Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

October 11, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՀԱՐՄԱՆՏԱՅԵԱՆ

Պատուարժա՛ն խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,

Ահաւասիկ սկսած է ուսումնական տարեշրջանը: Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական այս դժուարին օրերուն ծնողներ, իրենց զաւակներու կրթաթոշակին կողքին, կ՛աշխատին ապահովել նաեւ այլազան ծախսեր:

Թրիփոլի քաղաքին մէջ մենք ունինք Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանը: Արտագաղթի պատճառով նուազած է քաղաքի հայ ընտանիքներուն թիւը, հետեւաբար նաեւ նուազած է հայ աշակերտներուն թիւը, եւ որպէսզի կարելի ըլլայ կանգուն պահել ազգային վարժարանը, տարիներ առաջ տնօրէնութիւնը որոշ չափով սկսաւ ընդունիլ նաեւ այլազգի աշակերտներ: Այդ աշակերտները ընդհանրապէս կ՛ըլլային քաղաքի բարեկեցիկ ընտանիքներու զաւակներ, որոնց ծնողները գոհ կը մնային դպրոցին ջամբած դաստիարակութենէն եւ այդտեղ տիրող մթնոլորտէն, ինչպէս նաեւ` պըրըվէի պետական քննութիւններուն արձանագրուած լիակատար յաջողութենէն: Այլազգի աշակերտներուն թիւը տարուէ տարի կ՛աւելնար, այսպիսով կ՛ապահովուէին վարժարանին ընդհանուր ծախսերը, եւ անիկա կը դառնար ինքնաբաւ:

Այստեղ պէտք է նշել, որ հայ աշակերտները իրենց ուսումը կը ստանան ձրիաբար, Ժիպէյլի հայ աշակերտներուն կողքին, որոնք նոյնպէս Թրիփոլիի ազգային վարժարան կը յաճախեն, անշուշտ երթեւեկը ապահովուած է:

Այս տարի, նկատի ունենալով աշակերտութեան թիւի աճը եւ դասարաններու տարածութեան անբաւարարութիւնը, մտածուեցաւ դասարանները ընդլայնելու մասին: Այս ծրագիրը կը կարօտէր բաւական մեծ ծախսի: Գտնուեցան բարերարներ, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ դպրոցը ամբողջութեամբ նորոգել, դասարաններուն պատերը փլելով` զանոնք իրարու միացնել, նոր նստարաններ ապահովել եւ այլն: Այս բոլորը կարելի եղաւ վարժարանի տնօրէնութեան հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ:

Կը յայտնուին երկու տարբեր երեւոյթներ, մէկը ուրախալի, միւսը տխուր եւ ցաւալի:  Թրիփոլի քաղաքին մէջ իսլամ ընտանիքներ իրենց զաւակները ուրախութեամբ կը ղրկեն «Մատրասէ արմանիէ», իսկ Պէյրութի մէջ հայ ընտանիքներ դժբախտաբար եւ ցաւալիօրէն իրենց զաւակները կը ղրկեն օտար վարժարաններ, ուր չկան` ազգային ոգի, հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ Վարդանանք, չկայ ապրիլ 24 եւ չկայ Արցախ…

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ը Անցեալ 34 Տարիներուն Աւելի Քան 1 Միլիառ Տոլարի Օժանդակութիւն Նուիրաբերած Է Հայրենիքին

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.