Ռուսիան կը նախատեսէ Ազրպէյճանի հետ «Պարզեցուած մաքսային միջանցք»-ի նախագիծ իրականացնել: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ դաշնակցային մաքսային ծառայութեան ղեկավարի պաշտօնակատար Ռուսլան Տաւիտով:
Տաւիտով ՌԲԿ-ի իր սիւնակին մէջ նշած է, որ ռուսական առեւտուրի վերակողմնորոշումը դէպի արեւելեան եւ հարաւային երկիրներ «կատարուած փաստ» կը նկատէ:
Ան մատնանշած է բարեկամ երկիրներու հետ միջազգային համաձայնագիրներու ծիրին մէջ ապրանքներու տեղաշարժը արագացնելու նախագիծերու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը: Ամէնէն հեռանկարայիններէն ան նշած է «Պարզեցուած մաքսային միջանցք» նախագիծերը Ազրպէյճանի, Իրանի, Սուրիոյ, Ուզպեքիստանի, Չինաստանի եւ Թուրքիոյ հետ:
Պարզեցուած մաքսային միջանցքը կ՛ենթադրէ վարչական բեռի եւ մաքսային հսկողութեան միջոցներու կիրարկման յաճախականութեան նուազեցում ապրանքներու յայտարարագրման եւ բացթողման ժամանակ` համաձայնագիր կնքած երկու երկիրներու միջեւ:


