Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն. «Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Պատերազմի Մագլցման Կարելիութիւն Կը Տեսնէ»

October 23, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յոյս յայտնեց, որ Համաս իր մօտ գտնուող յաւելեալ գերիներ ազատ կ՛արձակէ: Ան նշեց «վերջին շրջանին Կազայի մէջ ջուրի մատակարարումներու վերականգնումը, եւ Ամերիկան մտահոգ է ոչ ըմպելի ջուրի սպառման հետեւանքով հիւանդութիւններու տարածումով»:

Պլինքըն «Էն.Պի.Սի.Նիուզ»-ին յայտնեց. «Ամերիկան Իրանի գործակատարներու արարքներուն պատճառով Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի մագլցումի կարելիութիւն կը տեսնէ. Ուաշինկթըն մագլցում չ՛ուզեր»:

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը իր կարգին զգուշացուց, որ Կազայի մէջ իսրայէլեան պատերազմի շարունակումը ամբողջ շրջանին մէջ կացութեան պայթումի պիտի յանգեցնէ:

Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի խնդրանքով յետաձգած է Իսրայէլ իր այցելութիւնը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնած է. «Պատճառներէն մէկը, թէ ինչո՛ւ Համաս յարձակեցաւ Իսրայէլի վրայ… Անոնք գիտեն, որ ես կը պատրաստուիմ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստիլ սէուտցիներու հետ: Կռահեցէք ի՛նչ: Սէուտցիները կ՛ուզէին ճանչնալ Իսրայէլը»:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Կարմիր ծովուն վրայ գտնուող Իլաթ քաղաքին մօտ Կազայի մօտակայ շրջանի բնակիչներուն համար վրաններու քաղաք ստեղծելու ծրագիր գոյութիւն ունի:

Շաբաթ օր մարդասիրական օգնութեամբ բեռնաւորուած 20 բեռնատարներ Ռաֆահի անցքին ճամբով Եգիպտոսէն մուտք գործեցին Կազա, ապա կարճ ժամանակ ետք անցքը կրկին փակուեցաւ:

Շաբաթ օր կանուխ առաւօտուն նաեւ ռումբ մը պայթեցաւ Կիպրոսի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան մօտ: Կիպրոսի ձայնասփիւռի կայանը, յղում կատարելով իշխանութիւններուն, կը հաղորդէ, որ ոստիկանութիւնը կալանաւորած է 17-21 տարեկան չորս տղամարդ: Ինքնաշէն սարքը պայթած է Նիկոսիոյ մէջ դեսպանատան մուտքէն 30 մեթր հեռաւորութեան վրայ:

Կիպրական լրատուամիջոցներուն տուեալներով` կալանաւորուած են չորս տղամարդիկ, որոնք ենթադրաբար Սուրիայէն եկածներ են:

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչի առաջին տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքի «Էքս»-ի վրայ գրած է, որ «երեքշաբթի տեղի պիտի ունենան բաց բանավէճեր Միջին Արեւելքի վերաբերեալ»` շեշտելով, որ խօսքը հերթական նիստի մասին է, որ նախատեսուած էր, թէ տեղի պիտի ունենար նախապէս:

Նախորդը

Իսրայէլ Երէկ Արշալոյսին Միաժամանակ Հրթիռակոծեց Դամասկոսի Եւ Հալէպի Օդակայանները

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.