Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշարիհ Քաայի Մէջ Զինեալ Բախումներ Եւ Կառավարութեան Վճռորոշ Նիստ

March 28, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ կառավարութիւնը կը գտնուի ելեկտրական տագնապի լուծման առումով առաջարկուած հիմնական երկու ծրագիրներու դէմ յանդիման, Մաշարիհ Քաա շրջան մուտք գործած են սուրիական բանակէն ուժեր, որոնք Քաայի Ժուրա շրջանին մէջ բախումներ ունեցած են Սուրիական ազատ բանակին հետ:

Զինեալ բախումներուն եւ նռնականետերու ու ռումբերու օգտագործման պատճառով վիրաւորուեցաւ լիբանանցի քաղաքացի մը, ինչպէս նաեւ կարգ մը բնակարաններու մէջ արձանագրուեցան նիւթական վնասներ:

Լիբանանեան բանակը անմիջապէս արձագանգեց այդ իրադարձութեան, իր զրահապատներով ուղղուեցաւ դէպի լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջան եւ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեց այդ շրջանին մէջ:

Ապահովական այս միջադէպերուն պատճառով մեծ թիւով քաղաքացիներ լքեցին իրենց բնակարանները եւ հեռացան դէպի այլ շրջաններ` առաջքը առնելու համար նման իրադարձութիւններու:

Նշենք, որ ուշ երեկոյեան լիբանանեան բանակը Մաշարիհ Քաայի մէջ ձերբակալեց 10 զինեալներ, որոնցմէ 6-ը սուրիացիներ եւ 4-ը` լիբանանցիներ, ինչպէս նաեւ գրաւեց զէնքի պահեստանոց մը:

Ինչ կը վերաբերի կառավարութեան նիստին, լուսարձակներէ հեռու մեծ ջանքեր ի գործ դրուած են` հակակշիռի տակ առնելու համար այսօրուան կառավարութեան նիստին ստանալիք բնոյթը` նկատի ունենալով, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցած ծրագիրները կրնան կառավարութեան նիստին մթնոլորտը ելեկտրականացնել:

Պէտք է նշել, որ Պասիլի առաջարկած` ելեկտրական հոսանք արտադրող նաւերուն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի առաջարկած ելեկտրական հոսանք արտադրող շարժակներուն կողքին տակաւին առկայ կը մնայ Թեհրանի առաջարկը, որ առեւտուրէ աւելի օժանդակութիւն մըն է` կատարուած Լիբանանին:

Այս առիթով նշենք, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի ընդգծեց, որ Իրանի առաջարկը կը մնայ ի զօրու եւ անոր գործադրութիւնը կարելի կ՛ըլլայ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացնելիք պահանջէն շաբաթ մը ետք:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստին

Յաջորդը

«Շրջանին Մէջ Զերօ Խնդիրներ Ունենալու Թուրքիոյ Քաղաքականութիւնը Դրսեւորուած Է Զերօ Յարաբերութիւններով» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.