Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՀԽ-ի Յայտարարութիւնը` Ի Խնդիր Արցախահայութեան

November 2, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Գործադիր տնօրէն Հայ աւետարանական
համաշխարհային խորհուրդի

Առաջին շարք, ձախէն աջ` վեր. Ալպերթ Փայտեան, վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, դոկտ. Նազարէթ Տարագճեան, Զաւէն Խանճեան եւ վեր. Յովել Միքայէլեան: Երկրորդ շարք, ձախէն աջ` վեր. Կալվին Սաղըրեան, վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, վեր. դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան եւ վեր. Յովհաննէս Յովսէփեան:

Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի (ՀԱՀԽ) գործադիր յանձնախումբին ժողովը գումարուեցաւ 19-20 հոկտեմբերին, Սան Ֆրանսիսքոյի հայ աւետարանական  Գողգոթա եկեղեցւոյ մէջ:

Սոյն երկօրեայ ժողովին մասնակցեցան ՀԱՀԽ-ի եօթը եկեղեցական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Օրակարգի գլխաւոր նիւթերէն էին` Արցախի գրաւումը Ազրպէյճանի կողմէ եւ արցախահայութեան տեղահանութիւնը եւ Հայաստան հաստատուելու իրականութիւնը: Յետ խորհրդակցութեան, գործադիր ժողովը կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

Ընթացիկ տարուան սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան վրայ Ազրպէյճանի զանգուածային յարձակումին պատճառով ամբողջ արցախահայութիւնը ենթարկուեցաւ համատարած տեղահանութեան` ակամայ հեռանալով իր դարաւոր հայրենիքէն:

Արցախի բռնագրաւումը մեր նորագոյն պատմութեան չարաղէտ իրականութիւններէն մէկն է: Հայոց ցեղասպանութեան նման` հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս ենթարկուեցաւ պատմական Հայաստանի կարեւոր մէկ բաժինի կորուստին: Քաղաքակիրթ ազգեր եւ միջազգային հանրութիւնը անտարբեր մնացին կամ բաւարարուեցան միայն դատապարտումի պարզ կոչեր ընելով:

Հասկնալի է հայ ժողովուրդին վրդովմունքը եւ յուսախաբութիւնը` ի տես այս անսպասելի իրողութեան:

Անտարակոյս մեր նորագոյն պատմութեան մէջ ճակատագրական ժամանակաշրջան մը կը բացուի մեր առջեւ, որ ոչ միայն Հայաստանը, այլ ամբողջ ազգը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնէ:

Պատմական այս փուլին մեր ժողովուրդի անմիջական հրատապ հարցը արցախահայութիւնը մայր հայրենիքի մէջ տեղաւորելն է:

Կը հաւատանք, որ մեր համազգային առաջնահերթ պարտականութիւններէն մէկը Արցախի մեր հայրենակիցներուն օգնութեան ձեռք երկարելն է:

Իբրեւ հայ ազգի գործօն մէկ մասնիկը` Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը  իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի մեր հայրենակիցներուն եւ կոչ կ՛ընէ բոլոր հայորդիներուն`

– Յարգանքով խոնարհելու Արցախի հայ նահատակներու յիշատակին առջեւ,

– Գրկաբաց ողջունելու մեր գաղթական եղբայրները եւ քոյրերը մայր հայրենիքի մէջ,

– Ամոքելու անոնց ցաւը` սիրով եւ կարեկցութեամբ,

– Ջանալու բարձր պահել անոնց արժանապատուութեան զգացումը,

– Մեր նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ընծայելու` նուիրումով եւ նախանձախնդրութեամբ,

– Դատապարտելու ապօրինի բանտարկութիւնը Արցախի Հանրապետութեան նախկին եւ ներկայ ղեկավարութեան: Գնահատանքի եւ երախտիքի տուրք ընծայելու անոնց նուիրումին, ծառայութեան եւ զոհաբերութեան համար,

– Մեր յուսախաբութիւնը եւ ընդվզումը յայտնելու  միջազգային ընտանիքին, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան, արեւմտեան ազգերու կրաւորական անտարբեր դիրքին նկատմամբ Արցախի դէմ եղած անիրաւութիւններուն, ռազմական յարձակումներուն եւ բռնարարքներուն համար,

– Բողոքելու Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան եւ Միջազգային արդարութեան ատեանին` պատերազմական հայ գերիներու հանդէպ Ազրպէյճանի անմարդկային եւ անխիղճ վերաբերումին դէմ եւ պահանջելու անոնց անյապաղ ազատ արձակումը,

– Նեցուկ կանգնելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մեր նպաստը բերելու մեր հայրենիքի վերելքին եւ պետականութեան հիմքերու ամրացման:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր ազգակիցներուն, որ զգօն ու պատրաստ ըլլան, որ ամէն մէկը իր կարողութեան չափով օգնէ իր արցախահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն:

Ժամանակն է նաեւ, որ հայրենաբնակ եւ սփիւռքի հայութիւնը միակամ ոգիով իրենց գործնական ներդրումներու եւ միջոցներու ամբողջական տրամադրումով սատարէ հայ ժողովուրդի ներկայ գաղթականական ճգնաժամի յաղթահարումին:

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի
Գաղութէ Գաղութ

Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի

September 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.