Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բնագիտական Յօրինում Մը Հեռազգայութիւն*

October 13, 2023
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Հեռազգայութիւն (tele-pathy) եզրը շրջանառութեան մէջ է` սկսած առնուազն 1882-էն, երբ անգլիացի բանասէր Ֆ. Մայրզ (1843-1901) հիմնեց Հոգեկան ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութիւնը: Վարկածի գիտական հիմնաւորումի փորձերը թափ առին 1973-ին,  երբ Պ. Ճոզեֆսըն Նոպելեան մրցանակ ստացաւ իր տեսութիւնը փորձով հաստատուելէ ետք: Տեսութիւնը կ՛ըսէ, որ հակառակ վատ հաղորդիչ (insulator) պատուարով մը անջատուած ըլլալուն` երկու գերհաղորդիչներ (superconductor) կրնան իրարու հետ կապուիլ: Սկզբնական շրջանին Ճոզեֆսընի տեսութեան ընդդիմացան ականաւոր գիտնականներ, ինչպէս` նոպելեան մրցանակակիր J. Bardeen (1908-1991), որ գերհաղորդիչներու տեսութեան հայրն է: Ինչպէ՞ս կարելի է հաղորդակցիլ անհաղորդ նիւթի ընդմէջէն, այդ կ՛ենթադրէ «հեռազգայութիւն»:  Երեւոյթի արագ գործարկումը մեծ շահոյթներ ապահովեց ականաւոր Bell Labs հաստատութեան համար: Միւս կողմէ` որպէս  աննշան կողմնակի աւեր (collateral damage), ծանր հետեւանքներ ունեցաւ անձիս եւ այլ բարձրագոյն ուսման ուսանողներու վրայ: Իմ առաջին դոկտորական աշխատանքի ղեկավարը շտապեց երեւոյթի տարբերակը փորձարկել այստեղ` Պէյրութի մէջ, գերհաղորդիչներու փոխարէն գերհեղուկ (HeII) գործածելով(1): Հետեւանքը եղաւ ամբողջ հինգ տարուան վատնում: Այո, հեռազգայութեան երեւոյթին մօտէն ծանօթ եմ:

Բնագիտութեան նոր յարացոյցի (paradigm) յակիրճ պատմական.-  Յունական ոսկեդարէն ի վեր ( Ե. դար ՆՔ) գիտնականներ կը հաւատան, որ նիւթը կազմուած է անբաժանելի մասնիկներէ (յունարէն` a-tom), այսինքն` ծրարներէ(2): 1900 թուի Ամանորին M. Planck (1858-1947) Գերմանիոյ գիտութեան կաճառին ներկայացուց դրոյթ մը, թէ ճառագայթումի ուժգնութեան (Intensity)  եւ ալիքներու երկայնքի յարաբերութիւնը կարելի է բացատրել, եթէ ընդունինք, որ ինչպէս նիւթը, այնպէս եւ ուժը (energy) գոյ է ծրարներով, որոնք կոչուեցան Quantum (լատիներէն` քանակ): Դասական բնագիտութիւնը մինչ այդ չարաչար ձախողած էր տեսականօրէն հիմնաւորել երեւոյթը: Փլանքի ելոյթը կը համարուի քանակային բնագիտութեան (Quantum Mechanics) Ամանորը, իսկ Փլանք` անոր հայրը:

Լոյսի խուրձերը կը կոչուին «ֆոթոն», որ հայերէնի թարգմանուած է որպէս «լուսոն»(3):

Փլանքի առաջադրած տարազն էր E = hf

Ուր E-Ուժ (E-Energy)  եւ f-ալիքի յաճախականութիւնը (f-frequency) : Այստեղ (h) յարաչափ (parameter) մըն է, որ ի պատիւ ռահվիրայ գիտնականին, կը կոչուի Planck՛s Constant:

Նկատել, որ   հ = 0.000 000 000 000 000 000 000 000 000 000 000 16   քալորի. երկվայրկեան

Այո, 33 զերոներ: Այդ կը նշանակէ, որ քանակական ծրարներու ուժը այնքան դոյզն է, որ անոնք մեր առօրեայ փորձառութեան մէջ նկատելի դեր չեն խաղար: Մեր զանգուածը միջին հաշուով մօտ 80 քկ է: Իսկ ելեկտրոնի մը զանգուածը` 0.000 000 000 000 000 000 000 000 000 000 91 քկ: Ահա թէ ինչո՛ւ Փլանքի դոյզն յարաչափը կը գործէ մասնիկներու մակարդակի վրայ եւ ոչ` մեր:

Այնշթայն, որ 1905-ին տակաւին գիւտերու արձանագրութեան (փաթենթ) գրասենեակի պաշտօնեայ մըն էր, նոր գաղափարը ի գործ դրաւ բացատրելու համար լուսա-ելեկտրական արձակումը (Photo-electric effect): Խնդիր մը, որ դասական բնագիտութիւնը նոյնպէս չէր յաջողած լուծել:

Յաջորդ հսկայ քայլը առաւ N. Bohr (1885-1962), որ կը համարուի քանակական բնագիտութեան «Հանգանակ»-ի
կնքահայրը(4): Նիլզ Պոր 1913 թուին յառաջադրեց (postulate), որ մասնիկներու պտուտային թափը (Angular Momentum – Ln) քանակացուած է (quantized տե՛ս կողքի գծանկարը): Շուրջ տասնամեակ մը ետք, 1924 թուին  Louis de Broglie (տը Պրոյլի, 1892-1987), որ ծնունդով ֆրանսացի դուքս մըն էր, իր դոկտորականի թեզին մէջ համադրեց Փլանքի, Պորի եւ Այնշթայնէն դրոյթները եւ առաջադրեց, որ կարգ մը պարագաներու տակ մասնիկները կը վարուին որպէս ալիքներ: Այլ խօսքով, նիւթի բնոյթը (ի տարբերութիւն առաքելական եկեղեցիին) երկաբնոյթ է (dualist) է: Այս կը նշանակէր յարացոյցի հիմնական փոփոխութիւն:

Մասնիկները ունէին աներկբայ տեղադրում, որ կը ներկայացուէր եռակի «համակարգով» (coordinates x,y,z, կամ այլ կերպ, ըստ տուեալ միջավայրի երկրաչափական յատկութեան): Ալիքները, սակայն, տարածուն են, չունին տեղադրում: Ալիքներու ուժգնութիւնը կրնայ փոփոխական ըլլալ վայրէ վայր: Անոնք, որոնք գտնուած են Ղազանչեցոցի գետնափոր խոստովանանքի խուցին մէջ, զգացած են ձայնի ալիքներու «կիզակէտ»-ի տպաւորիչ երեւոյթը:

Շրէօտինկըր (Erwin Schrödinge 1887-1961), որ յաղաղակող հակադրութիւն դիւաբարոյ Նիւթընի, ազնուաբարոյ տեսաբան մըն էր, անոր շարժման օրէնքը (equation of motion) փոխարինեց  «Ալիքային» տարազով մը: Ալիքային կախարկութիւնը (wave function) նշելու համար գործածեց յունարէն psi (ψ) տառը(6): Ալիքներու ուժգնութիւնը ուղղակի կը համեմատի անոնց տատանումի լայնքի (amplitude) քառակուսիին: Շէօտինկըր առաջադրեց, որ ուժգնութեան փոխարէն այդ քանակը կու տար վայրին մէջ գտնելու հաւանականութիւնը(7): Քանակը ունի վիճակագրական (statistical) իմաստ: Դասական բնագիտութեան աներկբայ յոխորտ ստուգութիւնը (certainty) փոխարինուած էր հաւանականութեամբ: Թէ որքա՛ն արտառոց հետեւանքներ կրնայ ունենալ այդ տեսութիւնը, ցուցադրած էր նոյնինքն Շրէօտինկըր մտային փորձով մը.- ալիք մը կրնայ միաժամանակ անցնիլ իրարու կից երկու իրերանման բացուածքներէ հաւասար ուժգնութեամբ: Եթէ ելեկտրոնը կը վարուի որպէս ալիք, ուրեմն կրնայ ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ անցնիլ երկու բացուածքներէն հաւասար հաւանականութեամբ: Բացուածքներէն մէկուն վրայ զետեղուած է յայտնակ (detector) մը, որմէ ստացուած նշանը որեւէ ձեւով (ընդհանրապէս` թոյն) կը սպաննէ կատուն: Քանի որ երկու  հաւանականութիւնները հաւասար են, ուրեմն կատուն միաժամանակ ե՛ւ ողջ Է ե՛ւ ոչ` ողջ: Կան փորձի այլ տարբերակներ, բայց գաղափարը նոյնն է: Մեկնաբանութիւնը այստեղ չի վերջանար: Այս նիւթին շուրջ կայ շատ ընդարձակ գրականութիւն: Շրոյտինկըր ուզած էր ցոյց տալ իր իսկ ձեւաւորած քանակային բնագիտութեան հականերգիտակցական բնոյթը:

