Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորէն Ստացաւ Հրաւէր Մը` Ներկայ Գտնուելու Ռիատի Արտակարգ Վեհաժողովին

November 7, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հրաւէր մը ստացաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորէն` ներկայ գտնուելու շաբաթ, 11 նոյեմբեր 2023-ին Ռիատի մէջ տեղի ունենալիք արտակարգ վեհաժողովին:

Վեհաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումն ու բռնարարքները:

Հրաւէրին մէջ արձանագրուած էր, որ Ռիատ այս քայլին նախաձեռնած է ընդառաջելու համար Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի կոչին:

Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Էնտրիւ Պարնզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միքաթի, ներկայութեամբ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինի, ընդունեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի խմբաւորումը:

Խմբաւորումի ընդհանուր քարտուղար Ապտալլա Ռիշա յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին վարչապետի պաշտօնակատարին եւ Շարաֆէտտինի հետ քննարկած են այս փուլին ընթացքին սուրիացի տեղահանուածներու գոյութեան սպառնացած վտանգը Լիբանանին:

Ռիշա ընդգծեց, որ հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է գործակցութիւնը շարունակել, ինչպէս նաեւ պահանջուած է ներկայացուցիչ մը ճշդել, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխատանքը համադրել:

Ռիշա նկատել տուաւ նաեւ, որ քննարկուած է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը աշխուժացնելու կարելիութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը պիտի քննարկէ ապօրինի կեցութիւն հաստատած սուրիացի քաղաքացիները տուն ղրկելու կարելիութիւնները` համաձայնելէ ետք ՄԱԿ-ին, միջազգային հասարակութեան եւ Սուրիոյ պետութեան հետ:

 

Նախորդը

Պու Հապիպ Միքաթիի Հետ Քննարկեց Արաբական Արտահերթ Վեհաժողովին Արտայայտուելիք Լիբանանի Պաշտօնական Կեցուածքը

Յաջորդը

Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.