Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 2, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սէուտ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-քաթարեան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Քննարկուեցան նաեւ երկիրը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները:

ԿՆՈՋ եւ երեխայի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին յայտնեց, որ երեսփոխանական պլոքները պէտք է ըլլան Լիբանանի դէմ ծառացող մարտահրաւէրներուն մակարդակին:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Վերանորոգում պլոքի երեսփոխաններ Միշել Մուաուատը, Աշրաֆ Ռիֆին, Ֆուատ Մախզումին եւ Ատիպ Ապտել Մեսիհը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ապտել Մեսիհ մեկնումի պահուն յայտնեց, որ պլոքը կը մերժէ զինուելու կոչերը եւ կառչած կը մնայ միջազգային օրինականութեան որոշումներուն ու սահմանադրութեան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կոչ ուղղեց Պաղեստինեան հարցին նկատմամբ արաբական միացեալ կեցուածքի մը, զոր կը հովանաւորեն Եգիպտոսն ու Սէուտական Արաբիան: Ան հաստատեց, որ Կազայի հերոսական զոհողութիւններուն վրայ պէտք է հիմնուիլ եւ մղել արաբական երկիրները քայլեր առնելու ու անմիջական զինադուլ իրականացնելու:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ դրուատեց Բրիտանիոյ մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Հուսամ Զալմաթի կեցուածքները, որոնց ընդմէջէն ան բացայայտեց իսրայէլեան խաբեբայութիւնն ու սիոնական ենթադրութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ արեւմտեան պետութիւնները կը զօրակցին բռնարարքներ գործողին եւ կը մասնակցին սպանդներուն` նահատակներուն պաշտպանութեան փոխարէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խեսուս Սանթոս Ակուատոն` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ Խոսէ Լուիս Խիմենես Կարֆանոյի: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները: Անոնք ընդգծեցին լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ աշխատանքը համադրելու ու գործակցելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախորդը

Կազայի Ապագային Վերաբերեալ Բազմաթիւ Տարբերակներու Քննարկում

Յաջորդը

Քարամէ Կ՛ողջունէ Կութիերեսի Կեցուածքը

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.