Նոր գիտութեան «հանգանակ»-ը ձեւաւորուեցաւ տարի մը ետք, Նիկիոյ տիեզերականին … ներողութիւն, Սոլվայի համագումարի ընթացքին: Կոստանդին կայսրն էր Նիլզ Պոր, իսկ Արիուսը` Այնշթայն: Հանգանակը կոչուեցաւ «Քոփենհակենի մեկնաբանութիւն» (Copenhagen interpretation), որովհետեւ յաղթանակեց Քոփենհակենի խումբը` Պորի գլխաւորութեամբ: «Աստուած քուէ (նարտի) չի նետեր», կ՛ըսէր Այնշթայն: Ինչպէս վերը տեսանք, Շրէօտինկըր եւս կը դժուարանար ընդունիլ ենթադրեալ հետեւանքները: Նոյնինքն Պոհր ըսած է. «Ոեւէ անձ, որ չէ ցնցուած քանակային տեսութեամբ, զայն չէ հասկցած» (Anyone who is not shocked by quantum theory has not understood it):

Բնագիտութեան օրինաչափութիւններ եւ ներգիտակցութիւն.-

Մեր ներգիտակցութիւնը (intuition) կազմուած է առօրեայ փորձի հիման վրայ: Նիւթոնի (1642-1726) եւ ապա 18-րդ դարուն ձեւաւորուած դասական մեքանիքի հիանալի գեղեցիկ եւ ազդու օրէնքները աւելի քան բաւարար ճշգրտութեամբ կը գործեն մեծ եւ դանդաղ զանգուածներու համար, ինչպէս` մենք: Ճարտարագիտութեան զարգացումին հետ մարդիկ սկսան նկատել երեւոյթներ, որոնք տեղի կ՛ունենան մասնիկներու մակարդակի վրայ: Երեւոյթներէն ոմանք բոլորովին խոտոր են մեր ներգիտակցութեան: Այնշթայնի Մասնաւոր յարաբերականութեան տեսութիւնը (Special Theory of Relativity) ջրեց դասական այն ենթադրութիւնը (assumption), թէ ժամանակը նոյնն է բոլոր դիտորդներու (observer)  համար եւ ամէնուր կ՛ընթանայ նոյն թափով, թէ` ժամանակն ու տարածութիւնը անկախ են իրարմէ:  Այդ եւս մեր ներզգայութենէն դուրս է, որովհետեւ նկատելի կը դառնայ միայն այն ատեն, երբ կը շարժինք աւելի արագ, քան` 100 միլիոն քիլոմեթր/ժամ: Այդ ցարդ կարելի չէ: Մասնիկներ կ՛ապրին կողքի գծանկարի վերին ձախ դաշտին մէջ, իսկ մենք` վարի աջ: Դաշտերէն իւրաքանչիւրը ունի իր օրինաչափութիւնը: Փոքր մասնիկները չունին, օրինակ, աներկբայ տեղադրում եւ թափ (position եւ momentum), ատակ են թեկուզ շատ կարճ պահու մը համար խախտելու դասական բնագիտութեան ամէնէն պատկառելի սկզբունքները, ինչպէս` ուժի պահպանում (conservation of energy), եւ այլն:

Խճճում.- Հականերգիտակցական երեւոյթներու եւ օրէնքներու շարքը երկար է: Քանակական բնագիտութեան բոլոր դրոյթները ներկայացնելու համար անհրաժեշտ է շատ աւելի լայն տեղ եւ թուաբանութեան բաւարար իմացում: Այստեղ պիտի անդրադառնամ միայն մէկուն, որ առնչուած է հեռազգայութեան եւ ծանօթ է որպէս «խճճում» (entanglement):

Կարգ մը մասնիկներ անկայուն (unstable), ուրեմն կարճակեաց են, կը քայքայուին (decay) եւ ծնունդ կու տան երկու «դուստր»-երու: Եթէ մայր մասնիկի պտուտային թափը (spin) զերօ է, ապա պահպանողական օրէնքը (conservation of angular momentum) կը պահանջէ, որ դուստրերը ունենան իրար հաւասար, բայց հակադիր պտուտային թափեր: Պտուտային թափի ուղղութիւնը կարելի է հետեւցնել «զտիչ»¬ով (filter) օժտուած յայտնակներու միջոցով: Այնքան ատեն որ նման չափում չէ կատարուած, երկու մասնիկներն ալ կը վարուին այնպէս, որ Spin-ը ե՛ւ վեր է, ե՛ւ վար` հաւասար հաւանականութեամբ: Երբ, օրինակ, Ա յայտակը որոշէ ձախ մասնիկին թափը, աջ մասնիկը անմիջապէս կը դադրի երկբայական ըլլալէ: Այս հականերգիտակցային է: Ինչպէ՞ս կարելի է, որ չափումի տեղեկութիւնը հասնի զերօ ժամանակի մէջ: Այդ կը հակասէ Այնշթայնի Մասնաւոր յարաբերականութեան դրոյթները: Մեկնաբանութիւնը այն էր, որ երկու մասնիկներու ալիքային կախոխծութիւնները խճճուած են: Իւրաքանչիւրը ամէն պահու «տեղեակ» է, թէ ի՛նչ կը պատահի միւս մասնիկին: Մասնիկները ունին «հեռզգայութիւն»: Այս շատ աւելի ցնցող դրոյթ է, քան` ճոզեֆսընի «թափանցումը»: Այդտեղ անհաղորդ պատուարի հաստութիւնը նուազ քան երեք տասնեակ հիւլէի տրամագիծ է, մինչդեռ խճճումը ցոյց տուող սարքերու տարածքը կը հասնի 20 մեթրի: Եթէ անոնց տրամագիծը սեպենք «մարդահասակ», ապա երկու մասնիկները համեմատաբար իրարմէ աւելի հեռու են, քան` մենք արեգակնային դրութեան ամենահեռաւոր ծայրամասէն (մօտ 4,5 միլիառ քիլոմեթր):

Խճճումի փորձերը առաւել եւս գրգռեցին բնազանցական դրոյթներ ընկալելու տրամադրութիւնները: Թէ` DNA երիզները եւ կը հաղորդակցին, մարդկային ուղեղը կրնայ հաղորդակից ըլլալ տիեզերական ալիքային կախարկութեան, թէ՛ երկու (կամ աւելի) ուղեղներու ալիքային կախարկութիւնը կրնայ խճճուած ըլլալ: Այդ կը նշանակէ հեռազգայութիւն: Այս ուղղութեամբ կայ ճոխ եւ գունագեղ «գրականութիւն»(7): Գիտութեան պատասխանը այն է, որ երբ տուեալ դրութիւնը կը բաղկանայ երկուքէ աւելի մասնիկներէ, անոնց միատեղ կախարկութիւնը, որ կ՛ենթադրէ բազմաթիւ հաւանականութիւններ, շատ արագ «կը փլչի» (collapse): Կը մնայ հաւանականութիւններէն միայն մէկը: DNA զոյգ երիզները կը բաղկանան աւելի քան 200 միլիառ հիւլեներէ, հետեւաբար անոնց երկարակեաց «խճճումը» բացառուած է: Ուղեղի մասնիկներու թիւը աստղաբաշխական է, հետեւաբար…

Հակադիր Կեցուածքներ.- 19-րդ դարուն ձեւաւորուած  նուազապաշտ (reductionist) եւ դրապաշտ (positivist)  մտայնութիւնը ատակ չէր բարդ երեւոյթներ վերլուծելու: Տեսական եւ փորձառական մեծ յաջողութիւնները ծնունդ տուած էին մեծամտութեան: Այդ ի հարկէ հակազդեցութիւն կը յառաջացնէ: Գիտութեան անզօրութիւնը մատնանշող անեկդոտ մը կ՛ըսէ: Մարդուն մէկը փողոցի լամբին տակ իր բանալին կը փնտռէ: Անցորդ մը կը հարցնէ. «Ո՞ւր էիր, երբ ինկաւ»: «Այնտե՛ղ», կը պատասխանէ մարդը` հեռու տեղ մը ցոյց տալով: «Է, ինչո՞ւ այստե՞ղ կը փնտռես», կ՛առարկէ անցորդը: «Որովհետեւ այնտեղ լոյս չկայ», կը բացատրէ մարդը(8): Գիտութեան իբր թէ մոլոր անզօրութիւնը մատնաշելու համար յօրինուած անեկդոտը սրամիտ է, բայց, անարդար, չարամիտ: Պարզ է, որ գոյութենական հարցադրումներու պատասխանները տարրալուծարաններու մէջ բանող սարքերը պիտի չտան: Հարցը այն չէ, թէ ո՞ւր կը փնտռես, այլ` ինչպէ՛ս: Հարկ է լամբ տանիլ այնտեղ, ուր ինկած է «բանալին»:

Նոպելեան մրցանակ ստանալէ կարճ ժամանակ ետք Ճոզեֆսըն այս կամ այն պատճառով յայտարարեց, որ բնագիտութեան ուղղափառ հունը անբաւարար կը նկատէ, եւ որ` ինք որոշած է այսուհետեւ զբաղիլ ուղեղի յարաբնական (paranormal) աշխատանքի ուսումնասիրութեամբ: Ճոզեֆսըն այդ մարզին մէջ անցեալ յիսուն տարիներու ընթացքին ինծի ծանօթ որեւէ իրագործում չէ արձանագրած: Երբեմնի գիտաշխատողը իր այդ կեցուածքով, ցաւօք, բարի վարուց վկայագիր կու տայ «մարիամնուրական» շրջանակներու:

Յաղաղակող հակադրութիւն, բարձրագոյն տիտղոսի արժանացած (professor emeritus) այլ բնագէտ մը` Alan Sokal (1955-) 1996 թուականին ժամանակ տրամադրեց գործնականապէս հրապարակաւ վարկաբեկելու համար բնազանցական ուղղութիւնները: Սոքալ հրապուրիչ վերնագրով, բայց անխառն ձաբռտուքով լեցուն երկար յօդուած մը յանձնեց այդ ուղղութեան «յարգելի» ամսագրերէն մէկուն (Social Text)` «Խորտակելով սահմանները. դէպի քանակային ձգողութեան օրինազանց մեկնաբանութիւն» (Transgressing the Boundaries: Towards a Transformative Hermeneutics of Quantum Gravity): Յօդուածը լոյս տեսաւ 1996-ին` առանց որեւէ հարցադրութեան եւ առարկութեան: Միջադէպը ծանօթ է որպէս «Սոքալի կատակ խաղը» (The  Sokal Hoax): Աւելի ուշ պելճիքացի բնագէտ Ժան Պրիքմոն (Jean Bricmont 1952-) եւ Սոքալ համատեղ հրատարակեցին գիտութեան փիլիսոփայութեան հատոր մը, որ կը կոչուի «Մտաւորական խաբեբայութիւն», կամ` «Նորաձեւական անհեթեթութիւն.- Գիտութեան չարաշահումը յետարդիական մտաւորականներու կողմէ»(9): Ներկայ պայմաններու մէջ մարդիկ տրամադիր են ընկալել, որեւէ  դրոյթ, որ կը սփոփէ հոգին:

Գոյժ զգուշ.- Համացանցը եւ այլ ընկերային ցանցեր մինչեւ պռունկ լեցուն են դատարկաբանութեամբ: Նմուշներ մերթ ընդ մերթ կը յայտնուին հայ մամուլին մէջ եւս: Ծանր վիրաւոր եսը մեզ առաւել խոցելի կը դարձնէ: Ներկայ պայմաններու մէջ մարդիկ պատրաստ են ընկալելու որեւէ դրոյթ, որ զիրենք կը սփոփէ:

