Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը երէկ առաւօտեան հաղորդեց, որ «ցամաքային ուժերը գիշերուան ընթացքին համեմատաբար մեծ գործողութիւն կատարեցին»` աւելցնելով, որ գործողութեան նպատակը «Կազայի մէջ Համասի դիրքերը յարձակումի ենթարկելն է»:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց. «Մեր ուժերը Կազայի մէջ ցամաքային կեդրոնացուած յարձակումներ կատարեցին եւ թիրախ դարձուցին ենթակառոյցներ` առ ի պատրաստութիւն ցամաքային ճակատամարտին»:
Իսրայէլեան բանակը երէկ աւելի ուշ հաղորդեց, որ ներթափանցումը ժամեր տեւած է, եւ իր շարքերուն մէջ վիրաւորներ չեն արձանագրուած:
Իսրայէլեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Հատաս»-ին յայտնեց. «Ցամաքային գործողութեան համար զինուորական յարմար պահուն պիտի սպասենք, եթէ այդ գործողութեան կարիքը կայ»: «Արապիա» իր կարգին հաղորդեց, թէ իսրայէլեան բանակի բանբեր մը յայտնած է. «Բանակը ցամաքային գործողութեան շղթայազերծման համար զինամթերքի հասնիլը կը սպասէ»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու չորեքշաբթի գիշեր պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին յայտարարեց, որ իրենք ցամաքային գործողութեան կը պատրաստուին, սակայն պիտի չյայտարարէ` ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս` աւելցնելով, որ ցամաքային ներխուժման ժամկէտներուն վերաբերեալ միաձայնութեամբ որոշում տրուած է:
Ան Կազայի բնակիչներուն կոչ ուղղած է Կազայի հիւսիսային մասէն հարաւ տեղափոխուիլ:
Նեթանիահու ըսաւ, որ իրենց «գոյութեան համար պայքարի գագաթնակէտին են», եւ շեշտեց, որ կայ երկու նպատակ` ոչնչացնել Համասը եւ վերադարձնել գերիները:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ», վկայակոչելով իսրայէլացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ, հաղորդած էր, որ Իսրայէլ համաձայնած է յետաձգել Կազայի դէմ ցամաքային գործողութիւնը` առիթ տալու համար, որ Միացեալ Նահանգներ կարենան իրենց հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը տեղափոխել շրջան:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լիոր Հայաթ յայտնեց. «Իսրայէլ վրդովուած կը մերժէ Համասի ահաբեկիչներուն մասին Թուրքիոյ նախագահի յայտարարութիւնները: Նոյնիսկ Թուրքիոյ նախագահի այս փորձը` պաշտպանելու ահաբեկչական կազմակերպութիւնը եւ անոր հրահրիչ խօսքերը, պիտի չփոխեն այն սարսափները, որոնք տեսած է ամբողջ աշխարհը», յայտարարեց ան:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր. «Իսրայէլի նկատմամբ բարի կամեցողութիւն ունէինք, սակայն չարաշահեցին մեր բարի կամեցողութիւնը, ուստի ջնջեցի Իսրայէլ այցելութիւնս»:
Ան քննադատած էր Կազայի մէջ Իսրայէլի գործողութիւնը` նշելով, որ Անգարան «պիտի չարտօնէ Կազայի մէջ երեխաները սպաննել»:
«Ժամանակն է յստակօրէն խօսելու անոնց հետ, որոնք կիներն ու մանուկները կը սպաննեն», ըսած էր Թուրքիոյ նախագահը` յայտարարելով. «Համասը ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ, այլ ազատագրական շարժում, որ իր հողն ու ժողովուրդը կը փրկէ»:
Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Նեթանիահու հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Կազայէն «կարելի եղածին չափ շուտ հեռանալ փափաքող օտարահպատակներուն անվտանգ անցումի երաշխաւորումը»` նշելով. «Պայտըն յայտնած է, որ Իսրայէլ իրաւունքն ու պարտաւորութիւնն ունի, միջազգային օրէնքի յարգման ծիրին մէջ, իր քաղաքացիները ահաբեկչութենէն պաշտպանելու»:
Սպիտակ տունը հաղորդեց. «Պայտըն այս տագնապէն ետք իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ մնայուն խաղաղութեան հոլովոյթին վրայ կեդրոնանալու կարեւորութիւնը նշեց, ինչպէս նաեւ Նեթանիահուի հետ քննարկեց Կազայի մէջ քաղաքայիններուն մարդասիրական օժանդակութիւններու Ուաշինկթընի աջակցութիւնը եւ ողջունած օժանդակութիւնները աւելցնելու ջանքերը»:
«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կը հաղորդէ, որ Պայտըն յայտարարած է, որ Իսրայէլ չի կրնար Համասի դէմ կռուելէ ետք վերադառնալ սթաթիւս քոյին, եւ պէտք է պաղեստինցիներուն հետ աշխատի տագնապին` երկու պետութիւններու ստեղծումով լուծման ուղղութեամբ: «Չկայ վերադարձ դէպի սթաթիւս քոն, որ եղած է 6 հոկտեմբերի դրութեամբ», ըսած է ան` աւելցնելով. «Ատիկա կը նշանակէ ապահովել, որ Համաս այլեւս չի կրնար ահաբեկել Իսրայէլը եւ պաղեստինցի խաղաղ բնակիչները օգտագործել իբրեւ կենդանի վահան: Ատիկա նաեւ կը նշանակէ, որ երբ այս ճգնաժամը աւարտի, պէտք է ըլլայ տեսլական, թէ յաջորդը ի՛նչ պիտի ըլլայ, եւ, մեր կարծիքով, ատիկա պէտք է ըլլայ երկու պետութիւններու ստեղծումով լուծումը: Ատիկա կը նշանակէ կեդրոնացուած ջանքեր բոլոր կողմերէն` իսրայէլացիներէն, պաղեստինցիներէն, շրջանային գործընկերներէն, միջազգային ղեկավարներէն, որպէսզի կանգնին խաղաղութեան ճամբուն վրայ»:
Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն Իսրայէլը համոզել մարդասիրական զինադադար յայտարարելու:
Լիպիոյ խորհրդարանը Իսրայէլի զօրակցող երկիրներու դեսպաններէն պահանջեց «անմիջապէս» հեռանալ Լիպիայէն:
Ապահովութեան Խորհուրդը Ձախողեցաւ
Որեւէ Նախագիծ Որդեգրել
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը մերժեց Կազայի մէջ կացութեան վերաբերեալ ամերիկեան նախագիծ մը, որ զինադադարի կոչ չէր պարունակեր: Ռուսիա եւ Չինաստան զայն վեթոյի ենթարկեցին, 10 երկիրներ թեր քուէարկեցին, իսկ երկու այլ երկիրներ ձեռնպահ մնացին:
ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեփենզիա նիստի ընթացքին յայտնեց. «Ամերիկեան առաջարկուած ծրագիրը Իսրայէլը կը քաջալերէ մղելու ցամաքային պատերազմ, որ տագնապը պիտի ընդլայնէ ամբողջ շրջանին վրայ»` աւելցնելով. «Ամերիկացիները անտեսեցին իրենց ներկայացուած բոլոր նկատումները, որովհետեւ այս բնագիրը զինադադարի եւ Կազայի մէջ քաղաքայիններուն ու անոնց կալուածներուն վնաս չհասցնելու կոչ չ՛ուղղեր, այլ խօսքով` անիկա փաստաթուղթ մըն է, որ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու չի ձգտիր, այլ Իսրայէլին ցամաքային յարձակում շղթայազերծելու իրաւունք տալուն»:
Նեփենզիա շեշտեց, որ ամերիկեան նախագիծը իսրայէլեան յարձակումը շարունակելու Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ արտօնագիր է` «զայն կարելի չէ որդեգրել, որովհետեւ խորհուրդը ամբողջովին իր հաւաստիութիւնը պիտի կորսնցնէ»:
Ապահովութեան խորհուրդը նաեւ մերժեց Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ռուսական նախագիծ մը, որուն թեր քուէարկեցին 4 երկիրներ, դէմ` 2 երկիրներ, իսկ 9 ուրիշներ ձեռնպահ մնացին:
Նեփենզիա այս առումով ըսաւ. «Ռուսական ծրագիրը հաւասարակշռուած է եւ պրազիլական ու ամերիկեան նախագիծերէն տարրեր կը պարունակէ»: Ան աւելցուց, որ պիտի զօրակցի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ներկայացուած յորդանանեան նախագիծին` փոխհատուցելու համար Ապահովութեան խորհուրդի զինադադարի հաստատման կոչ ուղղող որոշումի մը որդեգրման ձախողութիւնը:
ՄԱԿ-ի մօտ Չինաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Չանք Ճուն իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը «Շարք մը երկիրներու, ներառեալ արաբական երկիրներու հետ խորհրդակցելէ ետք, (ամերիկեան) որոշումին ընդդիմացած է»:
Ան ըսաւ, որ ամերիկեան նախագիծը «կը պառակտէ միջազգային ընտանիքը, որովհետեւ նկատի չ՛ունենար պետութիւններու մտահոգութիւնները, այլ կողմնակալ է եւ հապճեպ կերպով ներկայացուած»: «Որոշումը չի դատապարտեր անկանոն ռմբակոծումը, Ահլի Մաամատանի հիւանդանոցի ոճիրին շուրջ հետաքննութիւն կատարելու կոչ չ՛ուղղեր, վերջ չի տար շարունակուող մարդասիրական աղէտին եւ Կազայի պաշարումը վերցնել չի պահանջեր», աւելցուց ան:
Միացեալ Նահանգներ իր կարգին վեթոյի ենթարկեցին պրազիլական նախագիծը, որ կոչ կ՛ուղղէր ջնջելու Կազայի բնակչութիւնը Եգիպտոսի Սինայի անապատի ուղղութեամբ տեղահանելու իսրայէլեան հրամանը: 12 երկիրներ թեր քուէարկեցին նախագիծին, իսկ Ռուսիան եւ Բրիտանիան ձեռնպահ մնացին:


