Հըզպալլա Հակահրասայլային Հրթիռներով
Կը Թիրախաւորէ Իսրայէլեան Զինուորական Դիրքեր
Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը կը շարունակէ մնալ զինուորական սահմանափակ եւ չափաւոր ռազմական գործողութիւններու վկան` ստեղծելով իրավիճակ մը, որ աւելի քան զինեալ բախում է եւ նուազ քան պատերազմ:
Երէկ առաւօտեան Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան բաժանմունքը յայտնեց, որ իր մարտիկներէն Մուժահետ Հիւսէյն Քամալ Մասրի նահատակուած է` ժիհատի իր պարտականութեան ընթացքին:
Նոյն ընթացքին, այսինքն` առաւօտեան ժամը 10:00-ին, իսրայէլեան ուժերը սկսան ռմբակոծել հարաւային Լիբանանը, երբ հարաւային Լիբանանէն արձակուած հակահրասայլային հրթիռ մը արձակուեցաւ դէպի Շթուլա բնակեցման վայր:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Արեւմտեան Գալիլիոյ Շթուլա բնակեցման վայրին մէջ արձանագրուած են չորս վիրաւորներ, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է:
Իսրայէլեան ուժեր յայտնեցին, որ պատասխանելու համար Շթուլա բնակեցման վայրը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու արարքին, իրենք սկսած են ռմբակոծել հարաւային Լիբանանի Այթա Շաապ եւ Ռամիա գիւղաքաղաքները:
Շուրջ կէս ժամ ետք, իսրայէլեան ուժեր յայտարարեցին, որ լիբանանեան սահմանագիծէն 4 քմ խորքի վրայ գտնուող իսրայէլեան բոլոր շրջանները փակած են` ընդգծելով, որ այդ շրջաններուն մէջ շարժումը վտանգաւոր է:
Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Ավիխայ Ատրահի վերահաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է իր հողերէն արձակուող հրթիռներուն:
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Շթուլայի մէջ իսրայէլեան զինուորական կեդրոն մը ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած է` պատճառելով շարք մը վիրաւորներ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հըզպալլա այդ գործողութիւնը կատարած է պատասխանելու համար ուրբաթ օր Իսրայէլի կողմէ թիրախ դարձուած լրագրողներու խումբին, ինչպէս նաեւ Շեպաայի մէջ քաղաքայիններու զոհուելուն:
20 վայրկեան ետք, Հըզպալլա հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանեան գիւղաքաղաքները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու պատճառով, Դիմադրութեան մարտիկները թիրախ դարձուցած են սիոնական Ռահեպ զինուորական դիրքը եւ քանդած «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը` վնասներ պատճառելով նաեւ անոր անձնակազմին:
Ժամը 11:38-ին, իսրայէլեան ուժեր յայտնեցին, թէ Մթըլլէի մէջ սպաննուած է իսրայէլացի քաղաքային մը` Հըզպալլայի կատարած ռմբակոծումին պատճառով: Իսրայէլեան ուժերը նկատել տուին նաեւ, որ Հըզպալլա թիրախաւորած է Տահր Ժամալ իսրայէլեան դիրքը:
Այս ռմբակոծումին դիմաց իսրայէլեան ուժեր երեք հրթիռներով գնդակոծեցին Մըրուահին եւ Ռամիա գիւղաքաղաքները:
Կէսօրուան ժամը 12:30-ին սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրեց համեմատական խաղաղութիւն, այլ խօսքով` զգուշաւոր լռութիւն:
Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, իսրայէլեան ուժեր հաստատեցին, որ երէկ չորրորդ անգամն ըլլալով Հըզպալլա հակահրասայլային հրթիռ մը արձակած է դէպի իսրայէլեան Եաֆթահ շրջանը, որուն իբրեւ պատասխան իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Պլիտա գիւղաքաղաքը, ինչպէս նաեւ Ալմա Շաապը, Այթա Շաապը, Տահիրան եւ Մէյսէլ Ժապալը:
