Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Մենք Իսրայէլը Պիտի Յայտարարենք Պատերազմի Յանցագործ»

October 30, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան Իսրայէլը պատերազմի յանցագործ պիտի յայտարարէ եւ ատիկա պիտի ընէ միջազգային ամբողջ հանրութեան աչքին առջեւ: Այդ մասին Պոլսոյ մէջ Պաղեստինի հետ համերաշխութեան բազմամարդ հաւաքին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:

«Մենք արդէն կ՛աշխատինք այդ ուղղութեամբ: Քանի՞ երեխայ եւ կին տակաւին պէտք է մեռնի, իւրաքանչիւր երկիր ունի ինքնապաշտպանութեան իրաւունք, բայց ո՞ւր է արդարութիւնը, իսկական ջարդ տեղի ունեցած է Կազայի մէջ, անոնք կ՛ուզեն զանգուածաբար ոչնչացնել Կազայի ժողովուրդը` զրկելով սնունդէ, ջուրէ, վառելանիւթէ», ընդգծած է Էրտողան:

Ան Իսրայէլը անուանած է «զաւթիչ» եւ կրկնած, որ «Համաս» շարժումը ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ:

«Ո՛ւր էին Պաղեստինի եւ Կազայի սահմանները 1947 թուականին, ո՛ւր են անոնք հիմա, Իսրայէլ, դուք բռնագրաւող էք, խումբ, ոչ թէ պետութիւն, թուրք ազգը ատիկա գիտէ, եթէ Արեւմուտքը ձեզի բան մը պարտական է, ապա մենք պարտական չենք:

Երբ ես ըսի, որ «Համաս»-ը ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ, ատիկա անհանգստութիւն յառաջացուց Իսրայէլի մէջ: Մենք գիտէինք, թէ ի՛նչ արձագանգ պիտի ըլլայ, մենք բացայայտ եւ յստակ արտայայտեցինք մեր դիրքորոշումը»,  յայտարարած է Էրտողան:

Անոր համաձայն, Պաղեստինի հետ համերաշխութեան ցոյցին մասնակցած է մօտ մէկուկէս միլիոն մարդ: Ցոյցին կազմակերպիչները աւելի կանուխ յայտնած էին, թէ մասնակիցներուն թիւը կրնայ հասնիլ երկու միլիոնի:

Իսրայէլ Էրտողանի այդ յայտարարութիւններէն ետք որոշած է Թուրքիայէն տուն կանչել իր դիւանագէտները` «վերագնահատելու երկկողմանի յարաբերութիւնները»:

 

 

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ը Պաղեստինեան-Իսրայէլեան Տագնապի Գօտիին Մէջ Անյապաղ Հրադադար Հաստատելու Մասին Բանաձեւ Ընդունած Է

Յաջորդը

Ռայիսի. «Իսրայէլի Քայլերը «Հատած Են Կարմիր Գիծերը, Որոնք Կրնան Բոլորին Ստիպել Քայլերու Ձեռնարկել»

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.