Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. ՄԻՆՉԵՒ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ

April 5, 2011
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստեփանակերտի օդակայանի բացման յայտարարութիւնը ուղղակի քաղաքական իրադրային նշանակութիւն ունի: Ամէն բանէ առաջ Արցախի անկախ հանրապետութեան յաւելեալ ամրագրումին հիմնովին նպաստող քայլ է: Իրողականէն անդին անկախութեան իրաւական ճանաչումին ձգտող քայլ է անիկա նաեւ այն առումով, որ եթէ իրականացուելիք թռիչքները սկզբնական շրջանին Երեւան-Ստեփանակերտ են կամ հակառակ ուղղութեամբ, ապա, յայտարարութիւններուն համաձայն նաեւ դէպի արտաքին աշխարհ են յառաջիկային: Յամենայն դէպս, օդակայանի կառոյցը այնպիսին է, որ միայն մէկ ուղղութեամբ թռիչքներ իրականացնելու համար չէ:

Պաշտօնական Պաքուի հակազդեցութիւնը ջղագրգիռ էր անշուշտ եւ այդ առումով ազրպէյճանական կողմին համար օրինաչափ: Այնքան մը, որ Ազրպէյճանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընկերութեան վարչութեան պետը սպառնացած էր հարուածել Ստեփանակերտէն թռիչք առնող կամ դէպի Ստեփանակերտ ուղեւորուող օդանաւերը:

Հարցը անշուշտ հրապարակային քննարկումի ենթարկուեցաւ ինչպէս հայկական, այնպէս ալ ազրպէյճանական պետական, հասարակական եւ լրատուական շրջանակներուն մէջ: Նախ եւ առաջ անհասկնալի էր (եւ ոչ միայն անհասկնալի) Ազրպպէյճանի մէջ Միացեալ նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզայի յայտարարութիւնը, ըստ որուն` մինչեւ օդակայանի բացուիլը հարցը պէտք է քննարկուի երկու կողմերուն միջեւ: Եթէ դրական բաժին որոնենք ըսուածին մէջ այն պիտի ըլլայ հաւանաբար, որ կողմ ըսելով այս պարագային կը հասկցուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, ինչ որ պաշտօնական ճանաչումի մեկնաբանութեան տեղի տուող յայտարարութիւն է պաշտօնական Ուաշինկթընի մէկ ներկայացուցիչին կողմէ: Անհասկնալին այն է, որ արցախեան ճամբորդատար օդանաւեր պայթեցնելու ազրպէյճանցի պաշտօնատարին յայտարարութեան դիմաց ըսելիք չունի հակաահաբեկչական պայքարի ռահվիրայ ներկայացող երկրին ներկայացուցիչը: «Երկու կողմերը պէտք է քննարկեն օդակայանի բացումի խնդիրը»:Այսքան:

Մինչեւ Պրայզայի սպասուած քննարկումը սակայն, հայկական կողմը բաւական յստակացուց, որ պայթեցման սպառնալիքի տակ գտնուող օդանաւին առաջին ուղեւորը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, որ պաշտօնական Պաքուի կեցուածքը որակեց ոչ պետականավայել, այլ միջազգային ահաբեկչական կառոյցներուն յարիր ելոյթ:

Եթէ ընդունինք, որ քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընկերութեան Պաքուի պաշտօնատարին այս յայտարարութիւնը իր երկրի բարձրաստիճան դէմքերուն ռազմատենչ յայտարարութիւններուն շղթային մաս կազմող մէկ օղակ է պարզապէս, ապա կրկին անգամ հարցադրումը ինքզինք պարտադիր կը դարձնէ: Ինչո՞ւ չ՛երեւիր միջազգային ընտանիքին դատապարտանքը: Այստեղ հրադադարի խախտումի դէպքերուն պատասխանատուուոթիւնը հաւասարեցնելու մասին չէ խօսքը: Մէկ կողմը օդակայան կը բանայ, միւս կողմը կը սպառնայ պայթեցնել օդանաւերը: Հաւասարեցումը այս պարագային Միացեալ Նահանգներու դեսպանը կը կատարէ` մինչեւ օդակայանի բացումը կողմերը պէտք է համատեղ քննարկեն խնդիրը:

Հաւասարեցումի խաղը այստեղ տեղ չունի զարգանալու: Մինսքի խմբակի համանախագահները, ներառեալ` ամերիկացի համանախագահը, ամենայն հաւանականութեամբ իրենց հերթական այցելութիւններուն համար պիտի օգտագործեն դէպի Ստեփանակերտ թռիչքներէն մէկը, որուն նկատմամբ սպառնալիք հրապարակուած է եւ որ չէ դատապարտուած միջազգայնօրէն: Գոնէ մինչ այժմ:

Մէկ հիմնական կէտ եւս պէտք է դիտարկել եւ այս հանգրուանին համար փակել թեման: Հայկական օդանաւ պայթեցնելու սպառնալիք կատարողը Ազրպէյճանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընկերութեան վարչութեան պետն է եւ ոչ թէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը: Յայտնաբար քաղաքացիական եւ զինուորական ծառայութիւննները միեւնոյն լիազօրութիւններն ու իրաւասութիւնները  ունին Ազրպէյճանի մէջ: Այս մէկը եւս խնամքով անուշադրութեան մատնուած է միջազգային ընտանիքին կողմէ:

Միջնորդ կողմերը իրենց միջեւ պէտք է քննեն ա՛յս խնդիրը: Մինչեւ Ստեփանակերտի օդակայանին բացումը:

«Ա.»

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՊԱՐՈՒՏԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՌՈՒՄԻԷԻ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Յաջորդը

Օդերեւոթ, 6 ապրիլ 2011

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.