Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վիրց, Քոպել, Էմպափէ Եւ Օլմօ Պիտի Մնա՞ն Իրենց Ակումբներուն Հետ

October 17, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միշտ պատրաստ «որսալու» տաղանդաւոր ֆութպոլիստները, եւրոպական ակումբները կը փորձեն դիտել աշխարհի 4 ծագերը տեղի ունեցող ֆութպոլի մրցումները: Սպանիոյ Պարսելոնան քանի մը մարզիկներու կը հետեւի քանի մը ամիսներէ ի վեր: Գերմանացի երիտասարդ Ֆլորիան Վիրց Պայեր Լեւերքուզընի հետ շատ լաւ օրերու մէջ է եւ մարզիչ Չաւի Ալոնսոյի հետ բարձր մակարդակի ֆութպոլ կը խաղայ: Սակայն զինք «օգնելը» քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ մանաւանդ Պարսելոնայի համար, որ նիւթական լուրջ հարցերու մէջ է: Կ՛ըսուի, թէ Վիրցով հետաքրքրուած է նաեւ Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնիխ, մանաւանդ վերջերս ան լաւ զոյգ կազմեց Ժամալ Մուսիալայի հետ ազգային խումբին մէջ: Գերմանիոյ այժմու ամէնէն փայլուն զոյգը` Վիրց-Մուսիալա, կրնան միասին ըլլալ մէկ ակումբի մէջ ալ: Սակայն Վիրց այժմ չ՛ուզէր այս մասին մտածել, այլ միայն կեդրոնանալ Պայեր Լեւերքուզընի հետ աւելի եւս յառաջդիմելու վրայ:

Միւս կողմէ, Պայերն Միւնիխ հետաքրքրուած է նաեւ Տորթմունտի բերդապահ Կրեկոր Քոպելով: Քոպել, որ մաս կը կազմէ Զուիցերիոյ ազգային խումբին, կրնայ երկար ժամանակ ըլլալ Պայերնի բերդապահը` փոխարինելով Մանուէլ Նոյըրը:

Մանուէլ Նոյըր 37 տարեկան է, եւ անցեալ ձմրան դադարէն ի վեր մրցում չէ կատարած, ոտքը կոտրելուն պատճառով: Նախապէս այլ զուիցերիացի մը` Եան Զոմըր քանի մը ամիս միացաւ Պայերնին` փոխարինելու Նոյըրը, սակայն ամրան միացաւ Ինթեր Միլանի:

Ֆրանսայի մէջ, այժմու ամէնէն փայլուն ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ տակաւին որոշած չէ մնա՞լ, թէ՞ հեռանալ Փարիզ Սեն Ժերմենէն: Ան պատրաստ է վերջնական որոշումը ուշացնելու` «Չեմփիընզ լիկ»-ի արդիւնքներէն մեկնելով:

Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզէ ձեռք ձգել Էմպափէն յառաջիկայ ամառ, երբ անոր պայմանագրութիւնը աւարտի Ֆրանսայի ախոյեանին հետ: Էմպափէ կ՛ուզէ ինք տալ որոշումը, թէ ո՛ւր պիտի երթայ, մինչ իր ակումբը կ՛ուզէ «օգտուիլ» իր փոխանցման գինէն:

Այսինքն, եթէ Էմպափէ որոշէ լքել Փարիզ Սեն Ժերմենը, աւելի լաւ կ՛ըլլայ ձմրան արձակուրդին այլ խումբ երթալը, ուր Փարիզի կազմը կ՛օգտուի փոխանցման գինէն, մինչ եթէ Էմպափէ սպասէ մինչեւ ամառ, Փարիզի կազմը ոչ մէկ ձեւով կրնայ օգտուիլ անոր փոխանցումէն: 200 միլիոն եւրօ արժող Էմպափէ երկար ժամանակէ ի վեր փափաք ունի Ռէալի տարազը հագուիլ, սակայն նոյն ժամանակ պէտք է Ռէալ պատրաստ ըլլայ այդ գումարը վճարելու: Ամիսներ առաջ կային նաեւ անգլիական խումբեր, որոնք պարզապէս «նիւթին մէջ մտան» ինչպէս` Լիվըրփուլ:

Ռէալ Մատրիտ երկար ժամանակէ ի վեր կը փորձէ ձեռք ձգել Պայերն Միւնիխի ձախ յետսապահ Ալֆոնսօ Տէյվիսը: Քանատացի արագավազ մարզիկը կը հետաքրքրէ նաեւ Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին: Կուարտիոլա ոչ միայն կը փափաքի ձեռք ձգել Տէյվիսը, այլ նաեւ` Եոշուա Քիմիչը:

Տենի Օլմոն, որ շատ գոհ չէ Լայփցիկի հետ, հետաքրքրութիւն ստեղծած է Պարսելոնայէն անկախ անգլիական խումբերուն մօտ: Սիթի, Արսենալ, Չելսի եւ նոյնիսկ Ռէալ Մատրիտ կը հետեւին Տենի Օլմոյի մրցումներուն:

 

Նախորդը

Թենիս. Հուպըրթ Հուրքաչ Շահեցաւ Շանկհայի Մասթըրզի Մրցաշարքը

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տինամօ Քաշուեցաւ Ախոյեանութենէն

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.