Հարաւային Լիբանանի ռմբակոծումին իբրեւ պատասխան Դիմադրութիւնը 10 հրթիռներով թիրախ դարձուց արեւմտեան Գալիլիան: Իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ հրթիռները հասած են մինչեւ Նահարիա բնակեցման վայր:
Յետմիջօրէի ժամը 4:15-ին, իսրայէլեան ուժեր շուրջ 5 ֆոսֆորային հրթիռներով թիրախ դարձուցին Ալմա Շաապը եւ ռմբակոծումը ընդարձակեցին ներառելով նաեւ Թայր Հարֆա գիւղաքաղաքը:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց, որ Իսրայէլ ոչ մէկ շահ ունի հիւսիսային իր սահմանին վրայ պատերազմի նոր ճակատ մը բռնկեցնելու:
Կալանթ իր խօսքը ուղղելով Հըզպալլային յայտնեց, որ եթէ անոնք ինքնազսպումի ենթարկուին, իրենք եւս ինքնազսպումի պիտի դիմեն` աւելցնելով, որ այս պատերազմը քանդիչ է եւ շրջանին իրականութիւնը յաւիտեանս փոփոխութեան պիտի ենթարկէ:
Կալանթի կատարած յայտարարութեան զուգահեռ Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը եւ պաշտօնապէս ստանձնեց Հանիթայի իսրայէլեան զօրանոցը ռմբակոծելու եւ «Մերքաւա» տիպի երկու հրասայլեր ու զրահապատ մը քանդելու, ինչպէս նաեւ թշնամի իսրայէլեան ուժերուն շարքերուն մէջ մահեր եւ վիրաւորներ պատճառելու գործողութեան պատասխանատուութիւնը:
Հըզպալլայի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ գործողութիւնը դարձեալ կատարուած է իբրեւ պատասխան Իսրայէլի կողմէ լրագրողական խմբակի մը ռմբակոծումին, ինչպէս նաեւ Շեպաայի մէջ երկու բնակիչներու սպանութեան:
Երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ Լիբանանէն 20 հրթիռներով թիրախ դարձուցած են Շլոմի եւ Նահարիա բնակեցման վայրերը:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան բաժանմունքը երկոյեան ժամը 5:30-ին յայտարարեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան զէնքերով յարձակած են սիոնական սահմանային դիրքերու վրայ, որոնք են` Ժալ Օլամ, Պըրքեթ Ռիշա, Ռամիա, Մանարա եւ Ապատ, ու քանդած հոն զետեղուած տեսախցիկներն ու թեքնիք սարքաւորումները:
Նշենք, որ այս դիրքերը կը գտնուին Մթըլլէ եւ Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրերուն մօտակայքը:
Քաղաքական առումով, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Միւս կողմէ, կէսօրին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի մէջ արձանագրուած զինուորական գործողութիւններն ու անոնց վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Շաբաթ յետմիջօրէի ժամը 3:15-ին Քֆարշուպայի բարձունքներուն եւ Մազարեհ Շեպաայի մէջ իսրայէլեան 5 դիրքեր թիրախ դարձան հրթիռակոծումի` Դիմադրութեան կողմէ:
Իսրայէլեան ռմբակոծուած դիրքերն էին Ռուէյսեթ Ալամը եւ Սըմմեքան:
Իբրեւ պատասխան իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Քֆարշուպա գիւղաքաղաքի բացատներն ու Պասթրայի շրջանը` միաժամանակ հետախուզական օդանաւերով թռիչքներ գործելով Քֆարշուպայի բարձունքներուն եւ Մազարեհ Շեպաայի վերեւ: Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ Շեպաայի մէջ մահացած է տարեց ամոլ մը:
Շուրջ կէս ժամ ետք Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ժամը 3:15-ին Դիմադրութեան խմբաւորումներէն մէկը հրթիռներով եւ հրասանդերով յարձակում գործած է սիոնական 5 դիրքերու վրայ` ուղղակի եւ ճշգրիտ կերպով թիրախաւորելով զանոնք: «Այդ դիրքերն են` Ռատար, Ռուէյսեթ Ալամ, Սըմմեքա, Զըպտին եւ Ռամթա», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Իսրայէլեան հրետանին մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:30 շարունակեց ռմբակոծել հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններ, յատկապէս Շեպաան, Քֆարշուպան, Հըլթան, Ռաշայա Ֆըխխարը, Հասպայան եւ Հապպարիէի բարձունքները:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հըզպալլա երկրորդ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է բռնագրաւեալ Մազարեհ Շեպաայի մէջ գտնուող Պըրքաթ Նաքքարի իսրայէլեան հետախուզական կեդրոնը եւ հսկայական վնասներ պատճառած հոն գտնուող սարքերուն եւ թեքնիք կարողութիւններուն:
Շուրջ ժամը 8:30-ին, Հըզպալլա «աւետեց» իր մարտիկներէն Ալի Եուսեֆ Ալաէտտինի (Ժաուատ Ալի) նահատակութիւնը` Պեքաայի Սըհմոր գիւղաքաղաքին մէջ, երբ ան ժիհատի իր պարտականութիւնը կը կատարէր:
Մինչ Հըզպալլա իր գործողութիւններուն եւ թիրախաւորած իսրայէլեան զինուորական դիրքերուն մասին կը տեղեկացնէր հաղորդագրութիւններուն ընդմէջէն, Իսրայէլի մէջ կը հնչէին պաշտօնական շարք մը յայտարարութիւններ, որոնք կը զգուշացնէին երկրորդ ճակատ մը բանալէ:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր մը ամերիկեան «Ֆոքս նիուզ»-ին յայտնեց, որ Հըզպալլա դէպի Իսրայէլ ուղղուած 130 հազար հրթիռներ ունի, եւ այդ մէկը վտանգաւոր խնդիր է:
Իսրայէլեան քաղաքացիական անվտանգութեան խորհուրդի պատասխանատու Ցահի Հանեկպի նշեց, որ իրենց նպատակներէն մէկն է տարբեր ճակատներու վրայ չպատերազմիլ:
Գիշերուան ժամը 10:00-ին, իսրայէլեան օդանաւեր թռիչքներ գործեցին Ռըմէյշի վերեւ:
Շաբաթ ուշ գիշերին իսրայէլեան ուժերու բանբեր Ավիխայ Ատրահի կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, թէ Լիբանանէն գործուած որեւէ յարձակումի պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ Լիբանանի կառավարութիւնը` աւելցնելով, որ ո՛վ որ սահմանագիծը կ՛անցնի եւ կը փորձէ Իսրայէլ մուտք գործել, պիտի սպաննուի:
Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանը հեռու պահելու պատերազմէն կամ անկայուն որեւէ իրավիճակէ: «Այս իմաստով Հըզպալլայի մօտ շօշափած ենք իրապաշտութիւն եւ խոհուն կեցուածք: Իսկ իբրեւ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն մենք մնայուն կերպով կը ջանանք երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու ուղղութեամբ, սակայն պէտք է ըսել, որ ոչ ոք մեզի երաշխիքներ տուած է, եւ պայմանները մնայուն փոփոխութեան ենթակայ են», ըսաւ ան:
Միքաթի հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը նախանձախնդիր կը մնայ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, որուն շրջագիծին մէջ մաղթեց, որ սահմանագիծը մնայ կայուն: «Մենք կը զօրակցինք պաղեստինցիներուն, սակայն իրականութեան մէջ մեր հիմնական նպատակը հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան պահպանումն է», յայտնեց վարչապետի պաշտօնակատարը:
Միքաթի ընդգծեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պաշտպանելու Լիբանանը եւ լիբանանեան պետութիւնը, «սակայն պատերազմի կամ խաղաղութեան որոշումը ինծի չէ վերապահուած», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ իրականութեամբ հանդերձ ինք ճիգ չի խնայեր Լիբանանը պատերազմի մէջ ներքաշելու բոլոր փորձերը խափանելու:
Միքաթի յոյս յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ ռմբակոծումները դադրին, որպէսզի կարելի ըլլայ նկատել, որ Լիբանանի վրայ գտնուող սեւ ամպը հեռացած է:
Նշենք նաեւ, որ Տար Ֆաթուայի մէջ, նախագահութեամբ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, գումարուեցաւ ժողով մը, որուն ներկայ գտնուեցան սիւննի համայնքին երեսփոխանները, որոնք քննարկեցին Կազայի եւ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած բռնարարքներն ու արձանագրուող ապահովական մագլցումները:
