Ազրպէյճան կը ճանչնայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ «Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան» լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Մենք կը ճանչնանք անոնց (Հայաստանի, «Ա.») տարածքային ամբողջականութիւնը, մենք այդ մասին յայտարարած ենք, մենք կը ճանչնանք բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը», 20 սեպտեմբերին ազրպէյճանցիներուն ուղղուած իր ուղերձին մէջ ըսած է Ալիեւ:
«Երէկ, այսօր, կրնամ ըսել, Հայաստանը անսպասելիօրէն քաղաքական ունակութիւն ցուցաբերեց, եւ մենք ատիկա կը գնահատենք: Մենք ատիկա կը նկատենք իբրեւ դրական գործօն, եւ ես կը կարծեմ, որ երէկ եւ այսօր տեղի ունեցած իրադարձութիւնները նոյնպէս դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ հոլովոյթին վրայ», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:
«Հեռու չէ այն օրը, երբ Ազրպէյճան եւ Հայաստան պիտի կարգաւորեն իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերը, պիտի ստորագրեն խաղաղութեան պայմանագիր, եւ Հարաւային Կովկասի երկիրները պիտի սկսին եռակողմ ձեւաչափով աշխատիլ ապագայ համագործակցութեան վրայ», վստահեցուցած է Ալիեւ:
«Ազատութիւն» կը յիշեցնէ, որ Երեւան 19 սեպտեմբերին յայտարարեց, որ Արցախի մէջ ընթացող զինուորական գործողութիւններուն պիտի չմիջամտէ:


