Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպանիոյ Խորհրդարանականները Յայտարարութեամբ Դատապարտած Են Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Գործողութիւնները

October 19, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանիոյ խորհրդարանի 7 խմբակցութիւններ 17 հոկտեմբերին որդեգրած են յայտարարութիւն մը Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ գործուած յարձակումին վերաբերեալ, որուն հետեւանքով հազարաւոր հայեր բռնի տեղահանուեցան:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ յայտարարութեան մէջ խմբակցութիւնները խստօրէն դատապարտած են «Ազրպէյճանի` արդարացում չունեցող յարձակումը, որ սպառնալիք կը ստեղծէ շրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան համար»:

Խմբակցութիւնները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են այն փաստին առնչութեամբ, որ Ազրպէյճանը կը հրաժարի կատարել 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի մասին համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ կեանքի չի կոչեր Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները:

Սպանիոյ օրէնսդիրները պահանջած են Ազրպէյճանէն անյապաղ դադրեցնել թշնամական գործողութիւնները` յիշեցնելով, որ այդ պետութիւնը ժամանակին վաւերացուցած է Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ պատիժի մասին ՄԱԿ-ի հռչակագիրը:

Անոնք դատապարտած են ազրպէյճանական գործողութիւններուն հետեւանքով հայկական կողմին մէջ արձանագրուած մարդկային կորուստները` իրենց համերաշխութիւնը յայտնելով Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ եւ պէտք է նպաստէ տագնապի բանակցային ու տեւական լուծման որոշումներուն:

 

Նախորդը

Մոսկուա Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Փաշինեանի Խօսքերը Կը Գնահատէ «Բացարձակ Անպատասխանատու Եւ Սադրիչ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Անգարան Պէյրութի Մէջ Կը Խաղարկէ Երկակի Չափանիշներ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Պէտք Է Ամուր Կանգնիլ Եւ «Ո՛չ» Ըսել Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Համատեղ Փաթեթին»

November 3, 2026
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

November 3, 2026
«Թեհրան «Թրամփի Ուղի»-ին Շուրջ Լուրջ Մտահոգութիւններ Ունի,  Սակայն Կը Վստահի Երեւանին»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Թեհրան «Թրամփի Ուղի»-ին Շուրջ Լուրջ Մտահոգութիւններ Ունի, Սակայն Կը Վստահի Երեւանին» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.