Գիտականանման անհեթեթութիւններու արմատախլումը գրեթէ անկարելի է: Այս գոյժն է:

Հարցը այն է, որ կարելի չէ նման նիւթեր ընկալել` առանց մասնագիտական զարգացումի: Բնագիտութեան պարագային նաեւ` առանց բարձր մակարդակի թուաբանութեան: Անձնապէս (մեղմ ըսուած) կը դժուարանամ կարդալ նիւթեր, որոնք իմ նեղ մասնագիտութենէս դուրս են: Այս կը նշանակէ, որ ընթերցողներու ճնշող մեծամասնութիւնը անկարող է դատել բնագիտական (ցաւօք` նաեւ այլ) նիւթերու վաւերականութեան աստիճանը: Կը մնայ լոկ աղբիւրի հաւաստիութիւնը: Եթէ խմբագրութիւն մը կը փափաքի հաւաստի նկատուիլ, ապա հարկ է, ներկայացուած նիւթերուն մօտենայ մեծ զգուշութեամբ: Նիւթը հրապարակել` ձեւով մը կը նշանակէ բարի վարուց վկայագիր տալ անոր:

23 յունուար 2023

* Կամ` Բնագիտանմանակ

 

  1. Փորձը յաջողեցաւ երկու տասնամեակ ետք ականաւոր Պըրքլի համալսարանի մէջ: Այդտեղ գործածած էին He3 զուգաթիւը (isotope) որու յարակցութիւնը (coherence) շատ աւելի տարածուն է քան He4. Շատ աւելի տարածուն էր նաեւ համալսարանի կարողութիւնը բաղդատած քաղաքացիական պատերազմի առաջին տարին բոլորած Պէյրութի: Ինչեւիցէ: Տես «Quantum Oscillations Ring Out Loud and Clear» B.G.Levi, Physics Today 50, 10, 17 (1997)
  2. Ի դէպ հիւլէն Rutherfordի կողմէ 1908-ին մասնատուեցաւ այն շէնքին մէջ ուր ես ուսանած եմ, Schuster Lab, Manchester. Առիթ չեմ կորսնցներ այս կրկնելու:
  3. Photon եզրը կազմուած է յունարէն Phot (լոյս) արմատով եւ electron-ի նմանակութեամբ: Յետագային կազմուեցան նման այլ եզրեր ինչպէս phonon, magnon, soliton, եւն:
  4. Պոր նոյնպէս շրջան մը (1912-1916) աշխատած է Schuster Lab-ի մէջ ուր … տես (2)
  5. Տես կողքի գծանկարը
  6. Այդ անպատեհ ընտրութիւն էր որովհետեւ, ինչպէս վերի պատկերը ցոյց կու տայ, «հոգեղէն» երեւոյթներով հետաքրքրուած անձինք նոյն տառը ընտրած են որպէս խորհրդանշան: [Խմբագրութեան.- psi տառին համար անգլերէն ֆոնթերէն ընտրել ապա կոխել y տառին]
  7. Կու տայ նաեւ մասնիկի բոլոր այլ յատկութիւնները որոնք կարելի է չափել: Քանակային բնագիտութիւնը չափումներու մասին է, այլ ոչ չափումնետր անկախ իրականութեան մը: Այդ իհարկէ առանձին նիւթ է:Տես, օրինակ, Michael Chary Could Quantum Entanglement Explain Telepathic Communication? Gaia 5 հոկտ, 2019 www.gaia.com/article/science-is-getting-close-to-proving-telepathic-communication
  8. Շատ տարիներ առաջ նոյն մտայնութեան մէջ էի նաեւ ես, երբ որոշեցի հետեւիլ բնագիտութեան:
  9. Fashionable Nonsense: Postmodern Intellectuals՛ Abuse of Science (1997)
Նախորդը

«Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակի Տուչութիւն

Յաջորդը

«Մենք Ողջ Ենք Եւ Հոս Ենք»

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առաքինի Գողը

October 16, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առակ «Յետտրամաթիքական» Թատրոնի Շուրջ

October 5, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Պապին Առկախ Գդակը

September 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.