Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Անգարան Պէյրութի Մէջ Կը Խաղարկէ Երկակի Չափանիշներ

October 19, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ այցելութեան ընթացքին կատարած յայտարարութիւններէն պէտք է առանձնացնել քանի մը առանցքային կէտ:

Նախ այն, որ Թուրքիան կ՛աշխատի, որ պատերազմը չընդլայնի եւ Լիբանանը զերծ մնայ պատերազմական գործողութիւններէն: Երկրորդը`   Կազայի մէջ իրադարձութիւններուն առումով Թուրքիա կատարելապէս կը զօրակցի Եգիպտոսի կեցուածքին եւ կը նշէ, թէ ժամանակը հասած է, որ  միջազգային հասարակութիւնը քայլերու դիմէ 1967-ի սահմաններուն հիման վրայ եւ մայրաքաղաք Երուսաղէմով Պաղեստինեան պետութիւն մը հիմնելու:

Թուրք առաջին դիւանագէտը բաւական սուր քննադատութիւններ հնչեցուցած էր Իսրայէլի հասցէին` հետեւելով իր նախագահին, որ ջարդեր որակած էր Իսրայէլի իրականացուցածը Կազայի մէջ:

Հետաքրքրական է, որ տարածքային առումով Իսրայէլի գրաւած տարածքներու երեւոյթը թուրք նախարարը անուանած էր «գողութիւն»: «Դուք (Իսրայէլը) կը գրաւէք ուրիշի հողը. Դուք կը գրաւէք տուները, կը վտարէք անոնց բնակիչները, ուրիշները կը բերէք անոնց տեղը եւ զանոնք կ՛անուանէք «բնակիչներ»: Ասիկա կը կոչուի գողութիւն»:

Թուրքիոյ նախարարը այս բառերով ճիշդ բնութագրած է թէ՛ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ թէ՛ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղային զտումը:

Ֆիտանը Լիբանանին առընթեր չէ մոռցած Եգիպտոսն ու Յորդանանը` ընդգծելու համար, որ իր պետութիւնը կ՛աշխատի կանխարգիլել այս առնչուած երկիրներու ապակայունացումը:

Անգարայի այս մարտավարութիւնը նոր չէ: Պահպանել իր ազդեցութիւնը իսլամական երկիրներու վրայ եւ հանդէս գալ պաղեստինամէտ բարձրաձայնումներով: Աւելցնենք նաեւ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւնը, որ Կազայի հիւանդանոցին վրայ արձանագրուած յարձակումը անուանած է մարդկային ամենատարրական արժէքներէն զուրկ արարք մը:

«Մարդկային արժէքներէ զուրկ», «տարածքներու գողութիւն», «բռնի տեղահանում», «բնակեցում», նման բնութագրումներով Անգարան յարձակում կը գործէ Թել Աւիւի վրայ` առաջադրելու համար Պաղեստինի անկախ պետութեան ճանաչումը:

Յայտարարութիւններու միջեւ փոխկապակցուած օղակները նկատելէ ետք, քանի մը դիտարկում պէտք է արձանագրել: Պէյրութի մէջ նման յայտարարութիւն կատարելով թուրք առաջին դիւանագէտը ուղերձ ունի յատկապէս Իրանին: Հըզպալլան պէտք չէ ներգրաւուի պատերազմին: Միաժամանակ նաեւ այն բոլոր շրջանակներուն, որոնք կ՛աջակցին պաղեստինեան դատին: Լիբանանի սահմաններուն մէջ չի մնար անշուշտ ուղերձը. կը հասնի Յորդանան եւ Եգիպտոս` ըսելու համար, որ Անգարան տարածաշրջանային դերի պահպանման իր վարքագիծը կը շարունակէ: Միջին Արեւելքէն անցնելով Հարաւային Կովկաս անմիջապէս կը նկատուի երեւութական հակասութիւն Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ: Պաքուն իր ռազմավարական համագործակցութիւնը կը խորացնէ Իսրայէլի հետ, որուն ռազմական յենակէտերը տեղակայուած են իրանամերձ ազրպէյճանական տարածքներու վրայ:

Ֆիտանին եւ Էրտողանին հասցէագրած ծանր մեղադրանքներէն շատ հեռու են Պաքուի վարիչները, որոնք ոչ թէ մօտ են, այլ նոյնացած Անգարայի հետ ռազմավարական շատ հարցերու շուրջ:

Չմոռնանք, որ իսրայէլեան յենակէտերը Ազրպէյճանի մէջ չէին կրնար յայտնուիլ առանց Անգարայի թոյլտուութեան:

Նայինք դէպի հիւսիս եւ տեսնենք այս անգամ Մոսկուայի եւ Անգարայի մօտեցումներու համընկնում պաղեստինցիներուն զօրակցելու եւ Իսրայէլը քննադատելու առումով: Մոսկուան սպառնաց նոյնիսկ խոստանալով միջամտել պատերազմին եթէ Միացեալ Նահանգները ռազմական մասնակցութիւն ունենան հակամարտութեան:

Անգարայի ինչպէս յայտարարութիւնները, այնպէս նաեւ դիրքորոշումները երկակի խաղերով կը յատկանշուին: Անգարան եւ Պաքուն հռչակագիրներով արդէն կը գործեն իբրեւ «մէկ ազգ երկու պետութիւն»: Այդ պետութիւններէն մէկը կը խորացնէ Իսրայէլի հետ իր համագործակցութիւնը, միւսը կ՛առաջադրէ անկախ Պաղեստինի ճանաչումը Երուսաղէմ մայրաքաղաքով:

«Ա.»

Նախորդը

Սպանիոյ Խորհրդարանականները Յայտարարութեամբ Դատապարտած Են Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Գործողութիւնները

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (19 Հոկտեմբեր 2023)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.