Անցեալ եղանակին գրաւելէ ետք Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2-րդ դիրքը, Տինամօ Պէյրութ պաշտօնապէս քաշուեցաւ ախոյեանութենէն` նիւթական պատճառներով:
Սաժես իր կարգին փոփոխութիւններու մէջ է: Ան նախապէս որոշած էր մարզիկներուն եւ մարզիչներու կազմին աշխատավարձերը նուազեցնել 33 առ հարիւրով, սակայն անակնկալ ձեւով ձեռք ձգեց Տինամոյի մարզիչը` Ժատ Հաժը, մարզիկներ Մարք Խուէյրին («Պօպօ»), Քարիմ Իզզէտտինը, Ալի Մահմուտը եւ Օմար Ժամալէտտինը: Սաժեսի օտար Քլիֆ Ալեքսանտր միացաւ Պէյրութին, մինչ կը սպասուի, որ Տինամոյի օտար Զեք Լոֆթըն միանայ Սաժեսին: