Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով. Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերականգնման Նոր Շարժումի Մը Անհրաժեշտութիւնը

October 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թարգմանչաց տօնը յուշարար օրն է` տարուան ընթացքին ամէն օր ապրելու տօնին խորհուրդով եւ պատգամներով: Հայոց գիրերու գիւտն ու Աստուածաշունչի անդրանիկ թարգմանութիւնը մեկնարկը հանդիսացան հայ դպրութեան եւ ամէնէն կարեւորը` Թարգմանչաց շարժումին:

Շարժում մը, որուն նպատակն էր հայացնել հայ ժողովուրդի դարաւոր հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը եւ լեզուն դարձնել հայապահպանման հիմնական կռուանը: Շարժում մը, որուն հիմքերը հետագային հանդիսացան պետականութեան պահպանումն ու ազգին գոյատեւումը: Շարժում մը, որուն վեց թարգմանիչները` Մեսրոպ Մաշտոցը, Եղիշէն, Մովսէս Խորենացին, Դաւիթ Անյաղթը, Գրիգոր Նարեկացին եւ Ներսէս Շնորհալին հետեւողական աշխատանքով ու զոհողութիւններով բացին հայ մտքի ու դպրութեան ուղին:

Եւ այսօր, այբուբենի գիւտէն ու Թարգմանչաց շարժումէն 16 դար ետք հայ ժողովուրդը նոյնքան կարիքն ունի նոր շարժումի, որովհետեւ դժբախտաբար ե՛ւ հայրենիքի մէջ ե՛ւ գաղութներու մէջ օրըստօրէ կը հեռանանք մեր ժառանգութիւններէն` մայրենիէն, մշակոյթէն, աւանդներէն…

Ներկայիս դէմ յանդիման կը գտնուինք գործող «թարգմանիչներ»-ը պահելու եւ նոր սերունդ ապահովելու մարտահրաւէրին դիմաց, երբ տարուէ տարի ականատես կը դառնանք հայ ուսուցիչներու թիւի նուազումին, գրողներու ընդհանրապէս բացակայութեան, հայ մշակոյթով ապրող սերունդի նօսրացման, երիտասարդ ներուժի առհասարակ անտարբերութեան:

Հակառակ տագնապներուն` Նիկոլ Աղբալեանի եւ Լեւոն Շանթի շունչով առաջնորդուող 95-ամեայ Համազգայինը միշտ ալ հաւատարիմ մնացած է իր առաքելութեան: Վկան Համազգայինի մեծ ընտանիքն է, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու պատանիներն ու երիտասարդներն են, խումբերն ու միաւորներն են, միութեան բազմաճիւղ ու ծաւալուն գործունէութիւնն է:

Վերջապէս, ի մտի ունենալով Արցախի հիմնահարցը, Հայաստանի դէմ ծառացող բազմատեսակ խնդիրները եւ գաղութներու վերակազմակերպման անհրաժեշտութիւնը, հարկ է յառաջիկային Թարգմանչաց տօնը վերածել համազգային տօնի` համահայկական օրակարգով քննելու ազգային արժէքային համակարգի վերականգնման նոր շարժումի մը անհրաժեշտութիւնը:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

Դպրեվանեան Մաղթանք

Յաջորդը

Պարսելոնայի Վիրաւորներու Ցանկը Կ՛երկարի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.