Տար Ֆաթուայի նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ Կազայի վրայ պարտադրուած անմարդկային շրջափակումը խզելու եւ սիոնական գոյացութիւնը իր գործած ոճիրներուն համար պատժելու անհրաժեշտութիւնը:
Երեսփոխան Իհապ Մաթար, որ կարդաց հաղորդագրութիւնը, ընդգծեց, որ Տար Ֆաթուայի ժողովին ընդգծուած է, թէ լիբանանեան ազգային շահերը կը գերազանցեն ամէն ինչ` աւելցնելով, որ պէտք է ըլլալ իմաստուն եւ Լիբանանը որեւէ պատերազմի մէջ չներքաշել:
Ֆրանսայի նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ լիբանանցիներն ու Հըզպալլան պէտք է հեռու մնան Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ բռնկած տագնապէն:
Էլիզէի հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ֆրանսական իշխանութիւնները մտահոգ են Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային լարուած իրավիճակէն:
«Հըզպալլա եւ լիբանանցիները պէտք է յանձնառու մնան ինքնազսպումին եւ խուսափին երկրորդ ճակատ մը բանալէ, որովհետեւ այդ ճակատին առաջին զոհը պիտի ըլլայ Լիբանանի ժողովուրդը: Իսկ Իրան պէտք է վերջ տայ շրջանային տագնապը գրգռելու իր ընթացքին, ինչպէս նաեւ կասեցնէ զինուորական գործողութիւններու իմաստով Համասին տրամադրած իր զօրակցութիւնը: Իրան կրնայ ե՛ւ դրական, ե՛ւ ժխտական դերակատարութիւն ունենալ այս փուլին, սակայն աւելի լաւ է, որ ան դրական դերակատարութիւն ունենայ եւ կանխարգիլէ շրջանային մագլցումները», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Իսամ Ապտալլայի Դիակը Յանձնուեցաւ Հողին
Հարաւային Լիբանանի Ալմա Շաապ շրջանին մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումի թիրախ դառնալու պատճառով զոհուած «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան լուսանկարիչ-լրագրող Իսամ Ապտալլայի մահուան լուրը շատ ցնցիչ եղաւ Լիբանանի համար:
Իսամ Ապտալլայի մահը գուժեցին իշխանութեան պետերը, պետական պաշտօնատարները, քաղաքական ղեկավարներն ու տեղեկատուական ամբողջ մարզը:
Լիբանանեան բանակը շաբաթ կէսօրէ ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 13 հոկտեմբեր 2023-ին, իսրայէլեան ուժեր թիրախ դարձուցին լիբանանեան բանակին պատկանող հսկողութեան աշտարակ մը, միաժամանակ անոնք ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին քաղաքայիններու պատկանող ինքնաշարժ մը, որ կը պատկանէր խումբ մը լրագրողներու:
«Այդ ռմբակոծումին պատճառով լուսանկարիչ Իսամ Ապտալլա զոհուեցաւ, իսկ 5 ուրիշներ վիրաւորուեցան», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Բանակը ընդգծեց նաեւ, որ իսրայէլեան ուժեր ֆոսֆորային եւ լուսաւորող ռումբերով հրետակոծեցին Մըրուահինը, Այթա Շաապը, Քֆարշուպան, Ատայսէն եւ Մերժահիունը:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցչութենէն պահանջեց Ապահովութեան խորհուրդին մօտ բողոքել Իսրայէլի դէմ` նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան ուժեր դիտմամբ սպաննած են լիբանանցի լուսանկարիչ-լրագրող Իսամ Ապտալլան, որ կը գտնուէր հարաւային Լիբանանի մէջ գործող «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան լրագրողներու պատուիրակութեան մէջ:
Նախարարութիւնը թելադրեց նաեւ, որ բողոքը ներառէ վիրաւորուած մնացեալ լրագրողները, որոնք կ՛աշխատէին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան եւ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին համար:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ այս արարքը խօսքի ազատութեան, լրագրութեան, մարդկային իրաւանց եւ միջազգային օրէնքի ահաբեկում է, որովհետեւ լրագրողը իրաւունք ունի ճշմարտութիւնը փոխանցելու իր տեսախցիկով եւ իր գրիչով, յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի դէմ գործուող իսրայէլեան յաճախակի բռնարարքներուն:
Բողոքը ընդգրկեց նաեւ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ գործուած ռմբակոծումները` հարաւային Լիբանանի դէմ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի մնայուն խախտումը` Իսրայէլի կողմէ, մինչ Լիբանան անոր գործադրութեան յանձնառու կը մնայ:
Բողոքի նամակին մէջ հաստատուեցաւ, որ Իսրայէլ պատասխանատու է հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած մագլցումներուն, եւ զգուշացուց, որ եթէ Իսրայէլ վերջ չտայ մագլցողական այդ քայլերուն, ապա ամբողջ շրջանը կրնայ բռնկիլ եւ թիրախ դարձնել միջազգային ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ սպառնալ ամբողջ աշխարհի շահերուն:
Իսամ Ապտալլայի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Խիամի մէջ: Իր առաքելութեան եւ պարտականութեան ճամբուն վրայ նահատակուած լուսանկարիչ-լրագրող Իսամ Ապտալլայի լիբանանեան դրօշով ծածկուած դագաղը շաբաթ օր հասաւ անոր ծննդավայրը` Խիամ, ուր դիմաւորուեցաւ ընտանիքին եւ լրագրողներու, քաղաքական դէմքերու ու սիրելիներու հոծ բազմութեան մը կողմէ եւ ուսամբարձ առաջնորդուեցաւ գիւղաքաղաքի փողոցներուն մէջ:
Դատապարտումի հսկայ ալիքի մը եւ ցասումի մթնոլորտի մէջ կատարուեցաւ Ապտալլայի յուղարկաւորութիւնը իշխանութեան երկու պետերու ներկայացուցիչներուն, երեսփոխաններու, բանակի ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու, լրագրողներու եւ գիւղաքաղաքի հեղինակութիւններուն ներկայութեամբ:
Ապտալլան ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու արարքը դատապարտեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ հարց տուաւ, թէ արդեօք միջազգային ընտանիքը փաստերու պէ՞տք ունի, որ Իսրայէլ կը փափաքի ոճրային իր գործողութիւնները կատարել առանց վկաներու եւ ճշմարտութիւն բացայայտելու:
Պըրրի ցաւակցութիւն յայտնեց Իսամ Ապտալլայի նահատակութեան համար եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւոր միւս լրագրողներուն:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր կարգին դատապարտեց լրագրողները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելը` շեշտելով, որ անիկա ամօթի նոր կնիք մըն է, որ կ՛աւելնայ Իսրայէլի ունեցած սեւ վարքին վրայ: Միքաթի ցաւակցութիւն յայտնեց Իսամ Ապտալլայի ընտանիքին եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւոր լրագրողներուն:
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իսամ Ապտալլայի ընտանիքին ու «Ռոյթըրզ»-ի Պէյրութի գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց:
Զօր. Աուն դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն գործած այս արարքը` հաստատելով, որ լրագրողները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելը իսրայէլեան բացայայտ ծրագիր մըն է, որ կը միտի իր բռնարարքներուն մասին իրականութիւններն ու ճշմարտութիւնը ոչնչացնել:
Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի խստիւ դատապարտեց լրագրողները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու արարքը` հաստատելով, որ դարձեալ այդ մարզը սուղ վճարեց իսրայէլեան ոճրային քաղաքականութեան գինը: Ան հաստատեց սակայն, որ թշնամի Իսրայէլի ահաբեկչութենէն շատ աւելի բարձր կը հնչէ լրագրութեան շառաչը:
Մամլոյ սենտիքան խստիւ դատապարտեց լրագրողներուն վրայ գործուած յարձակումը` շեշտելով, որ անիկա պատերազմական ոճիր է:
Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի խստիւ դատապարտեց լրագրողները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու քայլերը, ինչպէս նաեւ ցաւ յայտնեց, որ միջազգային կարգ մը պատասխանատու լրատուամիջոցներ իրենց լրատուութեան մէջ կը զլանան նշել լրագրողները թիրախ դարձնող զինուորական կողմը:
Մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա դատապարտեց սիոնական գոյացութեան գործած արարքը` հաստատելով, որ Իսամ Ապտալլա իսրայէլեան պատերազմական բռնարարքներուն պատճառած զոհերէն մէկն է: «Ան Խիամի քաջ զաւակն է, եւ իր հերոսութեամբ կրցած է միանալ նահատակներու փաղանգին», ըսաւ ան:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա նշեց, որ հարաւի մէջ լուսանկարիչի մը զոհուիլը եւ այլ լրագրողներու վիրաւորուելու դէպքը խիստ յուզիչ է եւ բացայայտ զգուշացում` զինեալ բախումներուն սպառնացող վտանգէն: «Սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ արձանագրուած բռնարարքները պէտք է անմիջապէս կասեցուին, եւ Լիբանանը պէտք է դուրս պահուի զինեալ տագնապին վտանգներէն», շեշտեց Վրոնեցքա:
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ներկայացուցիչ զօր. Առոլտօ Լասարօ ցաւ յայտնեց հարաւի մէջ լիբանանցի լրագրողի մը զոհուելուն եւ ուրիշներու վիրաւորուելուն առիթով, եւ անմիջական զինադուլի կոչ ուղղեց` զգուշացնելով, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ արձանագրուող զինուորական մագլցումները կրնան հակակշիռէ դուրս գալ:
Հըզպալլայի տեղեկատու գրասենեակը խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ լրագրողները թիրախ դարձնելու իրականութիւնը, որուն պատճառով զոհուեցաւ Իսամ Ապտալլան, եւ վիրաւորուեցան ուրիշներ:
Հըզպալլայի տեղեկատու գրասենեակը ցաւակցութիւն յայտնեց «Ռոյթըրզ»-ի ընտանիքին եւ Ապտալլայի հարազատներուն` հաստատելով, որ Հըզպալլա ընդգծած է, թէ այս անարգ ոճիրն ու լիբանանեան հողերուն վրայ ոեւէ քաղաքացիի վրայ գործուած յարձակում անպատիժ եւ անպատասխան պիտի չմնան:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը դատապարտեց լիբանանեան սահմանային շրջանին վրայ իսրայէլեան ուժերուն գործած ռմբակոծումը եւ Իսամ Ապտալլայի սպանութիւնը` հաստատելով, որ լրագրողները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելը պատերազմական ոճիրի համազօր արարք է:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա դատապարտեց Իսամ Ապտալլան եւ այլ լրագրողներ ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու քայլը` շեշտելով, որ թշնամի Իսրայէլին կողմէ գործուած ոճիրները պիտի չվախցնեն լրագրողներն ու տեղեկատուութեան մարզի անձնակազմերը` իրենց պարտականութիւնը կատարելէ եւ ոճիրները բացայայտելէ: Ան նշեց նաեւ, որ Իսրայէլ պիտի չկարենայ վախցնել լիբանանցիները:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլի կողմէ լրագրողները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելը զարմանալի չէր` նկատի ունենալով Իսրայէլի յարձակողական եւ վայրագ նկարագիրը:
Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ լրագրողներուն վրայ գործուած յարձակումը պատերազմական ոճիր է, որ կ՛ենթադրէ պայքարիլ ոճրագործին դէմ:


