը, տասնհինգ տարեկան երեխաները: Եթէ դրական քայլեր ձեռնարկուին, մենք որեւէ ռիսքի պիտի դիմենք եւ պիտի փորձենք նպաստել այս հարցի լուծման», Թաշքենտէն վերադառնալու ընթացքին օդանաւին մէջ լրագրողներուն ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարը:

Անգարայի մէջ խօսք արտասանելով Էրտողան նաեւ յայտարարած է. «Անոնք (Իսրայէլը) մեր համբերութիւնը կը փորձեն` Աւետեաց երկրի իրենց պատրանքներով, որոնք կը ներառեն մեր երկրի տարածքները, ինչպէս նաեւ հիւլէական զէնքի կիրարկման սպառնալիքներով»: Էրտողան նշեց, որ իսրայէլեան կողմը «պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուի եւ պիտի դատուի ամբողջ մարդկութեան առջեւ»:

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը երէկ Ռիատի մէջ Սէուտական-ափրիկեան վեհաժողովի բացման ընթացքին յայտարարեց. «Պէտք է դադրեցնել Կազայէն պաղեստինցիներու բռնի տեղահանումը»: Ան բուռն կերպով դատապարտեց Կազայի մէջ Իսրայէլի արարքները:

Նախորդը

Թեհրանն Ու Պաքուն Համաձայնած Են Արաքսի Ափով Երկաթուղիի Եւ Մայրուղիի Երթուղիին Շուրջ

Յաջորդը

Թշնամիին Զինուորական Դիրքերուն Հասած Լուրջ Հարուածներէն Ետք` Հարաւային Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Ռմբակոծումներուն Թափը Կը Սաստկանայ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.