Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղտատի Արաբական Վեհաժողովը Այսօր Սուրիոյ Շուրջ «Իւրայատուկ» Բանաձեւ Մը Պիտի Քննարկէ

March 29, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի Պաղտատի մէջ Արաբական լիկայի այսօրուան վեհաժողովի նախապատրաստութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի աւարտէն առաջ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Սուրիա Արաբական լիկայի ժողովներէն բխող որեւէ նախաձեռնութեան հետ պիտի չգործակցի, ինչ մակարդակի վրայ ալ ըլլան այդ ժողովները»: Ան ըսաւ, որ Արաբական լիկայի իր անդամակցութեան սառեցումէն ի վեր Սուրիա արաբական երկիրներուն հետ միայն երկկողմանի մակարդակի վրայ կը յարաբերի:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի աւարտի հաղորդագրութեան հրապարակումը «կ՛ուշանայ» Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ որդեգրուելիք կեցուածքին շուրջ տարակարծութեանց պատճառով: Ժողովի աւարտին Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի յայտարարեց, որ Սուրիոյ հարցով գոյացած է «իւրայատուկ» բանաձեւ մը, որ պիտի ներկայացուի արաբ ղեկավարներու այսօրուան նիստին: Ան ըսաւ, որ ասիկա առաջին անգամն է, որ արաբական վեհաժողովի մը օրակարգը միայն 9 կէտերէ կը բաղկանայ: Ինչ կը վերաբերի վեհաժողովի մասնակցութեան մակարդակին, Իրաքի դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ անիկա նախկին 9 արաբական վեհաժողովներուն  մասնակցութեան մակարդակներէն նուազ չէ:

Չինաստան երէկ յոյս յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը յարգեն ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի պատրաստած ծրագիրին ծիրին մէջ իրենց «յանձնառութիւնները»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հոնկ Լի աւելցուց, որ «մենք սուրիական կառավարութեան կողմէ յատուկ պատուիրակ Անանի վեց կէտերէ բաղկացած ծրագիրին ընդունման համար ուրախ ենք եւ կը կարծենք, որ ծրագիրը սուրիական տագնապին քաղաքական լուծումի ուղղութեամբ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտնեց, որ Անան յառաջիկայ շաբաթ Թեհրան պիտի այցելէ` Սուրիոյ կացութեան շուրջ քննարկումներ կատարելու համար: Ան հաւանական նկատեց, որ այցելութիւնը տեղի ունենայ երկուշաբթի օր: Ան նշեց, որ սուրիական հարցին շուրջ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ կարգ մը տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին, սակայն Անանի կատարած առաքելութեան շնորհիւ «տարակարծութեանց վիհը կամրջելու կը մօտենանք»:

Նշենք, որ Չինաստան յայտարարեց, որ Պոլսոյ մէջ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովին պիտի չմասնակցի: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւս ժողովին պիտի չմասնակցի: Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէն հրաւիրած է մասնակցելու 1 ապրիլին նախատեսուած այդ ժողովին: Ժիւփէ իր մասնակցութիւնը հաստատած է: Ժողովին մասնակցողներուն շարքին է նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն:

«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով Սուրիոյ կողմէ Անանի ծրագիրը ընդունելու քայլին, յայտարարած է, որ «մեր նախագահը, ես, մեր արտաքին գործոց նախարարը բազմաթիւ անգամներ զրուցած ենք (Ասատի հետ), սակայն որեւէ արդիւնքի չենք հասած: Ասատին չեմ հաւատար եւ չեմ վստահիր»:

Ըստ անոր, Ասատի այս քայլը Պոլսոյ մէջ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովի նախօրեակին «մարտավարական խուսանաւում է»: Ան ռուսական ղեկավարութեան կոչ ուղղած է սուրիական վարչակարգին աջակցելէ հրաժարելու եւ «աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման համար քայլ կատարելու»:

Միւս կողմէ, սուրիական ընդդիմութեան տարբեր խմբաւորումներ ներկայացնող 340 պատուիրակներ երեքշաբթի օր աւարտեցին Պոլսոյ մէջ Քաթարի եւ Թուրքիոյ հրաւէրով գումարուած իրենց ժողովը եւ համաձայնութիւն գոյացուցին սուրիական վարչակարգին դէմ միասնաբար պայքարելու: Երկօրեայ ժողովին սկիզբը ականաւոր այլախոհ Հայսամ Մալեր եւ քիւրտ պատուիրակները հեռացան ժողովէն` յայտնելով, որ իրենց տեսակէտներուն ականջ չի տրուիր: Քիւրտերը ժողովէն հեռացան, որովհետեւ Սուրիոյ ազգային խորհուրդի անդամները մերժեցին յետասատեան Սուրիոյ մը խորհուրդին պատկերացումին մէջ ներառել քրտական իրաւունքներուն ակնարկ մը:

«Ուիքիլիքս» հրապարակած է սեպտեմբեր 2011 թուակիր «Սթրաթֆոր»-ի փաստաթուղթը, ուր իսրայէլեան բանակի նախկին գործակալ եւ հետախուզական «ՆորԱմ» ընկերութեան հիմնադիր Տէյվիտ Վըրճիլ Տաֆինոյու կը յայտնէ. «Այս օրերուն Ասատի հիմնական թշնամին Թուրքիան է եւ Իսլամ եղբայրներուն կողմէ ֆինանսաւորուող անոր կառավարութիւնը: Այդ երկիրը ՕԹԱՆ-ի անդամ ըլլալով յոյս ունի, որ իրեն թոյլ պիտի տան Սուրիոյ հողերուն մէկ մասին վրայ վերահսկողութիւն հաստատել: Սուրիան որոշ ժամանակ առաջ թրքական սահմանին երկայնքով 25 հակահրթիռային մարտկոց տեղադրած է»:

Նախորդը

Պաղըշ Հէյպելիի Դպրեվանքի Հարցը Կը Կապէ Յունաստանի Կողմէ Փոխադարձ Քայլի

Յաջորդը

Յունաստանի Մէջ Արտակարգ Ընտրութիւններու Օրը Յայտնի Պիտի Դառնայ Մինչեւ 11 Ապրիլ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.