Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճիւնիի Մէջ. Զօր. Աուն Բացումը Կատարեց Լիբանանեան Ծովուժի Վարժարանի Նորակառոյց Շէնքին

October 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Ճիւնիի ծովային խարիսխին վրայ բացումը կատարեց լիբանանեան ծովուժի վարժարանի նորակառոյց շէնքին, որուն կառուցումը ամբողջացաւ գերմանական իշխանութիւններուն ֆինանսաւորումով:

Պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Քըրթ Սթիլֆրիտ, Գերմանիոյ զինեալ ուժերու հրամանատար զօր. Քարսթըն Պրէյըր, ՖԻՆԻՒԼ-ի ծովուժի ժամանակաւոր հրամանատար ծովակալ Մայքըլ Միուզ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի սպաներ եւ կարգ մը դեսպանատուներու զինուորական կցորդներ:

Բացման արարողութենէն ետք լիբանանեան ծովուժի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Հայսամ Տաննաուի արտասանեց խօսք մը, որ ներկայացուց ծովուժի վարժարանին եւ ծովուժի իրագործած աշխատանքները:

Իր կարգին, զօր. Աուն արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Գերմանիոյ նախաձեռնութիւնները շարունակական են` լիբանանեան բանակին զօրակցելու եւ անոր կարողութիւնները բարելաւելու, յատկապէս սահմանային հսկողութիւնը ամրապնդելու նպատակով:

Լիբանանեան բանակը այսօր կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ` ներքին իմաստով եւ ամբողջ սահմանի երկայնքին: «Հակառակ տնտեսական տագնապին եւ անոր հետեւանքներուն, լիբանանեան բանակը իր պարտականութիւնները կը կատարէ համոզումով եւ մղումով` ցամաքային, ծովային եւ օդային առումով:

Զօր. Աուն հաստատեց նաեւ, որ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապը լիբանանեան բանակին դիմագրաւած լուրջ մարտահրաւէրներէն կը նկատուի` աւելցնելով, որ հակառակ աշխարհագրական, գումակային եւ սահմանապահներու թիւի  բարդութիւններուն, բանակը առանձինն դէմ կը դնէ սուրիացի տեղահանուածներու հոսքին եւ գաղթականներու ապօրինի Լիբանան մուտք գործելուն, եւ օրական դրութեամբ կ՛ենթարկուի իր դէմ գործուող կասկածելի արշաւներու:

Նշենք, որ զօր. Աուն Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ահմետ Խէյրը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ եգիպտական դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ահմետ Հիւսնի Ալի Ապտել Մաքսուտը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

 

Նախորդը

Արցախի Բռնագրաւում. Պէյրութի Յայտարարութեան Մասնակից Անձնաւորութիւնները

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Եգիպտոսի Եւ Արժանթինի Դեսպանները

RelatedPosts

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը  Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն  Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»

October 5, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2026
Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.