Լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն շրջապտոյտի մը ձեռնարկած Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները` Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բռնարարքներու մագլցումներուն լոյսին տակ:
Քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:
Մեկնումի պահուն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Պասիլ յայտնեց, որ «Ազգային միասնականութեան եւ Լիբանանի պաշտպանութեան» խորագիրին շրջագիծին մէջ Պըրրիի հետ իր քննարկած բոլոր հարցերուն մասին փոխըմբռնում շօշափած է:
«Մեր պարտականութիւնն է նեցուկ կանգնիլ պաղեստինցիներուն, որոնք սպանդի կ՛ենթարկուին: Մեր պարտականութիւնն է նաեւ հաստատել Լիբանանի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը` իսրայէլեան բռնարարքներուն դէմ, ինչպէս նաեւ մեր պարտականութիւնն է ընդգծել, որ Լիբանան պէտք չէ ներքաշուի պատերազմի մը մէջ, որուն չ՛ուզեր մաս կազմել», ըսաւ ան:
Պասիլ շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ Լիբանանը պատերազմի մէջ ներքաշել, բացի եթէ անիկա պարտադրուի երկրին վրայ: «Այսինքն` Լիբանան պատերազմի մէջ կը ներքաշուի, եթէ Իսրայէլ յարձակում շղթայազերծէ Լիբանանի վրայ, եւ Լիբանան ստիպուի ինքզինք պաշտպանել: Ոչ ոք կը փափաքի պատերազմի մէջ ներքաշուիլ, սակայն ասիկա միաժամանակ չի նշանակեր, թէ իսրայէլացիներուն պիտի արտօնենք մեր վրայ յարձակիլ», հաստատեց Պասիլ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը նկատել տուաւ, որ իշխանութեան կառուցումը կ՛երաշխաւորէ երկրին վարչակարգին ընդհանուր կարգաւորումը, սկսեալ` հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն:
«Այս իմաստով կրնանք մէկ մօտեցումով առաջնորդուիլ, որովհետեւ պատերազմը պիտի երկարի եւ կարելի չէ սպասել անոր կամ անոր արդիւնքներուն: Պէտք է աշխատիլ համախոհութեամբ նախագահական ընտրութիւն կատարելու ուղղութեամբ», շեշտեց ան:
Պասիլ հաստատեց, որ ներկայիս յարմար պահը չէ իրարու հանդէպ մարտահրաւէրներու դռներ բանալու, այլ պէտք է իրարու շուրջ համախմբուինք` պաշտպանելու համար երկիրը այնպիսի ազդակներէ, որոնք կրնան պայթեցնել զայն: «Այդ ազդակներէն են` պաղեստինցի գաղթականներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարները, որոնց պատճառը հիմնական կողմ մըն է եւ անիկա պատրաստ է ու կարող` պայթեցնելու Լիբանանի կացութիւնը», եզրափակեց Պասիլ:


