Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ մեկնեցաւ Ապու Տապի, ուր հանդիպում ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ, շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆուատ Շեհապ Տանտանը, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքացիական անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի պըն Համատ Շամիսին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական նախարար Խալիֆէ Շեհին Մարարը:


