Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Կարապետ Պասմաճեան

October 13, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Դեղագործ Կարապետ Պասմաճեան

Դեղագործ Կարապետ Պասմաճեան ծնած է Պոլիս, 1864ին:

Աւարտած է Պոլսոյ դեղագործական ուսումնարանը եւ Փարիզի համալսարանի պատմաբանասիրական դպրոցը: Հմտացած է արեւելեան ժողովուրդներու, լեզուներու, պատմութեան եւ բանասիրութեան մէջ, երկար ժամանակ շրջած է արեւելքի երկիրները:

Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած է քաղաքական շարժառիթով եւ ապա` ազատ արձակուած: Ապա փոխադրուած է Փարիզ եւ հաստատուած է հոն:

1890-ի սկիզբէն վերջնականապէս նուիրուած է բանասիրական աշխատանքի: Այնուհետեւ, մինչեւ խոր ծերութիւն զբաղած է հայ ժողովուրդի պատմութեամբ` գրելով յիսունէն աւելի աշխատութիւն` հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն:

1893-ին լոյս տեսած է անոր առաջին գիտական աշխատութիւնը` նուիրուած ասուրա-բաբելական բեւեռագիր արձանագրութիւններու վերծանման: Անոր յաջորդած են նոր հետազօտութիւններ, բոլորն ալ նուիրուած` բեւեռագիր արձանագրութիւններու: Այդ տարիներէն սկսեալ աշխատակցած է հայագիտական հանդէսներուն («Բազմավէպ», «Բիւրակն», «Անահիտ» եւ այլն):

1899-1907-ին Փարիզի մէջ հրատարակած է «Բանասէր» պատմագիտական, հնաբանական եւ գրականագիտական հանդէսը, որուն էջերուն մէջ հայ բժշկութեան ու Հայաստանի պատմութեան վերաբերեալ յօդուածներ տպագրած է:

1901-ին հայերէն եւ ֆրանսերէն աշխատութիւններ գրած է Զուարթնոցի ճարտարապետական ոճի առանձնայատկութիւններուն եւ Զուարթնոցի մէջ յայտնաբերուած բեւեռագիր արձանագրութիւններու մասին:

Ուսումնասիրած է Ամիր Տովլաթի «Անգիտաց Անպէտ»-ը եւ կատարած է անոր լատիներէնի եւ ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը:

1927-ին անձնական միջոցներով հրատարակած է «Անգիտաց Անպէտ»-ի բնագիրը:

Այնուհետեւ, Կ. Պոլսոյ, Փարիզի, Վենետիկի, Վիեննայի եւ այլ քաղաքներու մէջ հրատարակած է նոր գիրքեր: Նկատելի աշխատանք տարած է հայ հին մատենագրութեան բնագիրներու գիտական հրատարակութեան բնագաւառին մէջ:

Ըլլալով դեղագործ եւ բանասէր` մեծ գործ կատարած է դեղամիջոցներու եւ հիւանդութիւններու` արաբական ու հայկական անուանումները վերծանելու եւ լատիներէնի ու ֆրանսերէնի թարգմանելու աշխատանքին մէջ:

Իրականացուցած է եւրոպական պետական եւ սեփական գրադարաններու մէջ գտնուող հայկական ձեռագիրներու նկարագրութեան գործը: Առաջին անգամ ըլլալով` մէկ գիրքով ներկայացուցած է հայ դրամագիտութեան պատմութեան ուրուագիծը:

Հեղինակն է հայ բժշկութեան պատմութեան հարցերուն վերաբերող բազմաթիւ յօդուածներու, որոնք հրատարակուած են ֆրանսական պարբերականներու մէջ:

Կարապետ Պասմաճեան եղած է Փարիզի Հայ բժիշկներու ընկերակցութեան անդամ, Ֆրանսական բժշկապատմաբաններու ընկերութեան ցկեանս անդամ:

Իր աշխատասիրութիւններէն են.

«Առձեռն բառարան հայերէն աշխարիկ լեզուի», 1915
Լեւոն Ե. Լուսինեան վերջին թագաւոր հայոց, Փարիզ, 1908

Ա. «Լեւոն Ե. Լուսինեան վերջին թագաւոր հայոց», Փարիզ, 1908:
Բ. «Իսկական պատմութիւն հայոց», Պոլիս, 1914, 1927:
Գ. «Առձեռն բառարան հայերէն աշխարհիկ Լեզուի», 1915:
Դ. «Հայերէն արձանագրութիւնք Անւոյ», Փարիզ, 1931:
Ե. «Հայկական ընդհանուր դրամագիտութիւն եւ Հայաստանի վերաբերեալ դրամներ», 1936:

Եղած է հանրածանօթ` ֆրանսական բժշկական շրջանակներու մէջ:

Պարգեւատրուած է Ֆրանսայի հանրային կրթութեան գործիչի ոսկի պատուանշանով:

Մահացած է Փարիզ, 1942-ին:

 

ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

  1. Հարպոյեան Կարպիս, բժիշկ, «Կարապետ Պասմաճեան», «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին», Մոնրէալ, 2018:
  2. Մինասեան Յարութիւն, «Օսմանեան կայսրութիւնում եւ Թուրքիայի հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ», Երեւան:
  3. «Ուիքեփետիա», Կարապետ Պասմաճեան:
  4. Վարդանեան Սթելլա, «Հայաստանի բժշկութեան պատմութիւն», Երեւան, 2000:
  5. Յարման Արսէն, «Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն Սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի», Պոլիս, 2001:

 

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատունը Լոյս Ընծայեց Ռուպինա Արթինեանի «Լիբանանահայ Խմբերգային Արուեստը. 1920-2020» Մենագրութիւնը

Յաջորդը

Կազա. Բազկի Ուժը Աջակից Կ՛ապահովէ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.